Հայաստանի Մէջ Ծնած է 18.4 Հազար երախայ
Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2016 թուականի Յունուար-Յունիսին» տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին երկրին մէջ ծնած է 18 հազար 439 երախայ, իսկ մահացած է 14 հազար 306 հոգի, բնական յաւելաճը կազմած է 2.7 տոկոս:
Ծնելութեան թիւով յառաջատարը Երեւան քաղաքն է, ուր ծնած է 7186 երախայ, Արարատի մարզը՝ 1666 եւ Կոտայքը՝ 1628: Ծնելութեան ամենացած մակարդակը առկայ է Վայոց Ձորի մէջ՝ 2016-ի առաջին եռամսեակին ծնած է 296 երախայ, Տաւուշի մէջ՝ 678, Սիւնիքի՝ 756: Մահացածներու թիւով կրկին յառաջատար է Երեւանը (կապ-ւած բնակչութեան քանակով)՝ 4650 հոգի, Լոռին՝ 1533, իսկ Շիրակը՝ 1334:
Մահերու թիւով ամենափոքր ցուցանիշները արձանագրուած են Վայոց Ձորի մէջ՝ 278 հոգի, Արագածոտնի մէջ՝ 615, Սիւնիքի մէջ՝ 695: 2015-ի առաջին կիսամեակի համեմատ ծնածներու թիւը 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին նուազած է 1.2 տոկոսով, մահացողներունը՝ 2.6 տոկոսով:
Բնական յաւելաճը աճած է 3.7 տոկոսով: 1000 բնակիչի հաշիւով ծնունդ-ներու թիւը 12 է, մահերու թիւը՝ 9-ը: 2016-ի Յունուար-Յունիսին 2015-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ արձանագրուած է 0-1 տարեկան երախաներու մահուան դէպքերու աճ՝ 8.2 տոկոսով, իսկ մանկական մահացութիւնը կազմած է 9.3 տոկոս:
Յղութեան հետ կապուած բարդութիւններէն, ծննդեան եւ յետծննդեան ժամանակահատուածին 2016-ի Յունուար-Յունիսին արձանագրուած է մայրական մահացութեան 3 դէպք: