Ուրբաթ 3, Յունուար 2025
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔ՝ ՀԱՅՔՕ ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՄԱՐ
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած լայնածաւալ հետաքննութեան շրջագծով արտասահման դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատի համար։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտաւ նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
«Թուիթըր»ի վրայ Հայքօ Պաղտատ յայտնեց, թէ նոր վերադարձած էր արտասահմանէն, հսկողութեան տակ չէ առնուած, սակայն իր անցագիրը առնուած է իրմէ։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016