ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն անմիջապէս վերջ Պինալի Եըլտըրըմ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալած էր ընդդիմադիր ղեկավարները։ Երկրէն ներս ստեղծուած ու մանաւանդ միջկուսակցական հարթութեան վրայ զգալի դարձած զօրակցութեան մթնոլորտին մէջ վարչապետը փոխադարձ այցելութիւններ տուաւ ՃՀՓ-ի եւ ՄՀՓ-ի կեդրոնները։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Եըլտըրըմ-Քըլըչտարօղլու զրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արտակարգ դրութեան շրջագծով առնուած քայլերը։ Քըլըչտարօղլու մասնաւորապէս քննադատութիւններ ունեցաւ կառավարութեան կողմէ ընդունուած օրէնքի համազօր հրամանագրերուն շուրջ։ Ի պատասխան այդ բոլորին՝ վարչապետը ընդգծեց, թէ պետական հարուածի վտանգը տակաւին չէ յաղթահարուած եւ իրենց աշխատանքները կեդրոնացած են այդ ռիսքը ամբողջութեամբ անհետացնելու վրայ։ Հետեւաբար, այդ քայլերը կ՚առնուին այս նպատակով եւ կառավարութիւնը կը մրցի ժամանակի հետ։ Վարչապետը նշած է նաեւ, որ իշխանութիւնները կ՚արձանագրեն ընդդիմութեան մտահոգութիւնները։ 1 ժամ 10 վայրկեան տեւած զրոյցին ընթացքին Եըլտըրըմ եւ Քըլըչտարօղլու կարծիքներ փոխանակած են նաեւ արեւմտեան աշխարհէն ներս ստեղծուած արձագանգներուն շուրջ։
Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս շաբաթավերջին Ենիգաբուի մէջ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքին համար հրաւէր ուղղեց նաեւ խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներուն։ Այսպէս, Էրտողան Քըլըչտարօղլուն եւ Պահչելին հրաւիրեց Ենիգաբուի հանրահաւաքին մասնակցելու եւ այնտեղ ելոյթ ունենալու։ Բնականաբար, ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Վարչապետ Եըլտըրըմ եւս ունեցած է նման հրաւէր մը։ Նախագահական պալատի եւ կուսակցութիւններու կեդրոններուն միջեւ այս նիւթին վերաբերեալ հրաւէրները կը համակարգուին Հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆահրի Քասըրկայի կողմէ։ Պինալի Եըլտըրըմի հետ երէկուան տեսակցութենէն վերջ, Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ տեղեկացուց, որ կը հրաժարի Էրտողանի դէմ բացած դատերէն եւ իր փաստաբաններուն անհրաժեշտ հրահանգը տուած է, որպէսզի ետ քաշուին այդ դատէն։
Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք երէկ յայտարարեց, թէ այս տարի 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ տօնակատարութիւններ տեղի պիտի չունենան։