ՀԱԼԷՊԻ ԽՈՆԱՐՀՆԵՐԷՆ. ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԵԾ ՍԻՐԱՀԱՐ՝ ԿԱԶՄԱՐԱՐ ԱՄՄՕ ԹԱԴԷՈՍԸ

Այդ օր դար­ձեալ գիր­քե­րուս հետ էի: Կը փոր­ձէի փո­շի­նե­րը մաք­րել, ա­պա՝ կար­գով կրկին ան­գամ շա­րել: Հա­ճե­լի զբա­ղում: Վեր­յի­շում­նե­րու ա­ռիթ: Ինք­նա­ծին, միա­ժա­մա­նակ մեծ ցան­կու­թիւն մը ու­նէի վե­րապ­րե­լու: Թէեւ այս բո­լո­րը ժա­մեր տե­ւե­ցին, սա­կայն մտո­վի միշտ ա­նոնց ճա­կա­տագ­րով ալ մտա­հո­գուած մնա­ցած էի: Այդ վայր­կեա­նին կար­ծես ոչ միայն հին ու պարզ ի­րա­կա­նու­թեան հետ դէմ դի­մաց կե­ցած էի, այլ նաեւ միակ ա­կա­նա­տե­սը դար­ձած՝ ա­նոր դա­ժա­նու­թեան, որ կը խո­ցէր ե­րազ­ներս: Սա­կայն եւ այն­պէս հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոնց ա­պա­գան պղտո­րած էր ու­րա­խու­թիւնս, գիր­քե­րու հան­դէպ ու­նե­ցած սէրս միշտ պա­հած էր իր պայ­ծա­ռու­թիւ­նը: Ճիշդ էր, մտա­հո­գու­թիւն էր, ան­դար­մա­նե­լի եւ սար­սա­փե­լի, բայց… Ա­նոր հա­մար էր, որ կրկին ան­գամ կեան­քը ա­նօ­րի­նակ թուե­ցաւ: Տե­սակ մը՝ կծու եւ ան­համ: Մեզ­մէ ետք ո՞վ պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ւան­դը, կը կրկնէի մտո­վի: Ինք­նա­բե­րա­բար յու­սա­հա­տե­ցայ:

Գրա­դա­րանս ու գիր­քերս: Մին­չեւ այ­սօր կը հա­ւա­տամ, որ ին­ծի հա­մար ա­նոնք տա­կա­ւին չպատ­մուած հե­քիաթ­ներ ու­նէին, նոյ­նիսկ խոր­հուրդ­ներ՝ կա­պուած ան­ցեա­լիս հետ ո­րոնք ի­րենց հետ, կը բե­րէին ե­րա­նա­ւէտ ու նաեւ հեշ­տա­լի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, դպրո­ցա­կան եւ մա­նա­ւանդ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րու ան­փո­խա­րի­նե­լի պա­հե­րուն: Եւ ա­մէն ան­գամ, որ գրա­դա­րա­նիս դի­մաց կե­նա­յի, կը կար­ծէի, որ գիր­քերս ի­րենց կա­րօ­տի գոյ­նով եւ տրա­մադ­րու­թեամբ հետս կը խօ­սէին: Ու ես այդ վայր­կեա­նին ե­րազ ու­նե­ցող մար­դոց նման՝ գրա­դա­րա­նիս առ­ջեւ անձս կը փնտռէի: Պարզ, ինք­նա­տիպ, մա­քուր, ան­մեղ եւ նա­հա­պե­տա­կան: Բարդ զգա­ցում:

Ան­կեղ­ծօ­րէն ը­սե­լով, այդ օր, այդ պա­հը նաեւ կը յու­շէր, որ այդ բո­լոր կո­կիկ ու կազմուած գիր­քերս, ո­րոնք տա­րի­ներ ա­ռաջ տե­սա­կա­ւոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով ծննդա­վայ­րէս հետս բե­րած էի, բո­լո­րին կող­քե­րը «ձեռ­քի գործն» էին մեր հայ­րե­նա­կից կազ­մա­րար Ամ­մօ Թա­դէո­սին:

Յան­կարծ ան­հան­գիստ ջիղ մը սկսած էր մէջս շար­ժիլ՝ մտքիս մէջ պահ մնա­ցած ցան­կու­թեան նման: Հին յու­շերս, ո­րոնք սիրտս կը տրո­փէին, ա­նոնց հետ կա­մաց կա­մաց  մարդ­կա­յին դի­մա­գիծ մըն ալ սկսած էր յայտնուիլ: Եւ ա­հա ին­քը՝ կազ­մա­րար ամ­մոն: Իս­կա­պէս, որ պա­հը մտեր­մու­թիւն ալ կը յու­շէր:

Սա­կայն ո՞վ էր այս մար­դը: Ար­դեօք ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն հայ­կա­կան Սա­լի­պէ թա­ղի մեր բա­կի հինգ դրա­ցի­նե­րէս մէ՞կն էր, թէ ոչ՝ մեր ըն­տա­նի­քին եւ յատ­կա­պէս ո­ղոր­մած հօրս սրտա­կից հայ­րե­նա­կի­ցը, կամ՝ Հա­լէ­պի ՀՄԸՄ-ի շար­քե­րուն ար­ձա­նագ­րուած ա­ռա­ջին սկաուտն ու եւ ա­պա նոյն այդ միու­թեան տա­րի­ներ ետք ու տա­րի­նե­րով ա­նոր ա­ռա­ջին ա­քե­լան եւ, ա­ւե­լին, Հա­լէ­պի Հո­գե­տու­նէն դէ­պի Քա­ռա­սուն Ման­կանց ե­կե­ղե­ցին տա­նող ճամ­բու խաչ­մե­րու­կին տախ­տա­կէ մէկ փեղ­կա­նոց խա­նութ ու­նե­ցող ա­ւե­լի քան կէս դա­րու կազ­մա­րա­րը: Հաս­տա­տօ­րէն՝ հան­րա­ծա­նօթ կազ­մա­րար Թա­դէոս Թիւ­թե­լեա­նը: Ա­ւե­լի՛ն. զինք ճանչ­ցող­նե­րուս հա­մար՝ մարդ­կա­յին նկա­րագ­րի ա­մե­նէն մա­քուր գի­ծե­րու տէ­րը:

Ա­հա թէ ով էր ինք: Ծնած էր Խար­բերդ բեր­դա­քա­ղա­քի հա­րա­ւը գտնուող Տաւ­րոս եւ Ան­դի­տաւ­րոս լեռ­նե­րուն մէջ, Մա­ցառ եւ Հա­զար Պա­պա լեռ­նե­րու լան­ջին գտնուող հա­րիւր տուն հա­շուող Ծովք գիւ­ղին մէջ: Ու հպար­տօ­րէն կը պատ­մէր բո­լո­րին՝ ը­սե­լով. «Հա­րուստ էինք. ու­նէինք մէկ ջա­ղացք, եր­կու այ­գի եւ բրին­ձի եր­կու դաշտ եւ ութ արտ: Մեծհայրս գիւ­ղի միակ ե­կե­ղեց­ւոյ միակ քա­հա­նան էր, իսկ հայրս ալ գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի թէ՛ միակ վար­ժա­պե­տը, թէ՛ միակ տի­րա­ցուն եւ թէ՛ թա­ղա­կա­նը»:

Ու հա­զա­րա­ւոր հայ տղոց նման, պա­պե­րու եր­կի­րը պար­տադ­րա­բար ձգե­լով իր ման­կու­թիւ­նը, ապ­րի­լեան ե­ղեռ­նը ճա­շա­կե­լով ու հօր­մէ որ­բա­ցած՝ մօ­րը հետ ան­ցած էր Մի­զի­րէէն Մա­լա­թիա, ան­կէ Տիգ­րա­նա­կերտ եւ Ճա­րապ­լուս, ու վեր­ջա­պէս հաս­տա­տուած էր Հա­լէպ ու քա­նի մը տա­րի ետք՝ կազ­մա­տուն մը «բա­ցած»:

Այս բո­լո­րին մա­սին խօ­սած պա­հուն խա­ղաղ նա­յուածք մը կը նե­տէր զինք մտիկ ը­նո­ղին վրայ, որ միա­ժա­մա­նակ հա­մակ­րանք ալ կ՚ար­տա­յայ­տէր: Ը­սե­լու, պատ­մե­լու եւ խօ­սե­լու իր ո­ճէն զինք լսո­ղը պի­տի կար­ծէր, որ ան այդ օ­րե­րու երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի մը շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մէ­կը ե­ղած ըլ­լա­լու էր:

