ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
«Հալէպի մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ», յայտնեց Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան՝ «Արեւելք» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հալէպի վիճակը երբեք այսքան մտահոգիչ չէր եղած եւ այս բոլորը իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՚ունենան համայնքի զաւակներուն վրայ: «Մենք ամէն կողմէն շրջապատուած ենք այսօր, եւ կը փափաքիմ, որ Հալէպի մասին միայն ճիշդ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ եւ տուեալներ փոխանցէք հայ հանրութեան», ըսաւ Վերապատուելի Սելիմեան, դիտել տալով նաեւ, որ հայ մամուլը պէտք է իր բոլոր ճիգերը գործադրէ, Հալէպի ծանր իրավիճակը ոչ միայն հայութեան, այլ տարբեր երկիրներու պատկան մարմիններուն ներկայացնելու համար:
Վերապատուելին նաեւ զարմանք յայտնեց վերջին օրերուն Հալէպի պաշարման գծով հայութեան որոշ անտարբերութեան մասին ու ըսաւ. «Մինչ ասկէ առաջ քառորդ միլիոն բնակչութիւն հաշուող շրջաններ շրջափակուեցան եւ ամբողջ հանրութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուց, այսօր սակայն Հալէպի՝ ուր կ՚ապրին եւ շրջափակուած են աւելի քան 1 միլիոն բնակիչներ, ընդհանուր անտարբերութիւն մը կը տիրէ ամէնուրեք»: Վերապատուելի Սելիմեան այս առումով «Արեւելք»ի ամպիոնէն հայ հանրութեան ուղղելով իր խօսքը՝ լրատուամիջոցներէն պահանջեց աւելի մօտէն հետեւիլ Հալէպի իրադարձութիւններուն եւ պէտք եղած ձեւով լուսաբանել ընդհանուր դրութիւնը:
Այն հարցումին, թէ արդեօք Հալէպի հայկական շրջանները իրողապէս այսօր կը գտնուի՞ն վտանգուած վիճակի եւ ներթափանցման վտանգին տակ, Սելիմեան պատասխանեց. «Տեղին է ձեր հարցումը։ Այո՛, ոչ միայն Հալէպի հայութիւնը, այլ քաղաքի ամբողջ խաղաղ բնակչութիւնը վտանգուած է, բայց եւ այնպէս ես մինչեւ այս պահը մեծ յոյսեր ունիմ, որ Սուրիոյ ազգային բանակը պիտի կարենայ դիմադրել զինեալներու բոլոր փորձերուն եւ պահպանել Հալէպի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը»: Վերապատուելի Սելիմեան դիտել տուաւ, որ Հալէպը, ինչպէս տարբեր ամպիոններէ կը հնչէ, այսօր եւս Սուրիոյ պատերազմի հիմնական գրաւական օղակն է, եւ վստահեցուց, որ բանակը ամէն ճիգ պիտի գործադրէ պահպանելու համար այս պատմակերտ քաղաքը, որովհետեւ, իր խօսքերով՝ «այդքան ալ դիւրին չէ թափանցել այն սահմանային գիծերէն ներս, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ ազգային բանակի պաշտպանութեան տակ»: Ան շեշտեց, որ Հալէպը կը շարունակէ մնալ որպէս Սուրիոյ ամբողջականութեան հիմնական գրաւական հանդիսացող քաղաք եւ այդ մէկը կը շեշտադրուի նաեւ միջազգային ուժերու Սուրիոյ խնդրին հանդէպ ունեցած ընդհանուր կեցուածքներուն մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նորութիւններ կրնան սպասուի՞լ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ կայացած Էրտողան-Փութին հանդիպումէն՝ ան ըսաւ. «Ո՛չ, ես անձնապէս մեծ ակնկալութիւններ չունիմ այս հանդիպումէն։ Սուրիոյ եւ Հալէպի հետ կապուած այս հանդիպումէն բխող դրական որեւէ զարգացում չեմ ակնկալեր»:
Իսկ վերջին հարցումին, որ կապուած է Հայաստանի իշխանութիւններու Հալէպի այս իրավիճակին վերաբերեալ որդեգրելիք քաղաքականութեան եւ ընելիքներուն՝ Պատուելին ըսաւ. «Ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ Հայաստանի իշխանութիւններէն, տրուած ըլլալով, որ այսօր Հայաստան ինք կը բոլորէ բաւական մտահոգիչ փուլ մը, սակայն իմ փափաքն է, որ եթէ Հալէպի այսօրուան շրջափակման աւարտով, հայ ընտանիքներ ուզեն Հայաստան տեղափոխուիլ, ապա հայրենի իշխանութիւնները կարեւոր ճիգեր գործադրեն մեր հայորդիներու Հայաստանի մէջ կեցութեան խնդիրները լուծելու եւ այնտեղ իրենց կեանքը շարունակելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու գծով»:
Վերապատուելին զրոյցի աւարտին մտահոգութիւն յայտնեց, որ եթէ այսօրուան Հալէպի շրջափակումը շարունակուի երկար ժամանակով, ապա կրնան տեղի ունենալ ներքին խլրտումներ, եւ այդ առումով ան ըսաւ, որ ինք որպէս հայ երեք համայնքապետներէն մին, ամէն գնով պիտի մնայ Հալէպի մէջ եւ փորձէ միահամուռ եւ պաշտպանուած պահել Հալէպի հայ համայնքը:
Նշենք, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան երեք համայնքապետներէն միակն է, որ քաղաքի այս ծանր փուլին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ: