Բժիշ­կը Եւ Բժշկա­կան Բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը

Եր­կար տա­րի­նե­րու ծանր եւ լուրջ աշ­խա­տան­քէ ետք, բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ու­սա­նո­ղը, ստա­նա­լէ ա­ռաջ իր բժշկա­կան վկա­յա­կա­նը, գի­տակ­ցա­բար եւ հա­մո­զու­մով կը կա­տա­րէ բժշկու­թեան մե­ծա­գոյն վար­պե­տին՝ Հի­փոկ­րա­տի ուխ­տը, որ կ՚ը­սէ՝

«Կը խոս­տա­նամ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ, Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ ըլ­լալ ճշմա­րիտ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեանս.

- Պի­տի ըլ­լամ հա­ւա­տա­րիմ բժշկա­կան աս­պա­րէ­զին, կո­չու­մին, ի­տէալ­նե­րուն եւ մարդ­կու­թեան ծա­ռա­յե­լու ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան:

- Պի­տի որ­դեգ­րեմ դար­մա­նու­մի այն ձե­ւե­րը, զորս կը նկա­տեմ օգ­տա­կար իմ հի­ւանդ­նե­րուս հա­մար, իմ կա­րո­ղու­թեանս եւ դա­տո­ղու­թեանս հա­մա­ձայն:

- Պի­տի մնամ հե­ռու ա­մէն ա­րար­քէ, որ մա­հա­ցու եւ վնա­սա­կար է: Պի­տի մնամ հե­ռու չա­րա­գոր­ծու­թե­նէ:

- Պի­տի չտամ մա­հա­ցու դեղ ոե­ւէ ան­ձի, նոյ­նիսկ ե­թէ պա­հան­ջուի:

- Պի­տի չկա­տա­րեմ վի­ժում եւ կամ վի­րա­բու­ժա­կան այլ գոր­ծո­ղու­թիւն՝ ոճ­րա­յին նպա­տա­կով:

- Հա­մա­ճա­րակ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ այլ վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի կա­տա­րեմ իմ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներս՝ իբ­րեւ բժիշկ, մոռ­նա­լով անձս:

- Պի­տի ըլ­լամ գաղտ­նա­պահ՝ ի շահ հի­ւան­դին: Ին­ծի պի­տի վե­րա­պա­հեմ այն, ինչ որ կը տես­նեմ եւ ինչ որ կը լսեմ.

- Պի­տի մնամ հե­ռու՝ ո­րե­ւէ քան­դիչ ա­րար­քէ, երբ մտնեմ հի­ւան­դի մը բնա­կա­րա­նը. իմ ա­ռա­քե­լու­թիւնս պի­տի ըլ­լայ օգ­նել ա­նոր:

- Պի­տի ապ­րիմ կեանքս՝ գոր­ծե­լով իմ աս­պա­րէ­զիս մէջ ճշմար­տու­թեամբ, խա­ղա­ղու­թեամբ, մաք­րու­թեամբ:

- Պի­տի պա­հեմ այս եր­դու­մը ան­խախտ: Ուս­տի, թող շնոր­հուի ին­ծի՝ վա­յե­լել կեան­քը եւ ծա­ռա­յել իմ աս­պա­րէ­զիս, այն աս­պա­րէ­զին, որ յար­գուած էր ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կող­մէ դա­րե­րէ ի վեր»:

Այժմ կը յի­շեմ այն վայր­կեան­նե­րը, երբ ես ալ պա­տի­ւը եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը ու­նե­ցայ կա­տա­րե­լու Հի­փոկ­րա­տի բժշկա­կան այս վե­հանձն ուխ­տը, Պէյ­րու­թի Ամե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հան­դէ­սին: Այդ հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան մեր ա­ւագ բժիշկ դա­սա­խօս­նե­րէն լուրջ, հա­մեստ եւ խո­հեմ Տքթ. Ա­րամ Պաղ­տա­սա­րեան մեծ պա­հա­րան մը յանձ­նեց բո­լոր նո­րափ­թիթ բժիշկ­նե­րուն: Տեղ­ւոյն վրայ բո­լո­րիս հա­մար գաղտ­նի մնաց այդ պա­հա­րա­նին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը: Սա­կայն տուն վե­րա­դառ­նա­լէ ետք ա­ռա­ջին պար­տա­կա­նու­թիւնս սե­պե­ցի բա­նալ այդ խորհր­դա­ւոր պա­հա­րա­նը, որ կը պա­րու­նա­կէր անգ­լե­րէն լեզուով պատ­րաս­տուած գրու­թիւն մը «I WILL» խո­րա­գի­րով հրա­տա­րա­կուած Տքթ. Մ. Խա­լի­տիի եւ Տքթ. Ա­րամ Պաղ­տա­սա­րեա­նի կող­մէ: Թարգ­մա­նա­բար այդ գրու­թիւ­նը կ՚ը­սէր՝

ԵՍ  ՊԻ­ՏԻ

- Ըլ­լամ այն­քան զօ­րա­ւոր, որ ոչ մէկ բան կա­րե­նայ խան­գա­րել իմ մտքիս խա­ղա­ղու­թիւ­նը:

- Գոր­ծեմ այն­պէս, որ իմ հի­ւանդ­ներս ի­րա­պէ՛ս զգան, որ պի­տի ա­ռող­ջա­նան:

- Տես­նեմ ա­մէն բա­նին լաւ կող­մը: Պի­տի ըլ­լամ լա­ւա­տես:

- Տես­նեմ սխալ­ներս, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել եւս օգ­տա­կար դառ­նամ իմ հի­ւանդ­նե­րուս:

- Ըլ­լամ մի՛շտ ու­րախ, զուարթ եւ բա­րեա­ցա­կամ՝ իմ հի­ւանդ­նե­րուս հետ:

- Պի­տի տամ շատ ժա­մա­նակ՝ իմ ան­ձիս կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մին, որ­պէս­զի ժա­մա­նակ չու­նե­նամ քննա­դա­տե­լու իմ գոր­ծա­կից­ներս:

- Յի­շեմ շա­րու­նակ, որ կեան­քի մէջ ա­մե­նէն թան­կա­գին բա­նը ու­րի­շին ծա­ռա­յելն է:

- Գո­հա­նամ ու­նե­ցա­ծովս:

Կար­ծէք՝ երկ­րորդ ուխտ մըն էր, որ կը փո­խան­ցուէր ե­րէց, փոր­ձա­ռու եւ վաս­տա­կա­շատ գոր­ծա­կից բժիշ­կէ մը: Քա­նի մը ան­գամ կար­դա­ցի այդ «ԵՍ ՊԻ­ՏԻ» խոստմ­նա­գիր գրու­թիւ­նը, որ կու գար որ­պէս լրա­ցու­ցիչ Հի­փոկ­րա­տի ուխ­տին: Ան դար­ձաւ իմ բժշկա­կան կեան­քիս ա­ռա­ջին եւ մնա­յուն թան­կար­ժէք եւ խորհր­դա­տու նուէ­րը:

Ու­րեմն՝

Բժշկու­թիւ­նը ա­ռա­քե­լու­թիւն մըն է եւ հիմ­նուած է զո­հո­ղու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ: Ծա­ռա­յու­թիւն՝ մար­դուն հո­գե­կան, մտա­յին  եւ ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու, ա­նոր կեան­քը եր­կա­րաձ­գե­լու եւ ա­նոր ցա­ւե­րը ա­մո­քե­լու ա­ռանց գոյ­նի, սե­ռի, տա­րի­քի եւ ըն­կե­րա­յին կար­գա­վի­ճա­կի խտրու­թեան:

Բժշկու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ան­սահ­ման զո­հո­ղու­թիւն, յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք, հա­մես­տու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն, գաղտ­նա­պա­հու­թիւն, զօ­րա­ւոր կամք, հա­ւատք եւ բարձր բա­րո­յա­կա­նու­թիւն:

Բժշկու­թիւ­նը հա­մա­մարդ­կա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն մըն է, հե­տե­ւա­բար բժիշ­կը իր հի­ւանդ­նե­րը կը դար­մա­նէ ա­ռանց խտրու­թիւն դնե­լու հի­ւանդ­նե­րու ազ­գու­թեան, կրօ­նին, գոյ­նին, սե­ռին, տա­րի­քին, հա­մո­զում­նե­րուն, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան վի­ճա­կին:

Բժշկու­թիւ­նը ան­սա­կարկ զո­հո­ղու­թիւն է, հե­տե­ւա­բար բժիշ­կը օգ­նու­թեան կը հաս­նի ոե­ւէ հի­ւան­դի, ո­րե­ւէ տեղ եւ ո­րե­ւէ ժա­մու: Ի­րեն հա­մար ժա­մա­նա­կը, վայ­րը եւ հի­ւան­դին ինք­նու­թիւ­նը ա­ռար­կե­լի հար­ցեր չեն: Ան  շտապ օգ­նու­թեան կը հաս­նի նոյ­նիսկ ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեան մէջ՝ մոռ­նա­լով իր ան­ձը եւ իր ան­հա­տա­կան կեան­քը:

Բժշկու­թիւ­նը գաղտ­նա­պա­հու­թիւն պա­հան­ջող աս­պա­րէզ մըն է, հե­տե­ւա­բար ա­մէն բժիշկ գաղտ­նա­պա­հու­թեամբ կը հե­տե­ւի իր հի­ւանդ­նե­րուն եւ կը  յար­գէ ա­նոնց ան­հա­տա­կա­նու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տ-ւու­թիւ­նը:

Բժիշկ-հի­ւանդ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ ան­կեղծ եւ թա­փան­ցիկ ու հիմ­նուած՝ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան վրայ: Հի­ւան­դը տե­ղեակ կը պա­հուի իր ու­նե­ցած հի­ւան­դու­թեամբ եւ կը բա­ցատ­րուին հի­ւան­դու­թեան դար­մա­նու­մին ե­ղա­նակն ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը: Բժիշ­կը դար­մա­նու­մը կը կա­տա­րէ միայն ու միայն հի­ւան­դին հա­ւա­նու­թեամբ եւ այդ՝ գոր­ծա­ծե­լով անհ­րա­ժեշտ նուա­զա­գոյն քա­նա­կու­թեամբ դե­ղեր: Յա­ճախ բժիշ­կը կը մտեր­մա­նայ իր հի­ւան­դին հետ՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­կար դառ­նա­լու ա­նոր բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ ա­նոր անձ­նա­կան հար­ցե­րուն: Այս մտեր­մու­թիւ­նը կը դառ­նայ մնա­յուն եւ հաս­տատ՝ մարդ­կա­յին ա­ռողջ մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ ըն­կե­րա­կան մօ­տե­ցու­մով: Սա­կայն այս մտեր­մու­թեան մէջ բժիշ­կը ինք­նա­բե­րա­բար կ՚ըլ­լայ վե­րա­պահ եւ զգոյշ: Ան չի գոր­ծա­ծեր այս մտեր­մու­թիւ­նը անձ­նա­կան յե­տին նպա­տակ­նե­րու հա­մար: Ան կը դառ­նայ խո­հեմ, համ­բե­րա­տար եւ ճկուն ու կը գոր­ծէ ո՛չ միայն որ­պէս բժիշկ, այլ նաեւ՝ որ­պէս փի­լի­սո­փայ, հո­գե­բան եւ ըն­կե­րա­բան, այլ խօս­քով՝ ամ­բող­ջա­կան եւ ի­տէա­լա­կան բժիշկ:

Բժշկու­թիւ­նը աս­պա­րէզ եւ գի­տու­թիւն ըլ­լա­լով հան­դերձ, ան նաեւ ա­րուեստ եւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն է: Ան­դար­մա­նե­լի հի­ւան­դու­թեան մը պա­րա­գա­յին բժիշ­կը ի գործ կը դնէ իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն խո­հե­մու­թեամբ պար­զա­բա­նե­լու կա­ցու­թիւ­նը թէ՛ հի­ւան­դին եւ թէ՛ ա­նոր պա­րա­գա­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք ապ­րին մտքի հան­դար­տու­թեամբ եւ սրտի ու հո­գիի գո­հու­նա­կու­թեամբ:

Բժշկու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն մը ըլ­լա­լով՝ բժիշ­կը նկա­տի կ՚առ­նէ չքա­ւո­րը, նիւ­թա­պէս ան­կա­րո­ղը, որ­բը, բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քը, ան­կա­րը եւ ան­գոր­ծը: Ան յա­ճախ կը հրա­ժա­րի իր պա­տուա­գի­նէն եւ փո­խա­րէ­նը կը ստա­նայ հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւն:

Բժշկու­թիւ­նը ա­զատ աս­պա­րէզ մը ըլ­լա­լով՝ բժիշ­կը հե­ռու կը մնայ ա­ռեւտ­րա­կան մի­տում­նե­րէ եւ գոր­ծե­լա­կեր­պէ: Ա­նոր բժշկա­կան հաս­տա­տա­գիր­նե­րը եւ վկա­յա­գիր­նե­րը կը ցո­լաց­նեն իր ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը, բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ բժշկա­կան գի­տա­պա­շա­րը: Ան կը գոր­ծէ իր աս­պա­րէ­զի օ­րի­նա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն ու իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ կը զար­գաց­նէ իր աս­պա­րէ­զը եւ իր ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը:

Վե­րոն­շեալ բո­լոր յատ­կու­թիւն­նե­րով բժիշ­կը կը դառ­նայ հե­ղի­նա­կա­ւոր ՄԱՐԴ ԲԺԻՇԿ: Ան կ՚ար­ժա­նա­նայ յար­գան­քի, գուր­գու­րան­քի եւ վստա­հու­թեան՝ իր հի­ւանդ­նե­րէն եւ իր շրջա­պա­տէն:

Բժշկա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը խոր ար­մատ­ներ ու­նե­ցած է հայ­կա­կան բժշկու­թեան պատ­մու­թեան մէջ:

- Մեծն Ներ­սէս հայ­րա­պե­տը (353-373) գոր­ծադ­րած է հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ եւ օ­րէնք­ներ, օ­րի­նա­կի հա­մար՝ ար­գի­լած է ազ­գա­կա­նա­կան ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը, ա­պօ­րի­նի սե­ռա­յին յա­րա­բե­րու­թիւ­նը եւ վի­ժու­մը: Ար­գի­լած է նոյ­նիսկ ա­մուս­նու­թիւ­նը կարգ մը հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին: Կա­թո­ղի­կո­սի այս մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կ՚ար­տա­ցո­լան 365-ին Աշ­տի­շա­տի ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րուն մէջ:

- Դա­ւիթ Ան­յաղթ Ե. դա­րուն լայ­նօ­րէն խօ­սած է բժշկա­կան հար­ցե­րու մա­սին եւ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է բժշկա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թեան:

