ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Վրաստանի կառավարութենէն հրաժարեցան երկու նախարարներ, որոնք իրենց պաշտօնները պիտի թողուն Օգոստոսի 1-ի դրութեամբ։ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի հաստատեց Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի եւ Քաղաքացիական իրաւահաւասարութեան գծով պետական նախարար Փաաթա Զաքարէիշվիլիի հրաժարականները։
Այս երկու նախարարութիւններուն պաշտօնաթողութիւնը անհրաժեշտ դարձած էր «Վրացական երազանք» համախոհութեան պառակտումէն վերջ։ Խիտաշելի եւ Զաքարէիշվիլի կը պատկանին Հանրապետական կուսակցութեան, որ վերջերս դուրս եկած է «Վրացական երազանք»էն։
Յառաջիկայ Հոկտեմբերի 8-ին Վրաստանի մէջ նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց ընդառաջ շուտով արդէն պիտի սկսի քարոզարշաւ մը։