ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՏԵՂԱՏԱՐԱՓԸ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՅԱՐԱԲԵՐԱԲԱՐ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՈՒՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասէն ներս ոստիկանատան մը բռնագրաւումով պայմանաւորուած դէպքերու շարանը կը շարունակուի ամբողջ սաստկութեամբ։ Այս ժամանակաշրջանին, դժբախտաբար, լարուածութիւնը դարձած է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի գլխաւոր ստորոգելին։ Ափսոս, որ երէկ ալ առկայ ձգտեալ վիճակը յաղթահարելու ուղղութեամբ յուսադրիչ զարգացումներ չապրուեցան։ Բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոնէն ներս «Սասնայ ծռեր»ը կը շարունակեն պատանդ պահել շտապ օգնութեան այն երեք մասնագէտները, որոնք նախընթաց օր ծագած բախումէն վերջ հասած էին դէպքի վայր։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ շտապ օգնութեան աշխատակիցներուն մատակարարուած է անհրաժեշտ սնունդը։
«Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներէն Փաւել Մանուկեան եւ Արամ Մանուկեան երէկուան իրադարձութիւններու առանցքային դերակատարներու շարքին էին։ Արամ Մանուկեան արդէն ձերբակալուած է եւ ուղարկուած՝ դատապարտեալներու հիւանդանոց։ Իսկ Փաւել Մանուկեան երէկուան դրութեամբ արդէն ազատուած է արհեստական շնչառութեան սարքէն։ Թէեւ իր դարմանման առումով այս տուեալը դրական էր, սակայն Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաւել Մանուկեան կը մերժէ դարմանումին շրջագծով իրեն մատակարարուած դեղօրայքը եւ յայտարարած է հացադուլ։ Ան տակաւին կը մնայ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ։ Հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ ձերբակալեալներէն մին ալ «Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբաւորման անդամներէն Ալեք Ենիգոմշեանն է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է նախընթաց օրուան ընդդիմութեան հանրահաւաքին ժամանակ ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։ Ալեք Ենիգոմշեան աչազուրկ է, հետեւաբար կալանավայրի խուցին մէջ զետեղուած է սեղան մը, իրեն տրուած են ձայնային յատուկ ժամացոյցը եւ ռատիօսարք մը։ Կը հաղորդուի, որ հարցաքննութիւններու ընթացքին ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ մասնագէտ մը, որ կը տիրապետէ կոյրերու այբուբենին։
Երէկ, օրուան տեւողութեան լարուածութիւնը շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ երեկոյեան քաղաքի կեդրոնին արդէն նոր ցոյց մը ու երթ մը կը պատրաստուէր։ Մինչ այդ վրայ հասաւ տեղատարափը, որու շնորհիւ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ յարաբերական հանդարտութիւն մը հաստատուեցաւ։ Ցուցարարները ցրուեցան անձրեւին հետեւանքով, այսօր վերստին համախմբուելու մտադրութեամբ։
Միւս կողմէ, Երեւանի այս լարուած իրադրութեան կապակցութեամբ երէկ արձագանգ մըն ալ հասաւ Ստեփանակերտէն։ Արցախի Ազատամարտիկներու միութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ զինեալ խումբի գործունէութեան շուրջ։ «Տկարացնելով Հայաստանը՝ կը վտանգէք նաեւ Արցախի ապագան», նշուեցաւ այդ յայտարարութեան մէջ։ Արցախի Ազատամարտիկներու միութիւնը դիտել տուաւ, որ դատելով ստեղծուած ծանր իրավիճակէն՝ յայտնի կը դառնայ, որ զինեալ խումբը սխալած է։ Սխալած է, որովհետեւ այդ ճանապարհով կը հիւծին ազգն ու հայրենիքը, ու չեն առաջնորդուիր հզօրացման։ «Գիտակցեցէք, որ պառակտիչ գործողութիւններով դուք կը տկարացնէք առանց այդ ալ դժուար ժամանակներ ապրող Հայաստանը… Իսկ տկարացնելով Հայաստանը՝ կը վտանգէք նաեւ Արցախի ապագան», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։