Լռած Ռատիօն

Ժը­նե­ւի մե­ծա­գոյն հրա­պա­րա­կը՝ Փլեն­փա­լէն, յայտ­նի է իր տրա­պի­զա­ձեւ հարթ եւ պարզ կա­ռոյ­ցով, ընդ­հան­րա­պէս հոն կը հաս­տա­տուին այ­ցե­լու կրկէս­ներ կամ լուս­նա­պար­տէզ­ներ: Վեր­ջերս խո­շոր պաս­տառ­ներ զե­տե­ղուած էին եւ­րո­պա­կան ֆութ­պո­լի ա­ւար­տա­կան խա­ղե­րը դի­տող մար­զա­սէր­նե­րուն հա­մար:

Հրա­պա­րա­կին շուրջ ծա­ռա­պա­տուած լայն մայ­թե­րուն իւ­րա­քան­չիւր թի­զը թուագ­րուած է քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ, կը յատ­կա­ցուի բաց շու­կա­յի, շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ, ո­րոշ օ­րեր բան­ջա­րե­ղէ­նի եւ գիւ­ղա­կան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու, այլ օ­րեր ճաշ վա­ճա­ռող  կառ­քե­րու կող­քին, քա­նի մը սե­ղա­նի վրայ ըմ­պե­լի­ներ ալ կը մա­տու­ցուին, նշա­նա­ւո­րը ձմրան տաք գի­նին է եւ հա­լած պա­նի­րը, զոր կը ճա­շա­կեն խա­շած մանր գետ­նախն­ձոր­նե­րով:

Այս բո­լո­րէն ան­դին ին­ծի հա­մար հա­ճե­լի է  ճե­մել այդ հրա­պա­րա­կին մէջ՝ հնա­վա­ճառ­նե­րու  յատ­կա­ցուած չո­րեք­շաբ­թի­նե­րուն:

Ա­ռա­ջին հեր­թին, պահ մը ինք­զինքս կը կար­ծեմ Հա­լէ­պի Կի­րա­կի պա­զա­րի մթնո­լոր­տին մէջ, սա­կայն՝ քա­ղա­քակր­թուած վա­ճա­ռող­նե­րով, ո­րոնց ձայ­նը չի լսուիր, եւ ո­րոնց հետ խօ­սե­լու հա­մար հեր­թի պէտք է կանգ­նիս: Ընդ­հան­րա­պէս ա­նոնց ցու­ցադ­րուած ի­րե­րը գոր­ծա­ծուած են. իւ­րա­քան­չիւր խա­նութ­պա­նի ե­տին կանգ­նած է իր փո­խադ­րա­կառ­քը, որ կը ծա­ռա­յէ նաեւ որ­պէս պա­հես­տա­նոց:

Ու­շագ­րաւ է այս շու­կա­յի մաս­նա­գի­տա­կան բա­ժա­նու­մը՝ հա­գուս­տե­ղէ­նի, կա­հոյ­քի, ձայ­նապ­նակ­նե­րու, գիր­քե­րու, մե­տա­ղեայ գոր­ծիք­նե­րու, պնա­կե­ղէ­նի, յախ­ճա­պա­կիի, տնա­յին ե­լեկտ­րա­կան սար­քե­րու, այլ տեղ մը՝ զար­դե­ղէն­նե­րու, հին դրամ­նե­րու, դրոշ­մա­թուղ­թե­րու, տպա­րա­նա­յին կա­պա­րէ տա­ռե­րու, նկա­րի ալ­պոմ­նե­րու եւ ար­խիւ­նե­րու:

Ա­րե­ւելք բու­րող այս շու­կան էու­թիւնս կը ցնցէ, երբ կը հան­դի­պիմ ի­րե­րու, ո­րոնք թո­ղած եմ անկրկ­նե­լի Հա­լէ­պի մէջ:

Վեր­ջին այ­ցե­լու­թեանս, սո­վո­րա­կա­նին նման, քա­շած  մէկ լու­սան­կարս մտա­պատ­կե­րիս մէջ ցո­լա­ցաւ եւ ու­ղե­ղիս խոր­քէն պե­ղեց ան­հատ­նում յի­շա­տակ­ներ:

Քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն մա­մու­լի կող­քին, լու­րե­րու ունկնդ­րու­թեան միակ մի­ջո­ցը ձայ­նաս­փիւռն էր, որ նո­րա­հար­սի ու փե­սա­յի նման կը բազ­մէր տու­նե­րու սա­լոն­նե­րուն մէջ, այլ դա­սա­կարգ մը սրճա­րան­նե­րու եւ ա­կումբ­նե­րու սրահ­նե­րուն մէջ միայն վա­յե­լե­լու ա­ռիթ կ՚ու­նե­նար ի­տա­լա­ցի գիտ­նա­կան Մար­քո­նիի 1874 թուա­կա­նի հնար­քը, ո­րուն հա­մար ան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ 1909-ին:

Հնա­վա­ճա­ռի սե­ղա­նին վրայ հանգ­չած ռա­տիոն դի­տե­ցի մա­նու­կի մը եր­ջան­կու­թեամբ՝ ման­կա­կան յի­շա­տակ­նե­րուս եւ օ­րուան քա­ղա­քա­կան դէպ­քե­րու մի­ջեւ զու­գա­հեռ մը գծե­լով:

Սու­րիոյ մէջ վաթ­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ զի­նուո­րա­կան յե­ղաշր­ջում­նե­րու ազ­դան­շա­նը հան­րա­ծա­նօթ ալ­լահ ու աք­պար քայ­լերգն էր, որ այս­պէս կը սկսէր՝ «Ալ­լահ ու աք­պար ֆօու­քա քէյտ էլ մուու­թա­տի». ա­նոր կը յա­ջոր­դէր հա­ղոր­դագ­րու­թիւն թիւ 1-ը: Քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին  եր­կի­րը կը վե­րա­դառ­նար իր բնա­կա­նոն վի­ճա­կին՝ ա­ռանց ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան եւ ան­տե­ղի ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու:

Փոք­րե­րուս հա­մար մե­ծա­գոյն հա­ճոյքն էր կի­րա­կի­նե­րը ունկնդ­րել Կիպ­րո­սի հայ­կա­կան ռա­տիօ­ժա­մի սփռում­նե­րուն, «Հոս Կիպ­րո­սի ռա­տիօ­կա­յա­նի հայ­կա­կան ժամն է», խօս­նա­կին  հան­րա­ծա­նօթ բաց­ման նշա­նով: Ա­ւե­լի ուշ ծա­նօ­թա­ցայ այդ ձայ­նին՝ յան­ձինս մաէսթ­րօ Սե­պուհ Աբ­գա­րեա­նին:

Եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րի տա­րի­ներն էին, հայ­րե­նիք այ­ցե­լե­լը  մե­նաշ­նորհ էր, սահ­ման չու­նէին սա­կայն «Ե­րե­ւանն է խօ­սում» սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ուղ­ղուած սփռում­նե­րը, խորհր­դա­յին կար­գե­րու գո­վես­տը հիւ­սող յայ­տա­գիր­նե­րու կող­քին, մենք կը ծա­նօ­թա­նա­յինք  հայ եր­գի տի­տան­նե­րուն՝ Ար­մե­նակ Շահ­մու­րա­տեա­նին, Շա­րա Տա­լեա­նին, Գո­հար Գաս­պա­րեա­նին, Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նին  եւ Յով­հան­նէս Պա­տա­լեա­նին:

Տուն վե­րա­դար­ձիս, երբ ընկղ­մած էի այս մտա­ծում­նե­րուն մէջ,  Դի­մա­տետ­րի վրայ ու­րա­խու­թեամբ դի­տե­ցի սու­րիա­կան ա­ռա­ջին հայ­կա­կան ռա­տիօ­ժա­մի՝ «Ռա­տիօ Ե­րազ»ի հիմ­նադ­րու­թեան շքեղ եւ հո­գե­պա­րար հան­դի­սու­թիւ­նը, յի­շե­ցի նաեւ մի­ջոց մը կարճ կեանք ու­նե­ցող սու­րիա­կան ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­յե­րէն սփռում­նե­րը, զորս կը վա­րէր դա­մաս­կա­հայ Ի­մաս­տու­հի Փա­յամ­ճեա­նը:

Մա­նուկ հա­սա­կիս ե­րե­կոյ մը հօրս հետ այ­ցե­լած էի «Ա­րե­ւելք» օ­րա­թեր­թի տպա­րա­նը, խմբագ­րա­տան խուց-սե­նեա­կին մէջ ռա­տիո­յին դի­մաց նստած էր Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ վա­ղա­մե­ռիկ ըն­կե­րոջս՝ Վի­գէ­նին հայ­րը, Ներ­սէս Պար­սու­մեա­նը, մար­դուժ մը, բա­ռին բո­վան­դակ ի­մաս­տով, որ այդ օ­րե­րուն, երբ հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թը հա­րիւր հա­զար հա­յոր­դի կը համ­րէր, ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բո­լոր գոր­ծե­րը ա­ռան­ձի­նը վա­րե­լէ ետք, ի­րի­կունն ալ  կը խմբագ­րէր թեր­թին քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին  լու­րե­րը՝ ա­րա­բե­րէ­նէ  ունկնդ­րե­լով եւ տեղ­ւոյն վրայ հա­յե­րէ­նով գրի առ­նե­լով: Թէ ինչ­պէս ժա­մա­նակ գտած էր պատ­րաս­տե­լու Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թեան դա­սա­գիր­քե­րու շար­քը, այդ ալ՝ ու­րիշ հար­ցում մը, ո­րուն պա­տաս­խա­նը  կրնայ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել այս­պի­սի ան­յայտ եւ մոռ­ցուած նուի­րեալ­նե­րու կեան­քը:

Կա­շե­պատ պա­յու­սա­կա­ձեւ թրան­զիս­թըր ռա­տիօ­նե­րը ե­կան յե­ղաշր­ջե­լու յե­ղաշր­ջում սփռող խո­շոր տախ­տա­կէ սնտուկ­նե­րու մէջ տե­ղադ­րուած կազ­մած­նե­րը, ո­րոնք թան­գա­րա­նա­յին ի­րե­րու վե­րա­ծուե­ցան՝ այ­լա­զան վա­ճա­ռա­նիշ­նե­րով զա­նա­զան ձե­ւե­րով եւ ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ «ռնգա­յին» ձայ­նով:

Այժմ Հա­լէ­պի տու­նիս մէջ յա­տուկ սե­ղա­նի մը վրայ զե­տե­ղուած է հօ­րե­նա­կան գոյ­քե­րէս՝ «Ֆի­լիփս» վա­ճա­ռա­նի­շով ռա­տիօն եւ գրա­մե­քե­նան, կող­քին՝ մեծ­հօրս ֆո­նոկ­րա­ֆը ու մեծ­մօրս «Սին­կըր» կա­րի մե­քե­նան, քա­ռա­մեայ բա­ցա­կա­յու­թեանս ըն­թաց­քին ա­նոնք փո­շի­նե­րու տակ կը սպա­սեն խա­ղաղ օ­րե­րուն ու միշտ կը մնան գե­ղե­ցիկ յու­շեր, երբ ի­րենց նման­նե­րուն հան­դի­պիմ այլ վայ­րե­րու մէջ:

ՄԱ­ԹԻԿ ԷՊ­ԼԻ­ՂԱ­ԹԵԱՆ

Ժը­նեւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016