ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱՐ ՄՏԱՀՈԳ
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիոյ հետ ապահովուած համաձայնութիւնը կրնայ ձախողիլ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան Աւստրիոյ «Քուրիէր» թերթին մէջ գրի առած յօդուածին շրջագծով անդրադարձաւ այս հարցին։ Ըստ Եունքէրի, Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնը շատ խոցելի է ու դէմ յանդիման կը գտնուի մեծ ռիսքի մը։ Այս համոզման որպէս պատճառաբանութիւն՝ ան մատնանշած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի յայտարարութիւնները։
«Էրտողան քանիցս ակնարկեց, որ կը փափաքի վերջացնել համաձայնութիւնը», նշեց Եունքէր եւ աւելցուց, թէ եթէ այդ համաձայնութիւնը ձախողի, ապա գաղթականաց հոսքը պիտի վերսկսի դէպի Եւրոպա։