ԱՐՄԱՒԵՆԻ ՄԻՐՕՂԼՈՒԻ «ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐԸ (1923-1939)»
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու վաստակաւոր կրթական մշակ ու գիտնական Տքթ. Արմաւենի Միրօղլուն, որ մեզի նուիրեց Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակուած իր գիրքը, որ կը կոչուի «Պոլսահայերը (1923-1939)»։
Արմաւենի Միրօղլու վերջին տարիներուն տոքթորականի աշխատանք կը տանէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս։ Այդ աշխատանքին հիման վրայ պաշտպանեց իր թեզը՝ նուաճելով գիտական կոչումը։ Իսկ ներկայիս հրատարակուած գիրքը, իր կարգին, պատրաստուած է տոքթորականի թեզին հիման վրայ։ «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշարէն հրատարակուած է այս գիրքը՝ որպէս 145-րդ գործը։
Արմաւենի Միրօղլուի կողմէ տարուած աշխատանքը անտարակոյս յատկանշական է մեր իրականութեան տեսանկիւնէն։ Պոլսահայ կրթական մշակներու շարքին սակաւ է թիւը անոնց, որոնք յաւելեալ մասնագիտական աշխատանք կը տանին, կամ կը խորանան ակադեմական ասպարէզի մէջ։ Մասնաւորապէս հայերէնի ուսուցիչներու պարագային այս երեւոյթը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Արմաւենի Միրօղլուի աշխատանքը այս առումով անանտեսելի է։ Իր գործը գնահատանքի արժանի է նաեւ բովանդակութեան տեսանկիւնէն։ Յայտնի գիտնական Ալպերթ Խառատեանի կողմէ խմբագրուած այս գիրքը լոյս կը սփռէ կարեւոր ժամանակահատուծի մը վրայ։ Հեղինակը խոշորացոյցի տակ առած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն սկսեալ մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի ծագած ժամանակահատուածը։ Սա իսկապէս եզակի շրջան մըն է, որու մասին տեղեկութիւնները սահմանափակ են։ Այս շրջանի իրադարձութիւնները թէեւ թրքահայութեան ներկայ իրականութեան վրայ անշրջադարձելի ազդեցութիւն մը գործած են, սակայն անցումային իրավիճակի թոհուբոհին մէջ մեր օրերուն ժառանգուածը էապէս սահմանափակ է՝ թէ՛ տարրական տեղեկատուութեան եւ թէ վերլուծութիւններու տեսանկիւնէն։ Այս հանգամանքը ի զօրու է ինչպէս մեր համայնքին, այնպէս ալ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին տեսակէտէ։
Այս իրողութեան լոյսին տակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրութիւնը կու գայ լրացնել լուրջ բաց մը։ Ան փորձած է ներթափանցել ակունքներուն՝ լաւագոյնս պատկերացնելու համար իրադրութիւնը այն փուլին, որմէ անդին թրքահայութիւնը սկսաւ ապրիլ կրօնական փոքրամասնութեան կարգավիճակով։ Այս ամբողջին մէջ ան նկատի առած է թրքահայութեան ներքին հաւասարակշռութիւններն ու հաստատութիւններուն համապատասխանեցումը՝ նոր իրավիճակին։ Ի լրումն այդ բոլորին, ներկայացուած են պետութեան վերաբերմունքը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ եւ փոքրամասնական միւս տարրերուն հետ յարաբերութիւնները։
Արմաւենի Միրօղլու հաւաքական մեր կեանքը ցոլացուցած է առանց զանց առնելու կրթական, մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքը։ Լեզուի նիւթը նոյնպէս առանցքային տեղ մը կը զբաղեցնէ իր ուսումնասիրութեան մէջ։
Տոքթորականի տարիներուն Արմաւենի Միրօղլուի կողմէ կուտակուած փորձառութիւնն ու պաշարը լաւագոյնս ամփոփուած են այս գիրքին մէջ, որ կը ցոլացնէ տուեալ ժամանակաշրջանը խորքային ձեւով պատկերացնելու, անոր ծալքերուն ներթափանցելու բազմակողմանի ջանք մը։ Ուստի, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տքթ. Արմաւելի Միրօղլու Մուհթարեանն ու կը մաղթենք, որ ան անսպառ եռանդով տեւականացնէ իր գիտական արտադրութիւնը։