ԱՂԷՏԸ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ
Հալէպի շուրջ ընթացող ծանր մարտերուն հետեւանքով փակուած է նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսը Հալէպին կապող միակ ցամաքային՝ Խանասէրի ճամբան: Ըստ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներուն, այդ ճանապարհի փակումով Հալէպ զրկուած է տարրական սնունդի հիմնական ապրանքատեսակներէն. օրինակ՝ միսը, բանջարեղէնն ու պտուղները: Վերջին ժամերուն քաղաքին մէջ նոյնպէս զգալի դարձած է տարբեր տեսակի վառելանիւթի պակասը: Վառելանիւթի պակասին հետեւանքով, քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ գործող եւ ելեկտրականութիւն մատակարարող շարժակները սկսած են սահմանափակել իրենց աշխատանքը: Հայկական շրջանները մատնուած են բաւական մտահոգիչ վիճակի մը մէջ: Սննդեղէնի հիմնական ապրանքներ վաճառող խանութներ այսօր ամբողջ օրը փակ պահած են իրենց դռները, իսկ Հալէպի հայկական թաղամասերը, ինչպէս՝ ամբողջ Հալէպի շրջանները՝ եղած են լուռ եւ ամայի: Նշենք, որ հինգ օրէ ի վեր Հալէպ կը գոյատեւէ առանց ջուրի, համացանցի եւ ելեկտրական հոսանքի: