ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՐԴ ՈԴԻՍԱԿԱՆ
Երեւանի մէջ ծագած դէպքերուն վրայէն վաղը երկու շաբաթ անցած պիտի ըլլայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին օրակարգը կը բնորոշուի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կեդրոնացած է հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
Երէկ, Երեւանէն դարձեալ հասան կրակոցներու վերաբերեալ լուրեր։ Հայաստանի ոստիկանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Էրեբունիի ոստիկանական կեդրոնը բռնագ-րաւած «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին անդամները այդ տարածքէն կրակ բացած են։ Իրաւապահ մարմիններն ալ փոխադարձած են զինեալներուն։ Այս մթնոլորտին մէջ վիրաւորուած են զինեալ խումբի անդամներէն Արթուր Մելքոնեան եւ Արմէն Լամբարեան, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց՝ անհրաժեշտ դարմանման համար։ Բժշկական միջամտութիւնը կը կատարուի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ։
Այս բոլորէն վերջ երէկ գիշերուան ժամերուն լարուածութիւնը անհամեմատօրէն աւելցաւ Երեւանի մէջ։ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը։ Հանրահաւաքի մասնակիցները աւելի վերջ սկսան երթի մը՝ դէպի Խորենացի փողոց։ Բայց եւ այնպէս, ընթացքին անակնկալօրէն անոնք փոխեցին իրենց ուղղութիւնը եւ հաւաքուեցան Սարի թաղի մէջ։ Այս անկանխատեսելի իրադարձութեան փոխարէն ոստիկանութիւնը ցոյցը համակարգող պատասխանատուներէն պահանջեց անյապաղ ժողովուրդը հեռացնել։ Համակարգող կոմիտէի անդամները ընդհանուր առմամբ պատրաստակամ չգտնուեան այդ պահանջին ընթացք տալու ու վարուեցան հնարաւորինս ժամանակ շահելու մտադրութեամբ։ Հաւաքներու անօրինականութեան մասին իրերայաջորդ զգուշացումներէն վերջ՝ ոստիկանութիւնը ի վերջոյ միջամտեց ու ցրուեց ցուցարարները։ Այս ընթացքին ապրուեցան լարուածութիւններ, տխուր դէպքեր, որոնց շրջագծով Սարի թաղի մէջ ծագեցաւ նաեւ հրդեհ մը։ Թէ՛ Սարի թաղի եւ թէ՛ Խորենացի փողոցին վրայ կուտակուած ցուցարարները հեռացուեցան ոստիկանութեան կողմէ։ Բազմաթիւ ցուցարարներ տարուեցան ոստիկանատուն։ Այս առաւօտեան ժամերուն հաղորդուեցաւ, թէ Երեւանի հինգ բժշկական հաստատութիւններու մէջ կը դարմանուի վաթսուն վիրաւոր։
Երէկուան դէպքերուն ընթացքին «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնի տարածքէն դուրս ոստիկան մը վիրաւորուեցաւ՝ հրազէնով։ Իրաւապահ մարմինները անմիջապէս հերքեցին դէպքերու ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները, ըստ որոնց բռնագրաւեալ ոստիկանատան տարածքէն ներս կը կատարուէին գործողութիւններ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ յայտնաբերած էր զինեալ խումբին ապօրինի օժանդակութիւն ցոյց տուող նոր անձեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հաղորդեց, որ տակաւին կանուխ է դէպքերուն վերջնական գնահատական մը տալու համար։ Իր կարգին, Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան տեղեկացուց, որ վերջին օրերու դէպքերը տեղի տուած են հասարակութենէն ներս անհանդուրժողականութեան շարունակական խորացման։ Ան խորապէս մտահոգիչ համարած է, որ հասարակութեան առանձին խումբերու կողմէ հրապարակայնօրէն եւ ակնյայտ կը խրախուսուին ատելութիւնն ու բռնութեան կոչերը եւ նոյնիսկ իրաւունքի սահմաններէն դուրս գործելը։ Հետեւաբար, ան համոզուած է, թէ անհրաժեշտ է ապահովել խաղաղ ու անվնաս հանգուցալուծում մը՝ ստեղծուած իրավիճակին համար։