- Կի­լի­կեան իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին ընդ­հա­նուր բժշկա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը հիմք ծա­ռա­յած է բժիշկ­նե­րուն բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թեան: Դի­տա­ւո­րեալ ո­ճիր նկա­տուած է բժիշ­կին մեր­ժու­մը՝ հի­ւան­դը տես­նել իր տան մէջ: Բժիշ­կին մաս­նա­գի­տա­կան ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ կամ թե­րա­ցու­մը նկա­տուած է կան­խամ­տա­ծուած ո­ճիր: Յա­ճախ բժիշ­կը ամ­բաս­տա­նուած է իր բա­րո­յա­կան թե­րու­թեան հա­մար եւ՝ ծանր պա­տիժ­նե­րու են­թար­կուած:

- Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի 15-րդ դա­րուն ձգտած է միշտ բժշկա­կան կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մի եւ հա­ւա­տա­ցած է, որ իւ­րա­քան­չիւր բժիշկ յա­րա­տեւ կար­դա­լու է եւ հե­տա­զօ­տե­լու է ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին: Ան ե­ղած է պա­հանջ­կոտ՝ բժշկա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թեան նկատ­մամբ եւ ու­զած է տես­նել «ի­տէալ բժիշկ»ը միշտ եւ ա­մէն տեղ: Ան ը­սած է. «Բժիշ­կը պէտք է օժ­տը-ւած ըլ­լայ բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ պարտ­քի գի­տակ­ցու­թեամբ, ան պէտք չէ գի­նե­մոլ, ա­գահ եւ շա­հախն­դիր ըլ­լայ, ան պար­տա­ւոր է սի­րել աղ­քատ­նե­րը, ըլ­լալ գթա­ռատ, նուի­րուած, աս­տուա­ծա­վախ եւ բա­րո­յա­պէս մա­քուր:

- Սեր­վի­չեն (Վի­չե­նեան) ու­նի «Սկզբունք բա­րո­յա­կա­նի» աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ ան եր­կա­րօ­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նայ բժշկա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան եւ բժիշ­կին ա­ռողջ բա­րո­յա­կա­նու­թեան:

Այս յօ­դուա­ծը պի­տի վեր­ջաց­նեմ Ռու­բէն Սե­ւա­կի «ՀՐԱ­ՇԱ­ԼԻ ԲԺՇԿՈՒ­ԹԻՒՆ» գրու­թեամբ, որ գրուած է Լո­զա­նի մէջ, 1913-ին:

«ՀՐԱ­ՇԱ­ԼԻ ԲԺՇԿՈՒ­ԹԻՒՆ»

Ե­րի­տա­սա՛րդ բժիշկ, որ մար­դը ա­ռող­ջաց­նե­լու ա­րուես­տին ես նուի­րուած, չեմ հարց­ներ քե­զի, թէ կը ճանչ­նա՞ս ա­ր-ւեստդ, բայց կը ճանչ­նա՞ս գո­նէ մար­դը:

Մար­դը այն մոր­թա­զերծ կեն­դա­նին չէ՛, ո­րուն դնդեր­նե­րը քննե­ցիր մար­դա­կազ­մու­թեան պատ­կեր­նե­րուն վրայ: Մար­դը այն մարմ­նա­զերծ դե­ղին կմախ­քը չէ՛, ո­րուն շար­ժում­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­ցիր ոս­կոր­նե­րուն վրայ: Մար­դը այն շնչա­զերծ կա­նաչ դիա­կը չէ՛, որ ա­միս­նե­րով քա­րէ սե­ղա­նի մը վրայ պառ­կե­ցու­ցած՝ չա­փե­ցիր, կշռե­ցիր, պատ­ռե­ցիր, կտրե­ցիր, յօ­շո­տե­ցիր, սղո­ցե­ցիր, բզկտե­ցիր, ա­ռանց որ ան­գամ մը բե­րա­նը բա­նար՝ հարց­նե­լու հա­մար, թէ «ի՞նչ կ՚ը­նես, բա­րե­կա՛մ…»:

Քե­զի հի­ւանդ մը ցուց­նե­լէ ա­ռաջ պատ-ւի­րե­ցին տա­րի­նե­րով դիակ­նե­րու վրայ աշ­խա­տիլ, որ­պէս­զի մար­դը ճանչ­նաս, եւ որ­պէս­զի հո­գիդ չդո­ղայ ու խիղճդ չպո­ռայ:

Եր­կա­րօ­րէն քննե­լէ, փնտռե­լէ, պրպտե­լէ վերջ, գան­կին մէջ նե­խած ու­ղեղ մը ու սրտին մէջ սեւ­ցած ա­րիւն մը գտար:

-  «Ո՞ւր է հո­գին, ո՞ւր է խիղ­ճը», գո­չե­ցիր ծի­ծա­ղե­լո՜վ:

Ա­ւա՜ղ, քու ու­սում­նա­սի­րած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն: Զգու­շա­ցի՛ր ի­րեն նմա­նե­լէ: Մար­դը, որ կ՚ապ­րի, մար­դը, որ կը խոր­հի ու կը զգայ, մար­դը, ո­րուն բա­րո­յա­կան տա­ռա­պանք­նե­րը բի՛ւր ան­գամ ա­ւե­լի են, քան՝ ֆի­զի­քա­կան տա­ռա­պանք­նե­րը, այն մար­դը ու­րիշ բան կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ, քան՝ ճարպն ու ոս­կո­րը…

Ա­մէ՛ն մար­դու մէջ Աս­տուած մը կայ… Ա­հա­ւա­սիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռ­նան քե­զի ու­սու­ցա­նել:

Ցա­ւա­լի է խոս­տո­վա­նիլ, որ այժ­մու բժշկա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կեան­քի ա­ռա­քեալ­ներ կը պատ­րաս­տեն ա՛յն­պէս, ինչ­պէ՛ս զի­նուո­րա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կը հասց­նեն մա­հուան պաշ­տօ­նեա­ներ: Սա՛ տար­բե­րու­թեամբ, որ այս վեր­ջին­նե­րը զինուո­րին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրա­ցան կու տան, այլ՝ անձ­նուի­րու­թիւն, վե­հանձ­նու­թիւն, զո­հո­ղու­թեան ամ­բողջ դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը: Մինչ­դեռ դե­ռա­տի բժիշ­կի մը ձեռ­քը թոյն մը եւ դա­նակ մը տա­լէ վերջ կ՚ար­ձա­կեն զայն՝ ա­ռանց բա­րո­յա­կան ու հո­գե­կան ո՛­րե­ւէ պատ­րաս­տու­թեան:

Մար­դը իբ­րեւ մի­սի ու ոս­կո­րի շար­ժա­կան գոր­ծիք մը ներ­կա­յաց­նե­լէ վերջ, բժշկու­թիւ­նը կը սոր­վեց­նեն այն­պէս, ինչ­պէս մե­քե­նա­գէտ­նե­րուն կը սոր­վեց­նեն եր­կա­թէ գոր­ծա­րան­նե­րուն ու­սու­մը:

Հո­գե­կան ո՛չ մէկ բառ, բա­րո­յա­կան ո՛չ մէկ ուղ­ղու­թիւն, ան­ցեա­լի ո՛չ մէկ յի­շո­ղու­թիւն:

Եւ սա­կայն հա­զար­նե­րով տա­րի­ներ, փա­րա­ւոն­նե­րու երկ­րէն մին­չեւ Ա­ւե­տեաց եր­կի­րը, ու Յոր­դա­նա­նէն մին­չեւ Գան­գէս, մի­լիոն­նե­րով մար­դիկ հո­գե­կան բժշկու­թիւ­նը միայն կը գոր­ծադ­րէին ի­րենց ախ­տե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար: Եւ ամ­բողջ կրօնք­ներ հիմ­նուե­ցան՝ հրաշք­նե­րու հա­ւա­տա­լի­քին վրայ:

«Հրա­շա­լիք­նե­րու դա­րը ան­ցաւ» ը­սին քե­զի ու ա­մուր կեր­պով փա­կե­ցին ան­բա­ցատ­րե­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու  ան­հանգս­տա­ցու­ցիչ դու­ռնե­րը:

Չըլ­լա՛յ որ նեղ­միտ­նե­րուն հա­ւա­տաս: Այն մար­դի­կը, որ ա­մէն բան գիտ­նա­լու յա­ւակ­նու­թիւնն ու­նին, կը մեր­ժեն ինչ որ ի­րենց ան­հասկ­նա­լի կը թուի: Աչ­քեր­նին գո­ցած կը քնա­նան ու աստ­ղե­րը կ՚ու­րա­նան…

Քա­նի որ խօս­քը աստ­ղե­րուն է, յի­շեց­նենք, թէ մին­չեւ 18-րդ դա­րուն վեր­ջե­րը Ֆրան­սա­կան գի­տու­թեանց կա­ճա­ռը կը մեր­ժէր ըն­դու­նիլ, թէ եր­կին­քէն կրնայ քար իյ­նալ երկ­րի վրայ… Ա­կա­նա­տես վկա­նե­րը իբ­րեւ խենթ ու խա­բե­բայ կը հռչա­կէր: Օր մը քա­ղա­քա­պետ մը իր շրջա­նա­կին մէջ ին­կած երկ­նա­քա­րէն նմոյշ­ներ ղրկած ըլ­լա­լով ի­րեն՝ պատ­կա­ռե­լի ա­կա­դե­միան 1772-ին հրա­տա­րա­կած տե­ղե­կագ­րով կը յայ­տա­րա­րէր, թէ՝ «ե­ղե­լու­թիւ­նը յայտ­նա­պէս կեղծ եւ ե­րե­ւոյ­թը ֆի­զի­քա­պէս ան­կա­րե­լի էր»: Ճշմար­տու­թիւ­նը ի­րենց գլխուն մտցնե­լու հա­մար պէտք ե­ղաւ, որ այդ քա­րե­րէն մէ­կը ի­րենց գլխուն իյ­նար… 1864-ի մա­յիս 4-ին ա­կա­դե­մա­կան Ա­տոլֆ Պրո­նեար քիչ մնաց վա­խէն մեռ­նէր՝ երկ­նա­քա­րի մը ան­կու­մին ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով…

