ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ
Ենիգաբուի հրապարակէն երէկ բարձրացաւ ժողովրդավարութեան աղաղակ մը, որ արձագանգ գտաւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ, Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ գլխաւոր քաղաքապետութեան աջակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ «Ժողովրդավարութեան եւ նահատակներու հանրահաւաքը», որուն մասնակցեցաւ շուրջ 5 միլիոն հոգի։ Հանրապետական շրջանի պատմութեան մեծագոյն ցոյցը հանդիսացաւ այս պատմական հանրահաւաքը, որ միեւնոյն ժամանակ եղաւ Յուլիս 15-ի պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտին գագաթնային դրսեւորումը։
Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։
Էրտողան հանրահաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ նշեց, որ Յուլիսի 15-ը յաչս ամբողջ աշխարհի ապացուցանած է, թէ Թուրքիա փուլ պիտի չգայ։
«Բոլորս միասնաբար պիտի ըլլանք Թուրքիա», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ գերեվարել ազգը։ Ըստ Էրտողանի, Յուլիսի 15-ին դիմադրութեան համար վեր յառած ոգին պէտք է արժեւորուի։ Յուլիսի 15-ը պէտք է ըլլայ անկիւնադարձ մը՝ աւելի հզօր եւ աւելի բարօր Թուրքիան կառուցելու համար։
Հանրահաւաքի ընթացքին Էրտողան տեղեկացուց նաեւ, թէ այս Չորեքշաբթի այլեւս վերջ պիտի գտնէ ժողովրդավարութեան հերթապահութիւնը։
Ենիգաբուի երէկուան հանրահաւաքը լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հաւաքը տեսասփռուեցաւ նաեւ արտասահմանի մէջ։