ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ՄԱՐՄՆԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ (BODYPAINTING)
Տեսողական արուեստի բնագաւառին մէջ՝ գեղանկարչութիւնը հինէն ի վեր մեծապէս գնահատուած եւ փնտռուած մարզ մը եղած է։ Աւանդական ըմբռնումով, գեղանկարչութիւնը կ՚ըլլայ կտաւի վրայ՝ իւղաներկով կամ ջրաներկով։
Վերջերս, վէտքը (tattoo) սկսաւ համաճարակի նման տարածուիլ աշխարհով մէկ։ Կտածումը (tattooing)՝ որ կը նշանակէ մորթի վրայ նկարնել դրոշմել, դարձաւ վերջին նորոյթը երիտասարդներու մօտ։
Մեր այսօրուայ նիւթը սակայն կտածումէ աւելի մարմնանկարչութինն է, որ կը ներառէ ամբողջ մարմինը: Արդարեւ, Աւստը-րիոյ Poertschach on lake Woert-hersee քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի տարեկան մարմնանկարչութեան եռօրեայ փառատօնը՝ Յուլիս 1-էն սկսեալ։
Վերոյիշեալ փառատօնին մասնակցեցան յիսուն երկիրներէ ժամանած արուեստագէտներ եւ երեսուն հազար հանդիսատեսներ։ Հետեւեալ նկարը ցոյց կու տայ երկու արուետագէտներ՝ աշխատանքի պահուն։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ փառատօնի մուտքի գին սահմանուած էր 34 եուրօ՝ մէկ օրուայ համար, իսկ 69 եուրօ՝ երեք օրուան համար։ Ինծի համար մութ մնաց սակայն, թէ մարմնանկարչութեան ենթական որքան պէտք է վճարէր արուեստագէտներուն, անոնց տարած նուրբ աշխատանքին համար…
Շատ լաւ գիտենք, որ արուեստագէտները պէտք է քայլ պահեն ժամանակին հետ, սակայն կերպասը փոխարինել մարդկային մարմինով՝ քիչ մը չափազանցութիւն է, չէ՞ք խորհիր։ Չմոռնանք, որ մարմնանկարչութիւնը մնայուն արուեստ մը չէ՝ այն իմաստով որ երբ լոգնաս, կ՚անհետի։ Ուրեմն ինչ արժէք կրնայ ներկայացնել ան։
ՏԱՊԱՆ՝ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ (ARK IN THE PARK)
Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգի Ուիլեմսթաուն քաղաքի մէկ զբօսայգիին մէջ Յուլիս 7-ին բացումը կատար-ւեցաւ Նոյեան Տապանի կրկնօրինակի մը, որուն շինարարութիւնը տեւած է վեց տարի եւ արժած՝ 100 միլիոն տոլար։ Այս գումարին 62 միլիոնը գոյացած է շահագործողներէ (investors) եւ 38 միլիոնը՝ նուիրատուութիւններէ։
Վերոյիշեալ տապանի շինութեան գաղափարը յղացած է մի ոմն Քէն Հէմ, որու նպատակը եղած է ծանօթացնել Աստուածաշունչը ժողովուրդին եւ յառաջ մղել «ստեղծագործութեան» թեման, քանի Նոյեան Տապանը յիշատակուած է Ծննդոց Գիրքին մէջ։ Քէն Հէմ հիմնադիրն է Ark Encounter ընկերութեան, որ շահագործութեան դրած է այդ տապանը։
Սա փայտէ շինուած աշխարհի մեծագոյն կառոյցն է, որ կը բաղկանայ երեք յարկերէ։ Անոր երկարութիւնն է 155 մեթր, լայնքը 26 մեթր եւ բարձրութիւնը 16 մեթր։ Հոն ցուցադրուած կենդանիները թէեւ իրական չեն, սակայն յար եւ նման են իրականին:
Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ որ նոյն զբօսայգիին մէջ պիտի կառուցուի ինն հարիւր աթոռէ բաղկացած հանդիսասրահ մը եւ հազար հինգ հարիւր հոգինոց ճաշարան մը։ Կ՚ըսուի որ այս բոլորը երբ գործածութեան դրուի, գործ պիտի հայթայթէ քսան հազար մարդկանց եւ պիտի ստեղծէ 4 միլիոն եկամուտ՝ զբօսաշրջիկներէ գոյացած։
Այս բոլոր դրական երեւոյթները նկատի ունենալով հանդերձ՝ կան դժգոհ անձեր, որոնք կը բողոքեն Սուրբ Գիրքի ուսուցման, հանրային զբօսայգիի մը մէջ։ Անոնք կը պնդեն, թէ սահմանադրական կարեւոր օրինագիծ մը՝ պետութեան եւ կրօնքի անջատման (separation of state and religion) առընչութեամբ, կ՚անտես-ւի այսպէսով ու այս կրնայ վտանգաւոր նախընթաց մը ստեղծել…
Նոյն բողոքողները կը պնդեն թէ պետութիւնը պէտք չէ ստեղծէր տուրքէ զերծ դրութիւն՝ այս կրօնական նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ ան կը խախտէ սահմանադրութեան վերոյիշեալ յօդուածը։
Հոս տեղին է շեշտել, թէ ինչ ալ ընես՝ եւ թէ այդ գործը որքանով ալ օգտակար ըլլայ հանրութեան, միշտ դժգոհներ պիտի գտնուին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