Նոյ­նը պի­տի պա­տա­հէր նաեւ հրա­շա­լի բժշկու­թեան հա­մար:

Տիե­զե­րահռ­չակ բժիշկ Շար­քօ իր ամ­բողջ գի­տու­թիւ­նը քա­նի մը ան­բու­ժե­լի հի­ւանդ­նե­րու վրայ ի զուր փոր­ձե­լէ վերջ, ի՜նչ մեծ ե­ղաւ իր զար­ման­քը, երբ ա­նոնք օր մը ուխ­տա­տե­ղի մը եր­թա­լով՝ բո­լո­րո­վին բու­ժուած վե­րա­դար­ձան… Այս­պէս, մա­տը վէր­քին մէջ բռնուե­լէ ետք ի­րա­պաշտ գիտ­նա­կա­նը խո­նար­հե­ցաւ ճշմար­տու­թեան ա­ռաջ. իրն է հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.

«Գի­տու­թիւ­նը, որ յե­ղաշր­ջուե­լու վրայ է, չի կրնար ա­մէն ինչ բա­ցատ­րե­լու յա­ւակ­նու­թիւնն ու­նե­նալ, այս­պի­սով իր բա­րեշըր-ջու­մը ժխտած պի­տի ըլ­լար… Հրաշք­նե­րը ա­մէն ա­տեն գո­յու­թիւն ու­նե­ցան՝ ի­րար­մէ բո­լո­րո­վին տար­բեր կրօն­նե­րու ու քա­ղա­քակր­թու­թեանց մէջ, ինչ­պէս որ այժմ ալ կը կա­տա­րուին բո­լոր լայ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ: Այս­պի­սով բու­ժուած հաշ­ման­դամ­նե­րը հա­րիւր­նե­րով կը հա­շուուին, նոյ­նիսկ եր­բեմն՝ պա­լար­ներն ու ու­ռուցք­նե­րը: Ես տե­սայ վե­րա­դար­ձը այն հի­ւանդ­նե­րուն, ո­րոնց ես չկրնա­լով ան­ձամբ հա­ւատք ներ-ըշն­չել՝ ուխ­տա­տե­ղի մը գա­ցեր էին. քննե­ցի ի­րենց ան­դա­մա­լոյծ ան­դամ­նե­րը ու ներ­կայ գտնուե­ցայ ախ­տին ան­յայ­տաց­ման»:

Լիթ­րէ իր «Դրա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան» մէջ կը նկա­րագ­րէ բազ­մա­թիւ հրաշք­ներ, որ Սեն-Լուիի գե­րեզ­մա­նին դպչե­լով՝ կը գոր­ծուէին:

Հռչա­կա­ւոր Տքթ. Ֆաու­լեր կը ներ­կա­յաց­նէ ութ կին հի­ւանդ­ներ, ո­րոնք ստին­քի ու­ռուցք­ներ ու­նէին ու դար­մա­նուե­ցան հո­գե­կան բու­ժու­մով:

Սխալ հե­տե­ւու­թիւն­նե­րու տեղ չտա­լու հա­մար դի­տել տանք, թէ որ­քան հա­զուա­դէպ են գի­տա­պէս վա­ւե­րա­ցուած հրաշք­նե­րը: Սա­կայն, ե­թէ հի­ւանդ­նե­րը ի­րենց հա­ւատ­քը փո­խա­նակ փայ­տի կտո­րի, սուր­բի պատ­կե­րի մը, դիա­կի շիր­մի մը վրայ դնե­լու, այդ փրկա­րար հա­ւատ­քը գի­տու­թեան վրայ դնէին, որ­քա՜ն պի­տի շատ­նար հրա­շա­լի բու­ժում­նե­րու թի­ւը… Ա՛յս է հի­ւանդ­նե­րուն տրուե­լիք պա­տուէ­րը:

Բայց բժիշկ­նե­րուն հա­մար ու­րի՛շ կեն­սա­կան պա­տուէր մը կայ:

Ե­թէ դուն ի­րա­պէս բժիշկ ես, հի­ւանդ­նե­րուդ փրկու­թեան հա­մար ի­րա­ւունք չու­նի՛ս ո­րե­ւէ մի­ջոց մեր­ժե­լու այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար: Սահ­մա­նա­փակ ու այ­լա­մերժ բժշկու­թիւն մը գի­տա­կից ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն մըն է: Պի­տի դի­մես հնա­րա­ւոր բո­լոր ազ­դակ­նե­րուն: Դեղն ու դա­նա­կը, ջուրն ու կրա­կը, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւնն ու մագ­նի­սա­կա­նու­թիւ­նը, գի­տու­թիւնն ու հա­ւատ­քը՝ փոխն ի փոխ քու զէն­քերդ պի­տի ըլ­լան. ո­րով­հե­տեւ այն ախ­տե­րը, ո­րոնց դէմ կը կռուիս, տար­բեր հի­ւանդ­նե­րու մէջ, տար­բեր զէն­քե­րու կը դի­մես:

Պի­տի հարց­նես սա­կայն, թէ կա­րե­լի՞ է հրաշ­քը գի­տա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու կար­գը դա­սել: Ան­շո՛ւշտ կա­րե­լի է:

Գերբ­նա­կան կար­ծուող հրաշ­քը այն­քան բնա­կան է, որ­քան եր­կին­քէն ին­կող քա­րը: Միայն թէ գի­տուն­նե­րը ժխտե­լով ա­նոր գո­յու­թիւ­նը՝ դեռ չու­սում­նա­սի­րե­ցին հրա­շա­գոր­ծու­մի օ­րէնք­նե­րը եւ բախ­տին ձգե­ցին հրաշ­քի կա­տա­րու­մը:

Քա­ջու­թիւնն ու­նե­նանք խոս­տո­վա­նե­լու, թէ հին ազ­գե­րը մեզ­մէ շատ ա­ւե­լի լաւ կը ճանչ­նա­յին այս գի­տու­թիւ­նը: Ե­գիպ­տա­ցի­նե­րուն, իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն, հնդիկ­նե­րուն պատ­մու­թիւ­նը լե­ցուն է այս­պի­սի փաս­տե­րով:

Այժմ մե­զի հա­մար մութ կը մնայ հրա­շա­գոր­ծու­մի ե­ղա­նա­կը, բայց ա­նոր սկզբուն­քը լոյ­սի մը նման պարզ է:

Ձանձ­րոյ­թի գա­ղա­փա­րը կը յօ­րան­ջեց­նէ, ա­մօ­թի գա­ղա­փա­րը կը կարմրց­նէ, գու­թի գա­ղա­փա­րը կը լաց­նէ, սար­սա­փի գա­ղա­փա­րը կը դեղ­նեց­նէ, բժշկուե­լու գա­ղա­փա­րը կը բժշկէ:

«Ե­թէ,- կ՛ը­սէ Պա­րուէլ,- ա­ռող­ջա­նա­լու հաս­տատ հա­մո­զու­մը իշ­խէ հի­ւան­դին հոգ­ւոյն վրայ, այդ հի­ւան­դը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի ա­ռող­ջա­նայ»:

Հո­գե­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը այն­քա՜ն մեծ է ֆի­զի­քա­կա­նին վրայ, որ յան­կար­ծա­կան վախ մը բո­լոր շար­ժում­ներդ ան­կա­րե­լի կը դարձ­նէ: Ե­թէ բուռն յու­զում մը կրնայ վայր­կե­նա­բար ան­դա­մա­լու­ծել, ա­ւե­լի՛ բուռն յու­զում մը կրնայ ան­դա­մա­լու­ծու­թիւ­նը վայր­կե­նա­բար փա­րա­տել:

Ա­մէն բան կա­խում ու­նի բժշկուե­լու գա­ղա­փա­րը հի­ւան­դին մէջ ներ­մու­ծե­լու արուես­տէն:

Ու տե­սէք, թէ Սրուանձ­տեան, որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտ­նա­կան, այլ՝ գա­ւա­ռա­ցի վե­ղա­րա­ւոր մը, գի­տուն­նե­րու կող­մէ կղպուած հրաշ­քի բժշկու­թեան դուռ­նե­րը ի՜նչ վսեմ պար­զու­թեամբ կը բա­նայ:

«Նա­յէ սա մա­նու­կը, իր ե­րես­նե­րուն վրայ է­րե­թիկ ջրջրուկ ու­նի: Սա մա­մի­կը թէզ­պէ­հը ձեռքն ա­ռած նստեր է. մա­նու­կին եր­կու բա­զուկ­նե­րը բռնած՝ իր բոյ­թե­րով ու մատ­նե­րով տղուն բա­զուկ­նե­րը կը ճնշէ, կը շօ­շա­փէ, բա­զուկն ու վայր մատ­նե­րը կը տա­նի ու կը բե­րէ. իր աչ­քե­րը ան­թարթ՝ մա­նու­կին աչ­քե­րուն յա­ռած է. ու եր­բեմն ալ ար­մուկ­նե­րէն վեր թե­ւե­րը կը ճմլէ. կը դառ­նայ, տղուն ե­րեսն ի վար կը խա­չակն­քէ, եւ ձեռ­քե­րը պոր­տին ու կուրծ­քին վրայ դնե­լով՝ բոյ­թով կը ճնշէ, վզին մայր ե­րակ­նե­րը կը ճմլէ, ճա­կա­տը կը շփէ, եր­բեմն եր­բեմն ալ ե­րե­սին կը փչէ եւ միշտ կը պտպտայ, ա­ղօթք կ՚ը­նէ: Յա­ճախ տղան կը յօ­րան­ջէ: Կը մագ­նի­սաց­նէ՞, կ՚ե­լեկտ­րա­կա­նաց­նէ՞, թէ՞ ա­ղօ­թիւք հրաշք կը գոր­ծէ. վեր­ջա­պէս տղան հի­ւանդ էր եւ կ՚ըա­ռող­ջա­նայ»:

