Հանրային Ձայնասփիւռին 90-ամեակը
Այս տարուան Սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի առաջին ձայնասփիւռի կայանին՝ 1926 թուականին 25 վայրկեան տեւողութեամբ հեռարձակուած կայանին ծննդեան 90-ամեակը: Նշենք, որ թէեւ հայաստանեան լրատուամիջոցները այս կայանը կը նկատեն առաջինը, սակայն իսկութեան մէջ առաջին կայանը սկսած է գործել առաջին հանրապետութեան տարիներուն, 1919-ին:
Այս ծիրին մէջ վերջերս Հանրային ձայնասփիւռի աշխատակիցներուն համար հանգիստի յարմարաւէտ պայմաններով օժտուած շէնքի ու բակի բացումը կատարուած է, իսկ 18 Յուլիսին նոյն շէնքին առջեւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է Հայաստանի հանրային ռատիօհեռուստատեսութեան երախտաւորներու աստղային ճեմուղիին:
«Մարդիկ իրենց կեանքով եւ աշխատանքով ապացուցած են այն նուիրուածութիւնը, որ այսօր կը կոչուի Հայաստանի պատկերասփիւռի 60-ամեայ եւ ձայնասփիւռի 90-ամեայ պատմութիւն: Իսկ անոնց համար, որոնք դեռ կը շարունակեն ապրիլ եւ ստեղծագործել, այդ թիւին մաս կը կազմեմ նաեւ ես, շատ մեծ պատասխանատուութեան տակ կը գտնուին: Խոր համոզումով, ներկայիս ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի թռիչքի զարգացման այս պայմաններուն մէջ, նորը պէտք է կառուցել հինին, աւանդականին վրայ: Իսկ այս յուշաքարերը այն սեպագիր արձանագրութիւններն են, այն ամուր հիմքերն են, որոնց հիման վրայ պէտք է կառուցել ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ապագան», նշած է «Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան» խորհուրդի անդամ, Հանրային ձայնասփիւռի երկարամեայ տնօրէն Արմէն Ամիրեան:
Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայացման ու բազմատեսակ, բազմաբովանդակալից հաղորդումներուն առաւելապէս տեղ տալու եւ անոնց բարգաւաճման նպաստած ակնառու վաստակաշատ մասնակիցներն են՝ Օհան Տուրեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Վերա Յակոբեան, Տիգրան Նաղդալեան, Ռոպերթ Մաւիսաքալեան, Ճոն Կիրակոսեան, Վաչէ Յովսէփեան, Յովհաննէս Պատալեան, Գրիգոր Չալիկեան, Ժիրայր Աւետիսեան, Արմէն Ամիրեան, Քլարա Թերզեան եւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնց անունները ամրագրուած են աստղային ճեմուղիին վրայ:
«Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան» խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Ջաղինեան, որ նաեւ այս գեղեցիկ միջոցառման նախաձեռնողներէն է, վստահեցուցած է, որ անիկա պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ եւ ոլորտին մէջ մեծ վաստակ ունեցողներուն անունները եւս իրենց տեղը պիտի գտնեն աստղային ճեմուղիին վրայ: «Այդ մարդոց շնորհիւ զարգացած են հայկական ձայնասփիւռը եւ պատկերասփիւռը: Անոնք այսօր ալ իրենց գործով օրինակ կը ծառայեն երիտասարդներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ օրս կ՚աշխատին հայկական ռատիօհեռուստաընկերութեան մէջ: Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք որեւէ առընչութիւն ունեցան այսօրուան տօնակատարութեան: Յուսամ, որ այսօրուան միջոցառումը աւանդական կը դառնայ եւ կը գտնէ իր արժանի տեղը», ըսած է Ռուբէն Ջաղինեան:
Այսուհետեւ այս ճեմուղիին անցորդները կարելիութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու հանրապետութեան զանգուածային գլխաւոր լրատուամիջոցներու կարկառուն անուններուն: