ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹԱՏՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Վեր­ջերս Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած թատ­րոն:

Ա­րուես­տի այս կեդ­րո­նը, որ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ա­ռա­ջինն է եւ Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ՝ երկ­րոր­դը, պի­տի նե­րա­ռէ տիկ­նի­կա­յին ու խա­մա­ճիկ­նե­րու թատ­րոն:

Նա­խա­գի­ծի հա­մա­հե­ղի­նակ Ար­մի­նա Լա Ման­նան նշեց, որ մէկ տա­րի ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ մօ­տե­ցած է աշ­խա­տան­քին: Ան նկա­տել տուաւ, որ ա­րուես­տի ներ­կա­յու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է մար­դու կեան­քէն ներս՝ մա­նուկ հա­սա­կէն սկսեալ, ա­ւելց­նե­լով, որ  թատ­րո­նը եւ զայն ներ­կա­յա­ցող­նե­րը՝ բե­մադ­րի­չը, դե­րա­սան­նե­րը շատ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն կրնան ու­նե­նալ մա­նու­կին աշ­խար­հա­հա­յեաց­քի կերտ­ման վրայ, եւ հարկ է բծախն­դիր մօ­տե­ցում ու­նե­նալ այս հար­ցին:

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016