ԲԱՆՏԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ

«Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մեր­ձա­կայ­քին ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի մը բռնագ­րա­ւու­մով ծնունդ ա­ռած դէպ­քե­րու շար­քը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ներ­կա­յաց­նել Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ։ Թէեւ այդ ոս­տի­կա­նա­տու­նը ար­դէն ա­զա­տուած է, սա­կայն «Սաս­նայ ծռեր»ու ա­րար­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը մնան հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ բո­ղո­քի ցոյ­ցերն ու եր­թե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ի պաշտ­պա­նու­թիւն «Սաս­նայ ծռեր»ուն։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ վեր­ջին դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով ձեր­բա­կա­լուած Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեա­նի խա­փան­ման մի­ջո­ցը փո­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ ո­րո­շում մը առ­նուած է։ Այս­պէս, մե­ղադ­րեա­լը կա­լան­քի տակ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նով առ­նուած է այս ո­րո­շու­մը։

Սոյն ո­րոշ­ման ըն­դու­նուե­լէն վերջ, «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ի ան­դամ­նե­րէն Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեան ա­զատ ար­ձա­կուե­ցաւ՝ Ար­մա­ւի­րի մար­զի քրէա­կա­տա­րո­ղա­կան հիմ­նար­կէն։ Ան Յու­լի­սի 27-էն ի վեր բան­տար­կուած էր։ Բան­տէն դուրս գա­լէ վերջ Ե­նի­գոմ­շեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. «Հա­մո­զուած եմ, որ այ­սօ­րուան ո­րո­շու­մը այդ բո­ղոք­նե­րու եւ ի­րենց որ­դեգ­րած կե­ցուած­քի, ո­րո­շում­նե­րու ան­հիմն ըլ­լա­լու, լու­ծում չգտնե­լու փաս­տի ար­ձա­նագ­րումն է»։

­Հարկ է յի­շեց­նել, որ «Սաս­նայ ծռեր»ը ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը գրա­ւե­լու ժա­մա­նակ պա­հան­ջած էին «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ի ձեր­բա­կա­լեալ ա­ռաջ­նորդ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձա­կուի­լը։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեա­նի հրա­մա­նով ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ Ա­շոտ Կա­րա­պե­տեան ա­զա­տուե­ցաւ իր զբա­ղե­ցու­ցած պաշ­տօ­նէն։ Իր պաշ­տօ­նազրկ­ման շուրջ ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն չնշուե­ցաւ։ Ի­րեն փո­խա­րէն Ե­րե­ւա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ նշա­նա­կուե­ցաւ Սար­գիս Մար­տի­րո­սեան, որ Մարտ ա­մի­սէն ի վեր Շի­րա­կի մար­զի ոս­տի­կա­նա­պետն էր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016