ՃՀՓ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ

Յու­լիս 15-ի պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձէն վերջ ձեռ­նար­կուած հե­տաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ թա­փով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ հան­րա­յին կար­ծի­քին փո­խան­ցե­ցին ու­շագ­րաւ պատ­գամ­ներ։ Օ­տար ներդ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից­նե­րու հաս­ցէին։ Իր կար­գին, Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ու­ղիղ ե­թե­րով հան­դէս ե­կաւ «CNN Türk»էն։

 Մինչ այդ, հան­րա­յին կար­ծի­քը ու­շադ­րու­թեամբ կը սպա­սէ նաեւ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք մեծ հան­րա­հա­ւա­քին, ո­րուն հրա­ւի­րուած են նաեւ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը։ Ե­րէկ, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան­ձամբ պի­տի չմաս­նակ­ցի այդ հան­րա­հա­ւա­քին եւ ՃՀՓ­-ի կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը պի­տի մեկ­նի Ե­նի­գա­բու։ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ նա­հա­տակ­նե­րու» այս հան­րա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ շու­տով կը սպա­սուի նաեւ ՄՀՓ­-ի պա­տաս­խա­նին։

Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ե­րա­նի Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու նա­խընտ­րէր ան­ձամբ մաս­նակ­ցիլ։ «Բայց առ­նուազն կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ու­ղար­կումն ալ ցոյց կու տայ միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016