ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Լու­սան­կա­րիչ Ռո­պերթ Կա­րա­պե­տեա­նի ծննդեան 80-ամեակին եւ մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 60-ա­մեա­կին նուի­րուած «Ա­րուես­տի աշ­խար­հին մէջ» խո­րա­գրեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուած է ա­րուես­տա­գէ­տը։ «Իմ հայ­րե­նիքս Հա­յաս­տանն է, չնա­յած կ՚ապ­րիմ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Յու­զուած եմ եւ եր­ջա­նիկ, որ այս­տեղ եմ», ը­սած է Ռո­պերթ Կա­րա­պե­տեան:

Իր կար­գին, «Ռո­պեր­թը ա­րուես­տա­նո­ցը փո­խած է, ոչ թէ հայ­րե­նի­քը: Կը կար­ծեմ՝ սա ան­ցեալ դա­րու երկ­րորդ կէ­սի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք ու­նե­ցող կա­րե­ւո­րա­գոյն ցու­ցա­հան­դէս­նե­րէն մին է», նշած է լրագ­րող Վա­նիկ Սանթ­րեան:

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի մամ­լոյ խօս­նակ Սէյ­րա­նու­հի Գե­ղա­մեա­նի խօս­քով՝ լու­սան­կար­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը  հա­մար­ժէք է մէկ գիր­քի մը: «Այդ լու­սան­կար­նե­րը ա­ւե­լին կ՚ար­ժեն քան տաս­նեակ է­ջեր: Ա­տոնք կը պա­րու­նա­կեն թէ՛ գե­ղան­կար­չա­կան, թէ՛ գե­ղա­րուես­տա­կան տար­րեր, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են մեզի եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն», ը­սած է ան:

«Ռո­պեր­թը պա­հը ան­մա­հաց­նե­լու տա­ղանդ ու­նի: Ան սեւ եւ սպի­տակ լու­սան­կար­ներ ստեղ­ծե­լու վար­պետ է, բարձր մա­կար­դակ ու­նե­ցող լու­սան­կա­րիչ, Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յով մտա­հո­գուած ան­հատ: Իր մարդ­կա­յին ո­րակ­նե­րու, նուի­րուա­ծու­թեան շնոր­հիւ բո­լո­րիս սի­րե­լին  դար­ձած է», նշած է հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Հրանդ Մար­գա­րեան:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած սեւ ու սպի­տակ լու­սան­կար­նե­րուն մէջ պատ­կե­րուած են հայ ա­նուա­նի գոր­ծիչ­ներ՝ Պա­րոյր Սե­ւակ, Վար­դան Ա­ճէ­մեան, Մհեր Մկրտչեան, Սօս Սարգ­սեան, Վահ­րամ Փա­փա­զեան, Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեան, Մար­տի­րոս Սա­րեան եւ այլք: Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան «Գրա­թերթ» պար­բե­րա­կա­նին կող­մէ Ռո­պերթ Կա­րա­պե­տեա­նին յանձ­նուե­ցած է «Տա­րուան լա­ւա­գոյն լու­սան­կա­րիչ» մրցա­նա­կը:

Ռո­պերթ Կա­րա­պե­տեան բազմիցս լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ  ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի, Նիւ Եոր­քի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ: Ան նկա­րա­հա­նած է «Իմ Ե­րե­ւա­նը», «Վազ­գէն Մու­րա­տեան» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­նե­րը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016