ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՄԵՆԱԿԵԱՑ ՄԵՂՐԱԼՈՒՍԻՆ 

Մեր գիտ­ցած ըմբռ­նու­մով՝ մեղ­րա­լու­սի­նը կ­­՚ըլ­լայ եր­կու հո­գիի հա­մար, հարս ու փե­սայ։ Սա­կայն կ՚ե­րե­ւի թէ կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ, հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ։

Ու­րեմն այս դէպ­քը կը պա­տա­հի Փա­քիս­տա­նի մէջ։ Նո­րապ­սակ ա­մոլ մը՝ Ար­սա­լան Սեւէր Պրէթ եւ Հու­մա Մո­պին, կը ծրագ­րեն ի­րենց մեղ­րա­լու­սի­նը անց­ընել Յու­նաս­տա­նի մէջ։ Օ­դա­նա­ւի տոմ­սակ­նե­րը կը գնեն, ի­ջե­ւա­նե­լիք պան­դո­կը կ՚ա­պա­հո­վեն եւ կ՚եր­թան յու­նա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան վի­զա առ­նե­լու հա­մար։

­Մին­չեւ հոս ար­տա­կարգ ոչ մէկ ե­րե­ւոյթ։ Սա­կայն ե­կուր տես, որ ի ՜նչ ի ՜նչ պատ­ճառ­նե­րո­վ, հիւ­պա­տո­սը կը մեր­ժէ փե­սա­յին Յու­նաս­տան մուտ­քի վի­զա տալ։ Գի­տե­նք, որ Փա­քի­ստան ի­սլա­մա­կան եր­կի­ր մըն է եւ թե­րեւս Ար­սա­լա­նի ա­նու­նը կը գտնուէ­ր սեւ ցան­կի վրայ (no fly list), որ­պէ­ս կաս­կա­ծե­լի անձ մը­…։

­Ճա­րա­հատ՝ Հու­մա կ՚ո­րո­շէ ա­ռան­ձի­ն եր­թալ Յու­նաս­տան, որ­պէ­սզի օ­դա­նա­ւի եւ պան­դո­կի վճա­րուած գու­մա­րը լման չվատ-նըւի եւ գո­նէ կէ­սո­վ մը կա­րե­նայ ա­նոր ար­ժէ­քը օգ­տա­գոր­ծե­լ։ Եւ ա­հա քե­զի մե­նա­կեաց մե­ղրա­լու­սի­նի ե­զա­կի ե­րե­ւո­յթ մը։

Կը կար­ծե­մ, որ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է հար­սի­ն վճ­ռա­կա­մու­թի­ւնը եւ փե­սա­յին թոյլ­տուու­թի­ւնը­, որ հար­սը մեղ­րա­լու­սի­նը ա­ռան­ձի­ն անցը­նէ։ Եր­կու չա­րեաց փո­քրա­գոյ­նը­, պի­տի կո­չէ­ր հայ­կա­կան ա­սա­ցուած­քը։

Եւ ա­հա հար­սը ուր որ գա­ցած է­, նկա­րուած է ձեռ­քե­րը լայն բա­ցած՝ որ­պէս թէ փե­սան ը­լլար ի­ր կող­քի­ն...։ Դի­տեց­էք նկա­րը, որ ցոյց կու տայ հար­սը Ա­թէն­քի ա­ւե­րակ­նե­րու­ն մէջ­: Ան մէկ ձեռ­քով կը նկա­րու­ի (selfie), իսկ միւս ձեռ­քով ալ եր­ե­ւա­կա­յու­թեամբ կը գրկէ իր բա­ցա­կայ փես­ան (տես նկա­րը)­։ Պա­տիւս ար­ժա­նա­ւո­րաց։

ՅԱՆ­ԴՈՒ­ԳՆ ԱՐ­ԾԻՒՆ ՈՒ ՄԱՐ­ԴԱՍ­ՊԱՆ ԿՈ­ԿՈՐ­ԴԻ­ԼՈՍ­Ը

Կ՚ըս­ուի, թէ ա­նա­սու­ննե­րը կը սպան­նեն՝ ու­րիշ ա­նա­սու­ն կամ մարդ ա­րա­րած, միայն եթ­է ա­նօ­թի ըլ­լան։ Սա ան­տա­ռի օ­րէն­քն է, ուր մեծ ա­նա­սու­ններ կ՚որ­սան փոքր ա­նա­սու­ններ՝ ի­րեն­ց գոյ­ու­թիւ­նը կա­րեն­ալ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Այս օր­էն­քը նոյնն է թռչնազ­գին­ե­րու եւ ծո­վա­յին կեն­դա­նի­ներ­ու հա­մար ալ։

Մեր պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին դէպ­քը կը պա­տա­հի Աւստ­րա­լիո­յ հիւ­սի­սա­յին երկ­րա­մա­սի (northern territory) Alice Springs Desert զբօ­սայ­գիին մէջ, թռչուն­ներ­ու ցու­ցադ­րու­թեա­ն մը հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին­։­

Ար­դա­րեւ ար­ծիւ մը եր­կին­քէն դէ­պի եր­կիր կը խո­յա­նայ եւ կը ջա­նայ մօր­ը գիր­կէն ե­րա­խայ մը յափշ­տա­կել­։ Գիտ­ենք, որ ար­ծիւ­ներ­ուն տե­սո­ղու­թիւ­նը շատ սուր կ՚ըլ­լայ եւ ա­նոնց խո­յան­քը շատ ա­րագ։

Բա­րե­բախ­տա­բար սա­կայն ե­րա­խա­յին գլխար­կը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ, որ մեր յան­դուգն ար­ծի­ւը կա­րեն­այ հաս­նիլ իր նպա­տա­կին։ Սար­սա­փազ­դու այս դէպ­քը նկա­րա­հա­նու­ած է ա­նոնց մօտ գտնուող հան­դի­սա­տե­սի մը կող­մէ։ Ով գի­տէ խեղճ ար­ծի­ւը որ­քա ՜ն ա­նօ­թի է­ր։

­Մեր պատ­մութ­եան երկ­րորդ դէպ­քը կ­­ը պա­տա­հի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ֆլո­րի­տա նա­հան­գի Օր­լան­տօ քա­ղա­քին մէջ։ Walt Disney World պան­դո­կը ի­ջե­ւա­նած զբօ­սաշր­ջիկ մը, իր եր­կու տա­րե­կա­ն մանչ զա­ւա­կին հետ Lane Graves կը գտնը-ւէր, մեր­ձա­կայ ա­րուես­տա­կան լի­ճի ա­փին, երբ խո­շոր կո­կոր- դի­լոս մը ափ գա­լով, երկ­վայր­կեա­նի մը մէջ կը յափշ­տա­կէ ան­մեղ մա­նուկ­ը եւ կ՚ան­հե­տա­նայ ջու­րին յա­տա­կը...։

­Խու­զար­կող ոս­տի­կա­ննե­րը մ­­ի քա­նի օ­րեր ետք միայն կը գ­տ­նեն մա­նուկ­ին հա­գուս­տէն մնա­ցած մաս­նիկ­ներ, հաս­տա­տե­լո­վ ե­րա­խա­յին ստոյգ մա­հը։

Դար­ձեալ Ֆլո­րի­տա­յի մ­­էջ՝ բայց այս ան­գամ Sea World զբօ­սայ­գիին մէջ, կէտ ձուկ մը իր մար­զի­չի­ն մա­հուան պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Այս դէպ­քը կ­­ը պա­տա­հի 2010 թուա­կա­նին, ի ներ­կա­յու­թեան մի քա­նի հ­­ա­րիւր հան­դի­սա­տես­նե­րու։

Իսկ 2003 թուա­կա­նին Լաս Վե­կա­սի նշա­նա­ւոր պան­դոկ­նե­րէ­ն մէ­կու մը հ­­ան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ճեր­մակ վագր մը խ­­ոշ­տան­գեց տա­րի­նե­րու իր եր­կու մար­զիչ­նե­րէն մին՝ Ռոյ Հոր­նը։ Բա­րե­բախ­տա­բար այս դէպ­քը մա­հ-ւամբ չվեր­ջա­ցաւ։

Չմոռ­նանք, որ ար­ծի­ւը, կ­­ո­կոր­դի­լո­սը, կէտ ձուկն ու վագ­րը կե­նդ­­ա­նի­ներ ե­ն եւ ո­րքան ալ մար­զուին՝ ա­նաս­նա­յին ի­րենց բնազ­դը եր­բեմն կը յաղ­թէ իր­ենց կեր­տած բա­րե­կա­մու­թեան ու ա­նոնք ա­կա­մայ կը դա­ռնան մար­դաս­պան­ներ։­

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016