ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը այս օ­րե­րուն հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Սու­րիոյ կարգ մը հա­յա­շատ շրջան­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Սու­րիա­յէ ներս ծա­գած ներ­քին պա­տե­րազ­մը չա­փա­զանց ծանր կա­ցու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է այդ երկ­րի հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս կ՚այ­ցե­լէ Լա­թա­քիա, Քե­սապ եւ Թար­թուս բնա­կա­վայ­րե­րը։

Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Լա­թա­քիոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս իր պատ­գա­մը կը յղէ սու­րիա­հա­յու­թեան։

Լա­թա­քիա Սու­րիոյ մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րու շար­քին հին­գե­րորդն է։ Ան ծա­նօթ է նաեւ իր մե­ծա­թիւ հայ­կա­կան հա­մայն­քով։ Քե­սա­պի եւ Թար­թու­սի մէջ ալ կան հայ­կա­կան հա­մայնք­ներ, ո­րոնք թէեւ մե­ծա­պէս տու­ժած են Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն, սա­կայն պահ­պա­նած են ի­րենց մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներն ու հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը հան­դի­սա­ցած է Լա­թա­քիան։ Թէ՛ տեղ­ւոյն Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ յա­րա­կից «Ա­րա­րատ» սրա­հին մէջ ան տե­ղա­ցի հա­յե­րուն փո­խան­ցած է իր օրհ­նու­թիւ­նը։ «Սու­րիա­հայ գա­ղու­թը կա­պուած է իր երկ­րին։ Ան պի­տի մնայ, պի­տի գո­յա­տե­ւէ ու պի­տի բար­գա­ւա­ճի», ը­սաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս։

Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լի դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Լա­թա­քիոյ նա­հան­գա­պե­տը, որ ա­նոր բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լու ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ հա­յե­րը յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րու վրայ կը գտնուին Սու­րիան պաշտ­պա­նե­լու գոր­ծին մէջ, տա­լով բազ­մա­թիւ զո­հեր։

Լա­թա­քիոյ մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս պա­նա­կէ մը նուի­րեց Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեա­նին։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն կը շա­րու­նա­կուի ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016