ԵԶՆԻԿԻ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»ԷՆ՝ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Գ -
Ուրեմն կը շարունակենք հատուածներ ներկայացնել Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։ Հատուածներու նիւթն է՝ «չարին ծագում»ը։
«Եւ հիւլէն, տուն համար կ՚ըսեն, թէ անարգասաւոր է եւ անկերպարան, ի՞նչպէս կրնար անարգասաւորն ու անկերպարանը տարբեր արդիւնքներ յառաջ բերել, եթէ չարիքը դիպուածական չէ՛ եւ ո՛չ ալ իրմէ է։ Զի սպանութիւնը գոյացութիւն չէ, ոչ ալ շնութիւնը եւ ոչ իսկ չարիքներէն որ եւ է մէկը, այլ, ինչպէս որ մէկը դպրութենէն կը կոչուի դպիր, վարպետութենէ՝ վարպետ եւ բժշկութենէն՝ բժիշկ, եւ ադոնք-դպրութիւն եւ այլն- ո՛չ թէ գոյացութիւններ, այլ հանգամանքներէն առնուած անուններ են, այսպէս ալ չարիքները պատահարներէն կ՚առնեն իրենց անունները։
«Իսկ եթէ կ՚ենթադրեն ուրիշ մը իբրեւ դրդիչ ու գրգռիչ՝ որ մարդոց մտքին մէջ կ՚արթնցնէ չարիքներ եւ չարիք գործողը իր գործէն կ՚առնէ չարութեան անունը,- պէտք է գիտնալ, սակայն, թէ գործողը նոյն չէ՛ գործուածին հետ. ինչպէս որ բրուտը, երբ անօթներ կը շինէ, ինք չըլլա՛ր անօթ, այլ անօթը շինողն է, որով եւ արուեստին անունը կ՚առնէ. այսպէս ալ չարագործը չարիք գործելուն համար՝ չարութիւն անունը կ՚առնէ, շուն ըլլայ թէ սպաննող։
«Ապա ուրեմն իրաւացիօրէն մարդիկ կ՚ըսուին չարիքներու արարիչներ, զի իրենք են պատճառ չարիք գործելու կամ ո՛չ։ Եւ պէտք չէ որ չարիքներն անուանենք գոյացութիւններ, այլ գոյացութեանց արգասի՛ք։
«Իսկ եթէ շարունակեն յամառիլ, թէ արդարեւ անձեւ եւ անարգասաւոր էր հիւլէն եւ Աստուած բերաւ ձեւի, կերպարանքի եւ արգասիքի, եւ ապա զԱստուած կը դնեն պատճառ չարիքի,- լաւ պիտի ըլլար որ այդ հիւլէն մնար նոյն անհեթեթութեան եւ անարգասաւորութեան մէջ, քան թէ գար արգասիքի եւ կերպարանքի եւ պատճառ դառնար ուրիշներու չարիքին։
«Վասնզի ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ մէկը՝ որ անկերպարան եղած ըլլայ. անկերպարան ըսելն ալ՝ կերպարանքի գոյութիւնը կը յայտնէ։ Իսկ եթէ կար գոյացական եւ որակական բան մը, աւելորդ է արարիչ կոչել զԱստուած։
«Բայց -կ՚ըսեն- այն իրողութեամբ որ անորակն ու անտարազը որակի եւ տարազի վերածեց, արդար է կոչել զայն արարիչ։ Ադիկա նման է այն իրողութեան, որ երբ մէկը քարերէն շէնք մը կարուցանէ, արարիչ կ՚ըլլայ պատշաճեցուցուածին եւ յօրինուածին եւ ո՛չ թէ գոյացութեան։
«Արդ, ի՞նչպիսի բանի մը վերածեց Աստուած անկերպարանը, լա՞ւի թէ յոռիի։ Եթէ ըսեն՝ լա՛ւի, պարտին քննել թէ ո՞ւսկից են տեղի ունեցող չարիքները։ Ուրեմն արգասիքները չմնացին նոյնը՝ ի՛նչ որ էին, այլ դառնալով լաւին՝ միայն լաւ երեւցան։ Իսկ եթէ յոռի բանի մը դարձան, պիտի համարձակի՞ն ըսելու, թէ, չարիքներու պատճառը Աստուած է, քանի որ՝ Ան արգասիքները լաւի դարձուց։
«Բայց կ՚ըսեն, թէ յստակը մէկ կողմ զատեց եւ անկից արարածներն ստեղծեց, իսկ մրրախառնը թողուց։
«Պատասխանենք։
«Եթէ կարող էր զայն յստակել եւ չարիքը մէջտեղէն վերցնել եւ սակայն չուզեց վերցնել,- ապա ուրեմն զայն պէտք է նկատել պատճառ չարիքներու. վասնզի անոր կէսէն բարի արարածներ ստեղծեց, եւ կէսն ալ թողուց այնպէս, որպէսզի ապականէ բարի արարածները։
«Եւ եթէ մէկը ճշմարտութեամբ քննէ իրերը, կը գտնէ որ հիւլէն սաստիկ վտանգի մէջ է ինկած, քան որ չէր իր առաջին անկազմ վիճակին մէջ, վասնզի չարիքի վտանգներէն ընտրելը եւ զգալէ առաջ՝ ապահովութեան եւ անհոգութեան մէջ՝ էր, եւ չարիքի ազդումներն առնելով, տագնապի եւ տարակոյսի մէ՛ջ է։ Եւ եթէ կ՚ուզես՝ օրինակն առ մարդէն իսկ, որ պատկերանալէ եւ կենդանի լինելէ առաջ անմասն է չարիքներէն, եւ երբ չափահաս մարդ կը դառնայ՝ այն ատեն կը հակամիտի չարիքին՝ անձնիշխանբար։ Եւ որովհետեւ կ՚ըսեն թէ Աստուած ստեղծած է հիւլէն, երեւան կու գայ որ բարութենէն յոռութիւն շրջուած կ՚ըլլայ։
«Ապա եթէ Աստուած չկրնալով ջնջել չարիքները՝ թողուց զանոնք այնպէս,- ասով տկարութիւն կը վերագրեն Աստուծոյ, կամ թէ բնութեամբ տկար եղած կ՚ըլլայ կամ վախէն յաղթուած իրմէ աւելի զօրաւորէն։ Եթէ վախնալով իրմէ աւելի զօրաւորէն՝ յաղթուած նկատեն, հարկ է որ չարիքներն ալ սեպեն բռնադատիչներ անոր կամքին։ Եւ ինչո՞ւ, անոնց խօսքին համաձայն, չարիքները չըլլային աստուածներ, երբ անոնք կրնային յաղթել Աստուծոյ։
«Դարձեալ հարցնենք հիւլէի մասին։
«Հիւլէն պա՞րզ բան մըն է, թէ բաղադրեալ։
«Զի իրերու զանազան յօրինուածքը այսպիսի քննութեան կ՚առաջնորդեն մեզ։ Վասնզի եթէ հիւլէն պարզ տարր մըն է, եւ միակերպ, եւ աշխարհը ստեղծուած է յօդուածներէ եւ զանազան գոյացութիւններէ եւ խառնուրդներէ, անհնար է ըսել թէ ան -աշխարհը- հիւլէէն եղած ըլլայ։ Վասնզի կարելի չէ, որ բաղադրեալ բան մը միայն մէկ պարզ տարրէ գոյացած ըլլայ։
«Բաղադրեալները (շատ մը) պարզ տարրերէ կը բաղկանան։
«Արդ, թողլով խնդիրը հիւլէին՝ զոր ամէն բանի նիւթը կը նկատեն, գանք չարիքներու խնդրին՝ զորս անկից յառաջացած կը կարծեն։ Երբ յայտնի կ՚ըլլայ թէ չարիքները գոյացական չեն, ասկից կը հետեւի որ հիւլէն երբեք չկար եւ ոչ ալ բնութիւն մ՚էր գոյացական։
«Հիմակ հարցնենք մարդոց իսկ վերաբերեալ չարիքներու մասին, այդ չարիքները գոյացութեանց արգասի՞ք են, թէ գոյացութիւններ։
«Ինչ շարժումներ եւ յուզումներ որ կան մարմնին եւ հոգւոյն մէջ, կարելի չէ ըսել, թէ ադոնք մարդ եղած ըլլան, այլ կամական շարժումներ են. զի մարդը գոյութիւն է, իսկ բարքերը՝ ո՛չ, այսպէս, սպանութիւն ու շնութիւնը բարքերու արդիւնք են։ Արդ. եթէ այն արարածները գոյացական եղած ըլլան, հարկ է գոյացական արարած կարծել նաեւ այն պատճառը՝ զոր անոնք ցոյց կու տան։ Զի այն, որուն մէկ մասը արարած է, յայտնի է թէ այնպիսին իր ամբողջութեամբ արարած է. իսկ այն, որուն մէկ մասը արարած չէ, այնպիսին բնաւ երբեք արարած չէ։ Ապա ուրեմն, երբ Աստուած տակաւին ստեղծած չէր մարդը, բնաւ ամենեւին չկար արարիչ մը՝ որմէ չարիքները գոյանային։