Հի­մա այս պատ­կե­րին հետ բաղ­դա­տու­թեան դիր այն նո­րա­գոյն բժիշկ­նե­րը, ո­րոնք յա­ճախ հի­ւան­դին ձեռքն իսկ չսեղ­մած (ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լո՞ւ, թէ՞ վա­րա­կուե­լու վա­խէն)՝ կը նստին ա­րա­գօ­րէն ստա­ցա­գիր մը գրե­լու պէս՝ շա­րադ­րե­լու դե­ղա­գիր մը, որ միշտ երկ­րոր­դա­կան է, յա­ճախ ա­նօ­գուտ, եր­բեմն՝ վնա­սա­կար:

Կո՛յր պէտք է ըլ­լալ չտես­նե­լու հա­մար այն բազ­մա­թիւ հի­ւանդ­նե­րը, ո­րոնք եր­կար ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն, բժիշ­կէ բժիշկ կը նե­տուին՝ պաշտ­պան մը ու նե­ցուկ մը գտնե­լու յոյ­սով, ու չեն իսկ փոր­ձեր գոր­ծադ­րել այն­քա՜ն սուղ գնուած դե­ղա­գիր­նե­րը: Ո­րով­հե­տեւ դժուար է ըն­դու­նիլ այն բազ­մա­թիւ դե­ղե­րը, ո­րոնք յա­ճախ տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կա­ռակ են ի­րա­րու… Ու յե­տոյ՝ հի­ւան­դին փնտռա­ծը միայն թուղ­թի կտոր մը չէր, այլ՝ ապ­րե­լու յո՜յս, հո­գե­կան ուժ, տա­ռա­պե­լու քա­ջու­թի՜ւն…

Դժբախ­տա­բար այս բա­րո­յա­կան ազ­դա­կը կ՚ան­տե­սեն բժշկա­կան նո­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն­ներն ան­գամ: Սկեպ­տիկ­նե­րը հա­մո­զե­լու հա­մար թէ հա­ւատ­քի բար­բառ մը, հոգ չէ թէ՝ հրա­պա­րա­կա­յին ու ա­նանձ­նա­կան, ֆի­զի­քա­կան ի՜նչ մեծ ուժ կրնայ ներշն­չել հի­ւան­դին ա­րեան մէջ, կը հրա­տա­րա­կենք սա յու­զիչ տո­ղե­րը, որ ան­ծա­նօթ կին մը մե­զի կ՚ու­ղար­կէ զուի­ցե­րիա­կան սա­նա­թո­րիո­մէ մը.

«Հի­ւան­դի բնա­կան յու­սա­հա­տու­թեամբ, ան­կող­նիս մէջ պառ­կած՝ կը սպա­սէի ես ալ, չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՞ւ… Մա­հուա՞ն՝ որ չէր գար, կեան­քի՞ն՝ որ կ՚ու­շա­նայ զիս վե­րա­կանգ­նե­լու: Եր­կար ա­միս­նե­րու հի­ւան­դու­թիւ­նը ար­դէն մա­շեր, հա­լե­ցու­ցեր էր կո­րո­վիս ու համ­բե­րու­թեանս մեծ մա­սը, ու մնա­ցած քի­չո­վը դեռ կը տան­ջուէի:

«Ա­հա կը ստա­նամ «Ա­զա­տա­մարտ»ը մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը կար­դամ հա­յե­րէն թեր­թե­րը. հայ գի­րը տես­նե­լով՝ կար­ծես կա­րօ­տը կ՚առ­նեմ հայ­րե­նի­քիս:

«Ապ­րի­լը յաղ­թել է». շտկուե­ցայ ան­կող­նիս մէջ. սկսայ կար­դալ յօ­դուա­ծը եւ մին­չեւ վեր­ջաց­նելս բո­լո­րո­վին ա­ռողջ կը զգա­յի զիս: Ա՜լ կուրծ­քիս տակ հի­ւանդ թոք մը չկար. ե­րակ­նե­րուս մէջ թարմ ա­րիւն կը հո­սէր. յա­ջորդ օրն իսկ ե­լայ ան­կող­նէս:

«Ե­թէ բժիշկ­նե­րը յա­ճախ գիտ­նան հի­ւան­դին հո­գին բու­ժել, ե­րե­ւի ա­ւե­լի շատ պի­տի յա­ջո­ղին մա­հուան ճան­կե­րէն ա­զա­տել մար­մի­նը:

«Ու­րեմն ձեր յօ­դուա­ծը միշտ լքման վայր­կեան­նե­րուս կար­դա­ցի եւ ա­մէն ան­գամ նո­րո­գուած ու­ժե­րով սկսայ կռուիլ հի­ւան­դու­թեանս դէմ:

«Կռուն­կը»… ին­ծի հա­մար ալ պի­տի եր­գէ՞ք այդ կռուն­կը…­Բայց չէ՛, ես պի­տի լա­ւա­նա՛­մ…»։

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐ­ՊԻՍ ՀԱՐ­ՊՈ­ՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016