ՓՈՒԹԻՆ, ՌՈՒՀԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Օգոստոսի 8-ին նախատեսուած հանդիպումը պիտի ըլլայ եռակողմանի այս ձեւաչափով առաջին գագաթաժողովը։ Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ պիտի քննարկեն միջազգային եւ տարածքաշրջանային քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կանգ պիտի առնեն գործնական համագործակցութիւնը կարգաւորելու հեռանկարները՝ մասնաւորապէս ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներէն ներս։
Պաքուի մէջ նախատեսուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ՝ եռակողմանի գագաթաժողովին մասնակցելիք ղեկավարներուն միջեւ։
Հայաստանեան լրատուամիջոցները վերջին շրջաններուն յաճախ անդրադարձան այս մօտալուտ տեսակցութեան։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Պաքուի գագաթաժողովին ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Արդարեւ, կարգաւորման գործընթացէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած կարգ մը վարկածներու պարագային Իրան ունի անհանգստութիւններ։ Հետեւաբար, Հասան Ռուհանի կը ծրագրէ այս հարթակը օգտագործել՝ Թեհրանի մտահոգութիւնները օրակարգի վրայ բերելու տեսակէտէ։