ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա, ուր կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Քրեմ­լի­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կում­ներ կը կա­տա­րեն քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք կը շօ­շա­փեն նաեւ մի­ջազ­գա­յին ու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­ներ։

Ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին Փու­թին այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը քննար­կեց Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Փու­թին Պա­քուի մէջ յայտ­նեց, որ Ռու­սաս­տան կը ձգտի, որ­պէս­զի Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան գտնեն փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի լու­ծում մը հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար։ Իր կար­գին, Ա­լիեւն ալ շեշ­տած էր, որ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ Ռու­սաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­լիեւ հա­մո­զուած է, որ Փու­թի­նի անձ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նոյն­պէս մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ տա­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Յի­շեց­նե­լով ան­ցեալ Յու­նի­սին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­պու­մը՝ Ա­լիեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Փու­թի­նի անձ­նա­կան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ Փու­թին ե­րէկ ալ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թե­նէն ա­ռաջ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ նշուած էր, թէ թուրք-ռու­սա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ըլ­լայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Յա­մե­նայն­դէպս, Փու­թին-Էր­տո­ղան տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դած հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ տա­կա­ւին այս մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուած։

Վե­րա­դառ­նա­լով Սարգ­սեան-Փու­թին այ­սօ­րուան ժա­մադ­րու­թեան՝ ռու­սա­կան պե­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ կը նշուի, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը այ­սօր ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը քննար­կեն ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը։ Հե­տաքրք­րա­կան է, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու գրա­սե­նեակ­նե­րուն կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ չէ նշուած ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին ա­նու­նը։ Բայց եւ այն­պէս, ռու­սա­կան «Նո­վոս­տի» պե­տա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը վեր­լու­ծա­կան մը հրա­պա­րա­կե­լով տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Սարգ­սեան եւ Փու­թին այ­սօր կը քննար­կեն ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը։ Մեկ­նա­բա­նու­թեան մէջ մատ­նան­շուած է, թէ Հա­յաս­տա­նի ի­րա­վի­ճա­կը բարդ է՝ ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով։ Հայ­կա­կան կարգ մը ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­ներ կը մա­տա­կա­րա­րուին Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ ու մտա­դիր են տա­պա­լել՝ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։ Սա ինք­նաս­պա­նու­թիւն կը նշա­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ, որ ու­նի ղա­րա­բա­ղեան խնդիր։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւնն ալ յայտ­նուած է գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ։ Սարգ­սեան-Փու­թին հան­դիպ­ման ա­ռանց­քա­յին հար­ցը պի­տի ըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ Փու­թին դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ միակ հե­ղի­նա­կա­ւոր միջ­նոր­դը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը հաշտ աչ­քով չի դի­տուիր Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ։ Սա է պատ­ճա­ռը, որ Ա­րեւ­մուտ­քը կը գրգռէ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մու­թիւ­նը։ Ըստ նոյն վեր­լու­ծու­թեան, Սերժ Սարգ­սեա­նի տե­սա­կէ­տէ ար­դէն շատ բարդ պի­տի ըլ­լայ եր­թալ զի­ջում­նե­րու եւ ան պի­տի փոր­ձէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ըն­կա­լե­լի դարձ­նել Փու­թի­նի հա­մար՝ այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ Օ­ՀԱ­ՆԵԱՆ

Սարգ­սեան-Փու­թին այ­սօ­րուան ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու մա­սին խօսք չի կրնար ըլ­լալ։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան նպա­տակն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ինք­նո­րոշ­ումը եւ անկախութիւնը ապահովել։ Այս  սկզբունքային դիրքորոշման հիման վրայ խօսք չի կրնար ըլլալ միակողմանի զիջումներու մասին։

«Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման շրջանակներէն ներս կը նկատենք բանակցային գործընթացի աշխուժութիւն եւ այդ աշխուժութեան մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները, Ռուսաստանի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ այսօր աշխատանք կը տանին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուի միայն ու միայն խաղաղ, քաղաքական ճանապարհով։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի իրականութեան մէջ այն նպատակը, որ մենք այսօր ունինք՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումը, ազատ, անկախ ապրիլը Հայաստանի հետ։ Լայն համագործակցութեան եւ լայն կապերու շրջանակներու մէջ ապրիլը… որպէսզի այդ նպատակին մենք կարենանք հասնիլ։ Ես միշտ ըսած եմ եւ այսօր ալ կ՚ըսեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վտանգի ենթարկուելու պայմաններուն մէջ, այսինքն անգամ մը եւս բռնութեան սանձազերծման պայմաններուն մէջ, թէ՛ Պաշտպանութեան բանակը եւ թէ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս Հայկական բանակը պիտի ընեն ամէն ինչ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի իւրաքանչիւր թիզ հողը պաշտպանուի», ըսաւ Օհանեան։

Յիշեցնելով անցեալ Ապրիլի սկիզբին պատահած քառօրեայ պատերազմը՝ Սէյրան Օհանեան ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս այդ մէկը տեւեց շատ կարճ եւ նոյնինքն Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ամէն ինչ կատարուեցաւ՝ որպէսզի այդ ռազմական գործողութիւնները կասեցուին ու շարունակական չըլլան։ «Եւ այդ մէկուն շարունակութիւնն է, որ այսօր բանակցային գործընթացը խտացած է՝ խաղաղ, քաղաքական ճանապարհով կարգաւորման համար», ըսաւ Օհանեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016