ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս կը կարեւորուի Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րու առաքելութիւնը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կողմէ այս կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի կող­մէ կազ­մուած Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րու յանձ­նա­խում­բը՝ ա­տե­նա­պե­տու­թեմբ Տքթ. Էլ­լի Անդ­րէա­սեա­նի, լծուած է իր ազ­գա­նուէր եւ կրթա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան: Տքթ. Անդ­րէա­սեան ծրագ­րուած կեր­պով կ­­՚այ­ցե­լէ տար­բեր ծու­խե­րու Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­ներ, հան­դի­պում կ­­՚ու­նե­նայ ու­սա­նող­նե­րուն հետ եւ հա­մա­պա­տաս­խան ուղ­ղու­թիւ­նը կու տայ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն:

Ու­րա­խու­թեան եւ հպա­տու­թեան պա­հեր ապ­րե­ցան հայ հա­մայնք­նե­րը ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ, ուր ծնող­ներ, հիւ­րեր եւ ու­սու­ցիչ­ներ հա­մախմ­բուած էին ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լու ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի խան­դա­վառ եւ հայ­րե­նա­շունչ ե­լոյթ­նե­րուն: Բախ­տա­ւոր ենք, որ ա­նոնք սա­ներն են Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի տաս­նեօթ Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րու, ուր սփիւռ­քա­հայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն կը փո­խան­ցուին մեր լե­զուն, մշա­կոյթն ու կրօ­նը, մեր ազ­գա­պահ­պան­ման նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ յա­րա­տեւ պա­հե­լու հա­մար հայ ինք­նու­թեան ջա­հը: Կ­­՚ու­զենք յայտ­նել, թէ կայ այս­պի­սի ի­մաս­տու­թիւն. «Լե­զու եւ մշա­կոյթ ստեղ­ծե­լը մեծ գործ է, իսկ զայն սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լը՝ մե­ծա­գոր­ծու­թիւ­ն»: Այս մե­ծա­գոր­ծու­թեան ձեռ­նար­կած է Շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցա­կան ցան­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը՝ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ:

Ու­սուց­չա­կան կազ­մը, որ պատ­րաս­տուած է մեծ նուի­րու­մով, հայ պա­տա­նի­նե­րուն կը փո­խան­ցէ մեր մայ­րե­նի լե­զուն եւ մեր հա­զա­րա­մեայ մշա­կոյ­թի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով դա­սա­ւան­դու­թեան ար­դիա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ հայ ման­կա­վար­ժու­թեան ա­ւան­դա­կան մե­թոտ­նե­րը:

Ծրագ­րի աղ­բիւր­ներն են հա­յոց լե­զուի ու գրա­կա­նու­թեան տե­ղա­կան եւ հայ­րե­նա­կան դա­սա­գիր­քեր, հա­յոց պատ­մու­թեան, հայ մշա­կոյ­թի, հայ­րե­նա­գի­տու­թեան եւ ար­դիա­կան հար­ցե­րու շուրջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող նիւ­թեր, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, յօ­դուած­ներ, զա­նա­զան լսա­տե­սո­ղա­կան եւ կայ­քէ­ջա­յին նիւ­թեր:

Վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած են Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման տա­րե­կան աշ­խա­տա­նիս­տեր՝ հե­տե­ւեալ նիւ­թե­րու շուրջ՝ դա­սի ծրագ­րու­մը, ա­շա­կեր­տի բազ­մա­թիւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րը եւ սոր­վե­լու ո­ճը ըստ Gardner-ի եւ Bloom-ի, պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի դա­սա­ւան­դու­թեան դե­րը հայ ինք­նու­թեան ամ­րապնդ­ման մէջ, ու­ղե­ղի դե­րը լե­զուի ու­սուց­ման մէջ, լե­զուի դա­սա­ւան­դու­թեան ուղ­ղա­կի մե­թո­տը, եւ այլն:

Շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ւել յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Կեդ­րո­նա­կան խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու նշա­նա­կեց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նը, որ մօ­տէն կը հե­տե­ւի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն եւ անհ­րա­ժեշտ ուղ­ղու­թիւ­նը կու տայ:

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016