«Եւ որովհետեւ չարիքներու մէկ մասին արարիչ կը նկատուի մարդը, կը հետեւի որ բովանդակ չարիքներու արարիչը Աստուած է. իսկ երբեք կարելի չէ՛ ըսել, թէ Աստուած չարիքի պատճառ եղած ըլլալ, այլ կ՚ըլլայ այն՝ որ իր կամքով չար գործեր կը կատարէ, եւ իրաւացիօրէն չարութեան անունը կը տրուի անոր՝ որ չար կը գործէ, ինչպէս ըսինք ասկից առաջ։
«Արդ, կ՚ըսեն թէ Աստուած բարի՞ է եւ բարերա՞ր։ Հարկաւ պիտի ըսեն բարի՛ եւ բարերա՛ր, եւ անոր որեւէ չարիք չի՛ մօտենար։ Մենք չարիքները ո՛չ թէ գոյացական այլ կամածին կը համարերք. զոր օրինակ, շինողին միտքն է որ կը գործէ չարը։ Ինչպէս, երկաթը կը գործածուի մերթ բարի եւ մերթ չար բաներու համար։ Եթէ շինէ խոփ, գերանդի եւ մանգաղ. երկաթը բարի բաներու համար գործածուած եղաւ. իսկ եթէ սուր, գեղարդ ու սլաք, եւ ուրիշ որ եւ է զէնք՝ որ վնասակար է մարդոց,- չարագործութիւն ըրած կ՚ըլլայ։
«Եւ չարութեան պատճառը շինո՛ղն է, եւ ո՛չ թէ երկաթը…»։
Բոլոր այս խորհրդածութիւններէն վերջ, հարցում մը ունիմ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին. բարի բնաւորութիւնը չար, եւ չար բնաւորութիւնը կարելի՞ է որ բարի ըլլայ։
Եւ, շիտակը պէտք է ըսել, որ չկրցի վճռական լուծումի մը հասնիլ այս մասին. չարը միշտ «չա՛ր» է, բարին ալ՝ միշտ «բարի՛», ըսել կարելի՞ է…։
Ուստի կարդալու չափ խորհրդածե՛լն ալ կարեւոր է, եւ նոյնիսկ աւելի օգտակար ու արդիւնաբեր…։
-Ծանօթագրութիւններ-
«Անարգասաւոր» = անբարեբեր, անարդիւնաւոր։
«Բրուտ» = կաւէ ամաններ շինող։
«Անօթ» = աման, ընտիր պնակ։
«Անհեթեթ» = իմաստազուրկ, անտրամաբան, հակասական։
«Հիւլէ» = անբաղադիր առաջին տարր, ադոմ, կորիզ։
«Բաղադրեալ» = բարդ, շատ մասերէ կազմուած։
«Բարք» = խառնուածք, ապրելակերպ, սովորոյթ, կենցաղ։
«Գոյացական» = ան որ ինքն իրեն գոյութիւն ունի։
«Խոփ» = ակօս բացող սրածայր երկաթ (արօրի)։
«Ակօս» = խոփի բացած գիծը արտին մէջ. հերկուած ածու, մաս մաս մշակուած հող, հողաշերտ։
«Արօր» = հողը հերկելու գործիք։
«Գերանդի» = հնձելու գործիք, մեծ մանգաղ։
«Մանգաղ» = հնձելու գործիք, մեծ գերանդի։
«Սուր» = թուր, սուսեր։
«Գեղարդ» = նիզակ, տէգ, մկունդ։
«Սլաք» = նետ, ծայր, խայթոց։
«Բարի» = լաւ, աղէկ, ազնիւ, օգտակար։
«Չար» = գէշ, վատ, վնասակար։
- Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն հատուածներ ներկայացուցինք Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի աշխարհաբար թարգմանութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 12, 2016, Իսթանպուլ