ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԻՒՆ

Կի­րա­կի, 17 Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան «Սաս­նայ ծռեր» ա­նու­նով հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցող խումբ մը զի­նեալ­ներ մուտք կը գոր­ծէին Ե­րե­ւա­նի Է­րե­բու­նի շրջա­նի Պա­հա­կա­պա­րե­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի (ՊՊԾ) տա­րածք եւ գե­րու­թեան տակ կ՚առ­նէին այն­տեղ գտնուող ոս­տի­կան­նե­րը: Զի­նեալ­նե­րը յա­ռաջ կը քշէին քա­նի մը պա­հանջ­նե­ր, ո­րոնց հիմ­նա­կա­ններն էին՝ պէյ­րու­թա­հայ գոր­ծիչ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի («Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւոր­ման ա­ռաջ­նորդ) եւ այլ բան­տար­կեալ­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կումն ու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը: Օ­րեր անց զի­նեալ­նե­րը ա­զատ կ՚ար­ձա­կէին, ոս­տի­կան­նե­րը, սա­կայն կը մեր­ժէին յանձ­նել ի­րենց զէն­քե­րը: Սկիզբ կ­­՚առ­նէր ա­նար­դիւն ըն­թաց­քով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու փուլ մը, ո­րուն լրու­մով Է­րե­բու­նիի հա­րե­ւա­նու­թեամբ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցը կը դառ­նար մշտա­կան հար­թակ մը՝ այդ զի­նեալ­նե­րուն քայ­լը ճիշդ հա­մա­րող քա­ղա­քա­կան շեր­տի եւ ա­նոնց հե­տե­ւորդ բազ­մու­թեան մը հա­մար: Ընդ­դի­մու­թեան ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցած գոր­ծիչ­ներ հեր­թա­բար հան­դէս կու գա­յին ամ­պա­գոր­գոռ ե­լոյթ­նե­րով եւ ի­րա­վի­ճա­կը մե­ղամ­ցու­մի փո­խա­րէն կ՚եր­թար յա­ւե­լեալ լա­րու­մի։ Ի տես այս բո­լո­րին, Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը ձեռ­նար­կէր յա­ւե­լեալ քայ­լե­րու եւ կը կա­տա­րուէին մե­ծա­ծա­ւալ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ: Ի­րա­վի­ճա­կը այս պա­հուն ալ նոյն­պէս լա­րուած է: Զի­նեալ­նե­րը կը մնան ան­զի­ջող, իսկ ընդ­դի­մու­թեան հան­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի մե­ծա­ծա­ւալ բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րուն մասն­կա­ցիլ տա­լու պա­հանջ­նե­րը կը թուին ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով ու յատ­կա­պէս Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բեր­նով ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով կը հա­ւա­տան, որ խնդի­րը ան­պայ­ման պէտք է հան­գու­ցա­լու­ծում ու­նե­նայ խա­ղաղ ճա­նա­պարհ­նե­րով, նաեւ կը շա­րու­նա­կեն կոչ ուղ­ղել զի­նեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­րա­գօ­րէն վար դնեն ի­րենց զէն­քե­րը եւ յանձ­նուին ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը խոս­տա­նան, որ զի­նեալ­նե­րուն այդ ա­ռանց­քա­յին քայ­լը պի­տի ըն­դու­նուի դրա­կան եւ գործ­նա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րով: Իար­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թիւ­նը եւ յա­ւե­լեալ սրա­ցու­մը կա­խում ու­նի փո­ղո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք զար­գա­ցում­նե­րէն, ո­րոնց դի­մաց Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը վստա­հօ­րէն հան­դէս պի­տի գան հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րով:

Է­րե­բու­նիի մէջ ծնունդ ա­ռած եւ այդ կէ­տէն սկսեալ ծա­ւա­լած զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցանք հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու ծա­նօթ դէմ­քե­րէն Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի հետ։ Գրող եւ հրա­պա­րա­կա­գիր Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ստանձ­նած է դի­ւա­նա­կա­լա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Այ­սինքն, ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր ան­ցած քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւած է Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին կամ ներ­քին քա­ղա­քա­կան բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ պատ­րաս­տած է նաեւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ։ Քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն ներս ան ու­նի լուրջ փոր­ձա­ռու­թիւն, որ կ՚ար­ժե­ւո­րուի մա­նա­ւանդ իր ա­նա­չա­ռու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, մեր զրու­ցա­կի­ցը գտնուած է թէ՛ իշ­խա­նա­կան եւ թէ՛ ընդ­դի­մա­կան ճամ­բար­նե­րուն մէջ, սա­կայն ա­մէն տե­սակ պատ­կա­նե­լիու­թե­նէ ան­դին՝ միշտ յա­ջո­ղած է մնալ որ­պէս գա­ղա­փա­րի մարդ։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի հետ մեր հար­ցազ­րոյ­ցը։

-Հա­յու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թեան գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը մին­չեւ անց­նող Կի­րա­կի (17 Յու­լիս) օր կը շա­րու­նա­կէր մնալ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­ի­րը, վեր­ջին խմո­րում­նե­րով հան­դերձ: Իսկ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն ետք «Սաս­նայ ծռեր» խում­բի ա­րար­քով ամ­բողջ օ­րա­կար­գը կը տե­ղա­փո­խուէր Է­րե­բու­նիի ՊՊԾ տա­րած­քը: Ի՞նչ է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը խոր­քին մէջ:

-Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ օ­րա­կարգ չէ փո­խուած եւ առ­հա­սա­րակ՝ 1988 թուա­կա­նէն սկսեալ, Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը նոյնն է։ Կազ­մուած է ա­ռան­ձին բա­ռե­րէ. «յաղ­թա­նակ», «պար­տու­թիւն», «զի­ջում-փոխ­զի­ջում», «ան­զի­ջում» եւ այլն։ Կը խօ­սուի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մա­սին, բայց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը օ­րա­կար­գի վրայ չէ։ Կը խօ­սուի ա­ռա­ջըն­թա­ցի ու բա­րե­կե­ցու­թեան մա­սին, ա­նոնք ալ օ­րա­կար­գի մէջ չկան։ Կը խօ­սուի հա­ւա­սա­րու­թեան, այ­լընտ­րան­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին. ա­մէն ինչ կը խամ­րի Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի ստուե­րին տակ։ Այս­պէս է նաեւ զի­նեալ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Տե­սէ՛ք, ա­նոնց պա­հանջ­նե­րուն մէջ (Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի եւ միւս քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ա­զա­տում, Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կան) ոչ մէկ խօսք կայ Ղա­րա­բա­ղի մա­սին, բայց հիմ­քը Ղա­րա­բաղն է եւ միայն Ղա­րա­բա­ղը։ Կարճ ը­սեմ՝ ե­թէ չըլ­լար ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը, ամ­րան այս տա­պին նման ի­րա­վի­ճակ չէինք ու­նե­նար։ Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը խթա­նիչ էր։

-Բա­ցի ան­կէ, որ ոս­տի­կան­նե­րու պա­տան­դառ­ման խնդի­րը կար ու կար նաեւ զի­նեալ տղոց անվ­տան­գու­թեան ու հար­ցե­րը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու հար­ցը, ե­րե­ւե­լի էր նաեւ, որ այս բո­լո­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց մը: Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք քա­ղա­քա­կան հար­թա­կին վրայ ար­ձա­նագ­րուող խմո­րում­նե­րը:

-Ես քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց չեմ տես­ներ, կան ինք­նա­հաս­տատ­ման ջղա­ձիգ փոր­ձեր։ Քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը սո­վո­րա­բար կը խարս­խուին քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փար­նե­րու եւ դա­ւա­նան­քի վրայ։ Իսկ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցի վրայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող­նե­րը պար­զա­պէս կ­­՚օգ­տա­գոր­ծեն զի­նեալ խում­բի նե­րու­ժը եւ ա­նոր հրա­ւէ­րով հա­ւա­քուած ժո­ղո­վուր­դը։ Զի­նեալ­նե­րը ի­րենք ալ այդ­պէս կը գնա­հա­տեն շատ մը քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու վար­քա­գի­ծը, բայց նաեւ չու­նին ի­րենց ը­րա­ծին քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն հա­ղոր­դե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն։

-Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը իր գնա­հա­տա­կան­նե­րը տուաւ ե­ղած դէպ­քե­րուն շուրջ։ Ան ը­սաւ, որ կը վստա­հի Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ող­ջա­խո­հու­թեան: Ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք ա­նոր խօս­քը եւ ի՞նչ պի­տի ը­սէիք «Սաս­նայ ծռեր» տղոց մա­սին, մա­նա­ւանդ, որ մօ­տէն ճանչ­ցած էք Փաւ­լիկ Մա­նու­կեա­նը:

-Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նը ան­ձամբ չեմ ճա­նաչ­նար, մօտ շփում­ներ չեմ ու­նե­ցած։ Ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը կ­­՚ը­սէ՝ կը վստա­հիմ։ Խում­բէն կը ճանչ­նամ միայն Փաւ­լիկ Մա­նու­կեա­նը։ Փաւ­լի­կը ա­հա­բե­կիչ չէ, մար­դաս­պան չէ՝ ա­ռա­ւել եւս։ Ա­նոնց­մէ լսած եմ ատր­պէյ­ճան­ցի գե­րի­նե­րու հետ վա­րուե­լու պատ­մու­թիւն­ներ, ո­րոնք վե­հանձ­նու­թեան եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան բա­ցա­ռիկ նմոյշ­ներ են։ Այս ա­ռու­մով ա­նոր ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կաս­կա­ծի տակ չեմ կրնար առ­նել։ Վստահ եմ՝ միւս­ներն ալ այդ­պէս են։ Այլ հարց է քա­ղա­քա­կան ող­ջմ­­տու­թիւ­նը։ Նման հզօր, տպա­ւո­րիչ գոր­ծո­ղու­թեան եր­թալ՝ հա­շուած չըլ­լա­լով յա­ջորդ քայ­լե­րը, ա­հա­ւոր կը բար­դաց­նէ թէ՛ ի­րենց եւ թէ՛ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կը։

-Բայց տղա­քը ժո­ղո­վուր­դին կոչ ը­րին հա­ւա­քուիլ, հա­մախմ­բուիլ, պայ­քա­րիլ…

-Ժո­ղո­վուր­դը ե­րե­ւա­կա­յա­կան նե­րուժ մըն է։ Այս նե­րու­ժի հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նման քայ­լե­րու դի­մող­նե­րը միշտ ալ կը սխա­լին։ Ա­մե­նա­թարմ օ­րի­նա­կը Թուր­քիոյ յե­ղաշրջ­ման վեր­ջին փորձն էր։ Ա­նոնք ալ կոչ ը­րին ժո­ղո­վուր­դին դուրս գալ փո­ղոց, չյա­ջո­ղե­ցան։ Հա­կա­ռա­կը՝ Թուր­քիոյ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կո­չով մար­դիկ դուրս ե­կան։ Ին­չո՞ւ չի յա­ջո­ղիր, ո­րով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը գի­տակ­ցու­թե­նէ բա­ցի, ու­նի նաեւ են­թա­գի­տակ­ցու­թիւն, ներ­քին ձայն, որ միշտ զայն կը զգու­շաց­նէ քաո­սի դէմ։ Զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րէն մէ­կը իր հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ը­սած էր, թէ պէտք չէ ա­ռաջ­նոր­դել ժո­ղո­վուր­դը, ժո­ղո­վուր­դը ին­քզինք պէտք է ա­ռաջ­նոր­դէ։ Յե­տոյ այ­նուա­մե­նայ­նիւ տրուե­ցաւ ե­րեք մա­քուր մար­դու ա­նուն, ա­ռանց գիտ­նա­լու՝ այդ մար­դիկ պատ­րա՞ստ են ա­ռաջ­նոր­դե­լու, ժո­ղո­վուր­դը զա­նոնք կ՚ըն­դու­նի՞, թէ՝ ոչ, ե­թէ ա­ռաջ­նոր­դեն, ո՞ւր կը տա­նին։ Բնաւ չու­զե­լով ստուե­րի տակ ձգել ի­րենց ար­ժէ­քը, պէտք է ը­սեմ, որ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կ՚ըն­դու­նի հո­գե­կան կա­պի մը մի­ջո­ցով, ոչ թէ «վե­րէն» կա­տա­րուած նշա­նակ­մամբ։ Նոյ­նիսկ այս պա­րա­գա­յին կրնայ սխա­լիլ, բայց չգրուած կա­նո­նը այդ է։

