ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ԹՄՄ-ԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
Ամէն տարուան գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, այս տարի եւս Մոնթրէալի Թէքէեան մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) վարչութիւնը անդամական եւ համակիր լայն շրջանակի մը մասնակցութեամբ գնահատական ընդունելութեամբ մը շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան մշակութային մարզերէ ներս բեղուն եւ պատուաբեր աշխատանք կատարող անհատներու եւ յանձնախումբերու: Երկրորդ տարին է, որ այս հանդիսութիւնը կը կատարուէր «Թէքէեան պուրակ»ի սաղարթախիտ հաճելի միջավայրին մէջ, ամառնային գեղեցիկ օր մը՝ Կիրակի 17 Յուլիսին, փոխանակ կեդրոնի սրահին օգտագործումին:
Համեղ խորովածներու(պատրաստութեամբ Ռուբէն Նշանեանի), ըմպելիներու, երաժշտութեան եւ այլ քաղաքներէ եւս ներկաներու ընտանեկան ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտին մէջ հին ու նոր ծանօթութիւններ, օրուան տաղտուկներէ հեռու, ստեղծեցին ուրախ միջավայր մը մինչեւ երեկոյեան ժամերը:
Մոնթրէալի ԹՄՄ-ի վարչութեան ուժական ատենապետ Արթօ Մանուկեան իր ոգեւորող ելոյթներով անդրադարձաւ օրուան իմաստին՝ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու զանազան յանձնախումբերու եւ անհատական միջոցներով բարեյաջող եւ արդիւնաբեր տարի մը եւս բոլորած ըլլալու ուրախութիւնը պարգեւած ըլլալու համար: Արդարեւ, բաղդատմամբ անցեալին, վերջին տարիներուն արձանագրուած էր շարունակական վերելք ձեռնարկներու եւ գործունէութիւններու թիւի եւ որակի առումով: Յատկապէս անցնող մէկ տարին յատկանշուած էր աննախընթաց նուաճումներով: Առաջին հերթին, այս տարեշրջանի սկզբնաւորութեան յաջողութեամբ աւարտած էր համակարգչային լրատուամիջոցը՝ Abakanews.com online համացանցային ամենաարդիական լրատուութիւնը, որ օրը օրին բազմահազար ժողովուրդի կը հասցնէ գունազարդ ամենաթարմ լուրերը: Այս ծրագրի գլխաւոր իրականացնողը եղաւ երիտասարդ գիտնական եւ ճարտարապետ՝ Արա Եազճեան, որ արժանացաւ այս տարուան ԹՄՄ-ի ամենաբեղուն անդամի պարգեւին: Այս էլէկտրոնիք արդիական դրութեան կողքին կը շարունակուի «Ապագայ» տպագրեալ շաբաթաթերթի հրատարակութիւնը, հակառակ բազմաթիւ նիւթական եւ գործնական դժուարութիւններու, շնորհիւ նուիրեալ անձնակազմի մը ճիգերուն:
Մեր «Հայ բեմ» թատերախումբը մեծ ոստումներով կը շարունակէ իր յառաջընթացը ոչ միայն հայ համայնքէն ներս, այլ պատուաբեր մրցանակներու կը տիրանայ տեղական նահանգային թատերական մրցոյթներու մէջ, որպէս լաւագոյն հինգ թատերախումբերէն եւ բեմադրիչներէն մին, իսկ լաւագոյն երիտասարդ դերասանը, Քէպէք նահանգի հարիւրաւոր խումբերէն՝ կը հանդիսանար Արտէն Արաբեանը: Մեր բեմադրիչը՝ Նանսի Իսսա Թորոսեան կը ստանար առաջնութեան մրցանակ Մոնրթէալ քաղաքի բոլոր բեմադրիչներուն մէջ: Մեղեդի Աղուրեանն ալ աւարտականի հասած էր Քէպէք նահանգի իբրեւ լաւագոյն տասնհինգ դերասանուհիներու կարգին: Արտէնը, Մեղեդին եւ Նանսին արժանացած էին պատուոյ տախտակներու եւ մրցանակներու: «Հայ բեմ»ի իննսունի մօտ աշխատակիցներուն գաղտնի քուէներու մեծամասնութեամբ, թատերախումբի անցեալ տարուան ամենաարժանի անդամը ընտրուեցաւ Յակոբ Րէճէպեանը, որ ձեռամբ միութեան ատենապետին ստացաւ այս նպատակին յատկացուած յուշատախտակը: Նանսին այս ամառ ստանձնած է նաեւ մանուկներու ամառնային ճամբարը, որ արդէն իսկ մեծ յաջողութեամբ սկսած է իր առաքելութեան:
Ատենապետ Արթօ Մանուկեան գնահատանքով անդրադարձաւ վերջերս հաստատուած «Պրիճ»ի թղթախաղերու դասաւանդման՝ գլխաւոր ուսուցչութեամբ Մարտիրոս Ճանճանեանի եւ օգնութեամբ Տքթ. Հրայր Տէր-Գէորգեանի, պատանեկան ճատրակի (chess) դասընթացքներու՝ ղեկավարութեամբ պատանի Երուանդ Տեմիրճեանի, որ վերջերս կազմակերպած էր յաջող մրցաշարք մը, ինչպէս նաեւ կազմութիւնը ընկերային յանձնախումբին:
Ատենապետ Արթօ Մանուկեան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ բազմանդամ Տիկնանց միութեան, որոնք տարեկան պազարի եւ այլ առիթներով իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով կ՚ապահովեն նիւթական եւ բարոյական պատկառելի հասոյթ մը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անսակարկ ու տքնաջան աշխատանքով յաջողցուցին այս դաշտահանդէսը:
Վարձքը կատար բոլոր անձնուէր աշխատողներուն, որոնց կը պատկանի Թէքէեանի արձանագրած յաջողութիւններու առիւծի բաժինը: Կը մաղթենք ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի անոնք աննկուն շարունակեն ազգանուէր այս գործունէութիւնները:
Յ. Ա.
«Ապագայ»