ԵՒ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ…
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին արտասովոր կացութիւնը շաբաթավերջին մտաւ յաղթահարման հունի մէջ։ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբը, որ Երեւանի մերձակայքին ոստիկանական կեդրոն մը բռնագրաւած էր, երկու շաբթուան դիմադրութենէ մը վերջ երէկ յետմիջօրէին զէնքերը թողուց եւ յանձնուեցաւ երկրի իրաւապահ մարմիններուն։ Շաբաթավերջը դարձեալ լարուած էր Հայաստանի մէջ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Շաբաթ յետմիջօրէի ժամերուն վերջնագիր մը ներկայացուց «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերջնաժամկէտ սահմանեց Շաբաթ, Երեւանի ժամով 17.00-ը։ Այդ ժամկէտին սահմանումը արդէն թափ տուաւ իրադարձութիւններուն։ Ընդդիմադիր ուժերը հանրահաւաք մը կազմակերպեցին Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Ցոյցին յաջորդեց Երեւանի կեդրոնին մէջ երթ մը։ Ցուցարարները փափաքեցան երթը շարունակել Բաղրամեան պողոտայի ուղղութեամբ, որու վրայ կը գտնուին Հանրապետութեան նախագահին ապարանքն ու Ազգային ժողովը։ Ոստիկանութիւնը այդ իրավիճակին մէջ փակեց Բաղրամեան պողոտան, իսկ ցուցարարները չհեռացան եւ սկսան նստացոյցի մը։ Որպէս բողոք՝ այդ լարուած վիճակին քաղաքացի մը հանդէս եկաւ ինքզինք հրկիզման փորձով։ Միւս ցուցարարները միջամտելով փրկեցին զինքը։ Վրայ հասաւ ոստիկանական ինքնաշարժ մը, որպէսզի այդ քաղաքացին տարուի հիւանդանոց։ Սակայն ան մերժեց ոստիկանական ինքնաշարժ մտնել եւ թաքսիով մը գնաց հիւանդանոց։ Յառաջացած ժամերուն նստացոյցի մասնակիցներուն թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ, իսկ ոստիկանութիւնը անոնց կոչ ուղղեց դադրեցնել նստացոյցը, որովհետեւ այդ մէկը արդէն ապօրինի էր։ Ընդդիմադիր ցուցարարները ընթացք տուին այդ կոչին եւ այսպէսով Բաղրամեան պողոտան վերաբացուեցաւ երթեւեկութեան։
Շաբաթ օրուան ցաւալի իրադարձութիւններէն մին ալ այն էր, որ «Սասնայ ծռեր»ու այս երկշաբաթեայ ոդիսականի եզրափակիչ փուլին դժբախտաբար ոստիկան մը եւս զոհուեցաւ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ սահմանուած վերջնաժամկէտէն վերջ, «Սասնայ ծռեր»ու կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնի տարածքէն դիպուկահարի միջոցաւ կրակ բացուեցաւ շուրջ 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ կայանած ոստիկանական ինքնաշարժի մը վարորդին վրայ։ Այդ փամփուշտին զոհ գնաց 30-ամեայ ոստիկան Եուրի Տեփանոսեան։ Մինչ այդ, «Սասնայ ծռեր»ու կողմէ պատանդ առնուած շտապ օգնութեան մասնագէտներն ալ շաբաթավերջին յաջողեցան դուրս գալ բռնագրաւեալ ոստիկանական տարածքէն։
Երէկուան օրը դարձեալ սկսաւ վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտի մը մէջ։ Օրուան երկրորդ կէսին զինեալ խումբը տեղեկացուց, թէ որոշած է թողել զէնքերը եւ յանձնուիլ։ Հայաստանի ոստիկանութեան պաշտօնական աղբիւրները տարածեցին տեսանիւթ մը՝ խումբի անդամներու յանձնուելու պահէն։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ երկու շաբաթ բռնագրաւման տակ մնացած ոստիկանական կեդրոնի տարածքը ամբողջութեամբ ազատուած է ու ձերբակալուած՝ քսան հոգի։
«Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը այս արարքին ձեռնարկած էր՝ պահանջելով «Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ձերբակալեալ ղեկավար Ժիրայր Սէֆիրեանի ազատ արձակուիլը եւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Երկու շաբթուան աղմկարար դէպքերուն հետեւանքով երկու ոստիկան զոհուեցաւ։ Իրաւապահ մարմիններու եւ ցուցարարներու շարքերէն եղան բազում վիրաւորներ։