-Կը վախ­նաք ա­րիւ­նա­հո­սու­թե­նէ եւ ի՞նչ են ձեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը վեր­ջին դէպ­քե­րուն հետ կա­պուած:

-Միայն անզ­գամ մար­դը ա­րիւ­նա­հե­ղու­թե­նէն կրնայ չվախ­նալ։ Ես ոչ այն­քան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թե­նէն կը վախ­նամ, ինչ­քան՝ ա­նի­մաստ թա­փուող ա­րիւ­նէն։ Սար­դա­րա­պա­տի մէջ ա­րիւն թա­փուե­ցաւ, ու­նե­ցանք Հա­յաս­տան։ Ղա­րա­բա­ղի մէջ ա­րիւն թա­փուե­ցաւ, ու­նե­ցանք ա­զա­տագ­րուած Ար­ցախ։ Հի­մա, ե­թէ ա­րիւն թա­փի, ի՞նչ պի­տի ու­նե­նանք։ Ա­ռա­ջին օ­րե­րուն գրե­ցի սրբա­պատ­կեր­նե­րու մա­սին (ի­քոն)։ Պի­տի ու­նե­նանք սրբա­պատ­կեր­ներ, ո­րոնք ար­դիւն­քի բա­ցա­կա­յու­թեան ու­ժով շատ ա­րագ պի­տի խամ­րին եւ թե­րեւս, մեր նուաս­տու­թիւ­նը անդ­րա­դարձ­նե­լով՝ ա­նընդ­հատ ցաւ պատ­ճա­ռեն մե­զի։ Ես սրբա­պատ­կեր­ներ չեմ ըն­դու­նիր, ո­րով­հե­տեւ Աս­տուած ար­ձա­նագ­րուած պատ­կեր չու­նի, Աս­տուած ըն­թացք է։ Ա­րիւ­նա­հե­ղու­թե­նէն ա­ռա­ւել՝ ես կը վախ­նամ ըն­թաց­քի կա­սե­ցու­մէն։

-Այս խնդրին ել­քը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել:

-Սի­րենք՝ չսի­րենք, ըն­դու­նինք՝ չըն­դու­նինք պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րը Սերժ Սարգ­սեանն է։ Ընտ­րուած է, չէ ընտ­րուած (իմ կար­ծի­քով՝ ընտ­րուած չէ), ան պի­տի ո­րո­շէ եր­թալ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան, թէ՝ չեր­թալ։ Ու­րիշ ոչ ոք այս գոր­ծըն­թա­ցին վրայ ազ­դե­լու ո­րե­ւէ լծակ ու­նի։ Այս բո­լո­րը նկա­տի առ­նե­լով՝ կը կար­ծեմ, որ Սերժ Սարգ­սեա­ն պէտք է հա­ւա­քէ բո­լոր քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան աք­թիւ ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ հան­դէս գայ հրա­պա­րա­կա­յին ծրագ­րա­յին ե­լոյ­թով մը։ Այս ե­լոյ­թին մէջ պէտք է ճշմա­րիտ գնա­հա­տա­կա­նը տայ իր պաշ­տօ­նա­վար­ման ըն­թաց­քին ե­ղած բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, ո­րոնց պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տա­ն յայտ­նուած է ծայ­րա­յեղ վտան­գա­ւոր ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ։

Ա­ռա­ջի­նը՝ ընտ­րա­կեղ­ծիք­ներ, յե­տընտ­րա­կան զար­գա­ցում­ներ, բռնու­թիւն­ներ, Մար­տի 1-ի տասն զո­հեր։

Երկ­րոր­դը՝ թա­լան, փտա­ծու­թիւն, ա­նար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վա­րում։

Եր­րոր­դը՝ դա­տա­րան­նե­րու եւ ի­րա­ւա­պահ-օ­րի­նա­պահ հա­մա­կար­գի սան­ձար­ձա­կու­թեան հաս­նող ա­մե­նա­թո­ղու­թիւն։

Չոր­րոր­դը՝ վա­խի մթնո­լորտ, հո­վա­նա­ւոր­չու­թիւն, կու­սակ­ցա­կան թա­փօ­նի ա­ռաջ մղում՝ ի հա­շիւ ազ­նիւ, բա­նի­մաց, ծրագ­րեր եւ նա­խա­ձեռ­նո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող մարդ­կանց։

Այս ա­մէ­նը ամ­փո­փե­լով՝ ան պէտք է խօ­սի Ղա­րա­բա­ղի խնդրի մա­սին, տա­լով ե­րաշ­խիք­ներ, թէ հար­ցը պի­տի լու­ծուի Ար­ցա­խի ընտ­րեալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ա­ներկ­միտ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։

-Նման ե­լոյթ­ներ ե­ղած են, բայց ար­դիւնք չէ ե­ղած։

-Հա­մա­ձայն եմ, ե­ղած են։ Նոյ­նիսկ հնչած են այն­պի­սի խօս­քեր, մտադ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ի­րա­կա­նաց­մամբ Հա­յաս­տա­ն փո­խուած պի­տի ըլ­լար։ Բայց կա­րե­ւոր է ձե­ւա­չա­փը։ Ես նշե­ցի՝ հրա­ւի­րել քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ու­ժե­րը։ Իսկ սա կը նշա­նա­կէ սկիզբ դնել երկ­խօ­սու­թեան մը, ո­րուն ա­ռա­ջին կէ­տը պէտք է ըլ­լայ զէն­քը յանձ­նող զի­նեալ­նե­րը կա­տա­րեալ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեամբ օժ­տե­լը։ Սերժ Սարգ­սեա­ն պէտք է ե­րաշ­խա­ւո­րէ, որ ա­նոնց գլու­խէն մազ մը իսկ չպակ­սի եւ ա­ռա­ջար­կէ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ իր խոս­տու­մը վե­րահս­կե­լու մի­ջոց­ներ կամ լսէ եւ կի­րա­ռէ ու­րիշ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Զի­նեալ ապս­տամբ­նե­րու ը­րած-չը­րա­ծը պէտք է ո­րո­շէ դա­տա­րա­նը՝ փաս­տա­բան­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան պաշտ­պան­նե­րու ընդգրկ­մամբ, դա­տա­վա­րու­թեան ու­ղիղ հե­ռար­ձակ­մամբ։

Երկ­րոր­դը՝ յա­ջորդ տա­րի կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րը ար­դար եւ թա­փան­ցիկ կա­տա­րե­լու դրու­թեան կի­րա­ռումն է։ Կար­ծեմ 4+4+4 ձե­ւա­չա­փով իշ­խա­նու­թիւ­նը, ընդ­դի­մու­թիւնն ու քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մինչ այս դէպ­քե­րը կը հաս­նէին հան­գու­ցա­լուծ­ման։

Սա իմ մօ­տե­ցումն է։ Ե­թէ ու­րիշ­ներ այլ ա­ռա­ջարկ­ներ ու­նին, կրնան ա­ւելց­նել կամ բան մը պակ­սեց­նել։ Չեմ բա­ցա­ռեր նաեւ հռչա­կագ­րի մը ստո­րագ­րու­մը, որ կրնայ ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25 տա­րուան ամ­փո­փումն ու գա­լիք կար­գի ամ­րագ­րու­մը։

-Իսկ ե­թէ խոս­տա­նայ եւ չկա­տա­րէ՞…

-Ե­թէ խոս­տա­նայ եւ չկա­տա­րէ, նո­րէն կը ստա­նայ այն, ինչ որ ու­նի այ­սօր։ Քա­նի դեռ կայ Ղա­րա­բա­ղի չլու­ծուած խնդի­րը, միշտ ալ կը յայտ­նուին մա­հա­պարտ­ներ եւ միշտ ալ կ­­՚ըլ­լան զէն­քով հարց լու­ծե­լու փոր­ձեր։

-Ար­դեօք միայն զէն­քո՞վ կայ հա­յու փրկու­թիւն:

-Մենք փրկուե­լու խնդիր չու­նինք։ Մենք ու­նինք ապ­րե­լու խնդիր, սոր­վե­լու, աշ­խա­տե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, զար­գա­նա­լու, աշ­խար­հի հետ քա­լե­լու խնդիր։ Զէն­քով կա­րե­լի է փրկուիլ, բայց նաեւ կա­րե­լի է կորսնց­նել։ Վեր­ջին հա­շուով, զէն­քը գոր­ծիք մըն է, որ ինչ­քան ալ՝ ա­հա­ւոր, ու­նի սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Մե­զի պէտք են ան­սահ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016