Իր երկ­րին մէջ ինք հա­րուս­տի զա­ւակ էր, ու իր աս­տուած­նե­րը տա­կա­ւին ողջ էին, կ՚ապ­րէին, կը շնչէին, իր վե­րա­դար­ձին կը սպա­սէին: Ինք այս բո­լո­րին կը հա­ւա­տար: Իսկ հոս ալ ան կը պատ­կա­նէր նուի­րեալ­նե­րու այն հոյ­լին, ո­րոնք աշ­խար­հի ցե­խէն վեր էին միշտ:

Բա­րակ ու նի­հար մարմ­նով, ե­րե­սին վրայ գանկ եւ աչ­քեր ու­նէր միայն, իսկ դէմ­քին միշտ ա­նուշ ժպիտ մը: Ինք լա­ւա­տե­ղեակ էր, որ իր ճա­կա­տա­գի­րը իր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւնն ալ էր: Իր ան­ցեա­լը թէեւ ող­բա­լիօ­րէն թանձր էր, սա­կայն հոն մահ չկար:

Ի­մաս­տուն խօս­քե­րուն հետ խառ­նուած ձայ­նը հան­դարտ ան­կեղ­ծու­թիւն ալ կը փո­խան­ցէր: Թէեւ լսո­ղու­թիւ­նը ծանր էր, սա­կայն հա­ճե­լի խօ­սա­կից ալ էր: Սրտա­կից, խո­հա­կից եւ խորհր­դա­կից: Ի­րեն հետ հան­դիպու­մը միշտ մտեր­մու­թիւն կը յու­շէր:

Ինք լոկ պարզ կազ­մա­րար մը չէր: Իր կազ­մած բո­լո­րը գիր­քե­րը յա­ճա­խոր­դին յանձ­նե­լէ ա­ռաջ նախ ան­պայ­ման ինք պի­տի կար­դար, ո­րով­հե­տեւ իր մօտ մեծ գուր­գու­րան­քի եւ նոյ­նիսկ պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ էր հայ գիր­քը: Ի­րեն հա­մար լոյս էր հայ գիր­քը, ու լոյ­սի պաշ­տա­մուն­քը խորթ չէր հայ մար­դուն հա­մար: Իր ա­րեան մէջ կը կրէր իր ան­ցեալն ու ներ­կան: Սիր­տը կը տրո­փէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեա­յին հետ: Կը տագ­նա­պէր, կը մտա­հո­գուէր, կը խան­դա­վա­ռուէր եւ սա­կայն եր­բեք չէր յու­սա­հա­տեր: Ա­նոր հա­մար զինք շքան­շան­նե­րով պա­տուած էին, տա­րի­ներ ետք: Ա­նոր հա­մար մեր լե­զուին եւ մշա­կոյ­թին պաշ­տա­մուն­քով սնու­ցա­նեց իր զա­ւակ­նե­րը:

Կազ­մա­րա­րու­թեան ա­ռա­ջին իսկ տա­րի­նե­րէն սկսած՝ իր խա­նու­թը ինք­նա­բե­րա­բար վե­րա­ծուած էր ժո­ղո­վա­տե­ղիի: Թեր­թօն­նե­րով, խա­ւա­քար­տե­րով, խէ­ժե­րու ան­համ «բոյ­րով» եւ թուղ­թե­րով խճո­ղուած խա­նու­թը հին ու նոր հրա­տա­րա­կուած գիր­քե­րու քննար­կում­նե­րու վայր մըն ալ էր: Մէկ խօս­քով, հայ մտքե­րու քննարկ­ման հա­մեստ կեդ­րոն մը, ուր ինք­նա­կոչ կը հա­ւա­քուէին գրա­սէր­ներ, մշա­կու­թա­սէր­ներ, նոյ­նիսկ խմբա­գիր­ներ՝ իր գրա­կան զրոյց­նե­րու «բռնուե­լու» հա­ճոյ­քէն մեկ­նած:

Իսկ հի­մա, գրա­դա­րա­նիս դի­մաց, ան­գամ մը եւս զինք տես­նե­լու, վի­ճե­լու, հասկ­նա­լու, հա­մո­զե­լու, քննե­լու եւ դա­տե­լու ցան­կու­թիւն­ներ կը ծնէին մէջս:

Հա­ճե­լի եւ նոյն­քան ալ՝ հպար­տա­լի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016