ԱՅՏԱ ՔԱՅԱԷՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Գալ­ֆաեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Քա­յաէր ար­դէն իր պաշ­տօ­նը փո­խան­ցած է Թա­մար Ներ­կի­զին։ Ան Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­նե­րով։ Այ­տա Քա­յաէր այդ զգա­ցում­նե­րը կը բաժ­նէ նաեւ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին հետ՝ մա­մու­լին ու­ղար­կուած հա­կիրճ խօս­քի մը մի­ջո­ցաւ։

2012-2013 տա­րեշր­ջա­նին տնօ­րէ­նի պա­տուա­բեր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լով ան աշ­խա­տած է չորս տա­րի՝ բա­րե­յի­շա­տակ Սրբու­հի Մայ­րա­պետ Գալ­ֆաեա­նի յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լու սկզբուն­քով։ Այ­տա Քա­յաէր կ՚ընդգ­ծէ, որ այս դպրո­ցը մեր հա­մայն­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մին է, ո­րու հիմ­քը կը հան­դի­սա­նան սէրն ու զո­հո­ղու­թիւ­նը։ Այժմ ար­դէն նախ­կին տնօ­րէ­նու­հին կը մատ­նան­շէ, որ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին դպրո­ցը հա­մա­րած է մեծ ըն­տա­նիք մը, ուր կը տի­րէ սէ­րը եւ ա­մէն ջանք ի գործ կը դրուի՝ ա­շա­կերտ­նե­րու ուս­ման վե­րել­քին հա­մար։ Այ­տա Քա­յաէր շեշ­տած է, որ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի դար­ձած են ի­րեն հա­մար եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով անդ­րա­դար­ձած է իր բո­լոր գոր­ծա­կից­նե­րուն, հաս­տա­տու­թեան խնա­մա­կա­լու­թեան եւ բա­րե­րար­նե­րուն։ Այ­տա Քա­յաէր «սի­րոյ բոյն» ո­րա­կած է Գալ­ֆաեա­նը ու շեշ­տած է, որ կամ­քի ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով կը հե­ռա­նայ ան­կէ։ Քա­յաէր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վստա­հու­թիւն յայտ­նած է, թէ նո­րան­շա­նակ տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ նուի­րու­մով ու գի­տակ­ցու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշ­տօ­նը։ Ան ա­ւել­ցու­ցած է նաեւ, որ միշտ սրտա­կից պի­տի ըլ­լայ Գալ­ֆաեան Տան։ Հաս­տա­տու­թեան յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն հա­մար եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով՝ Այ­տա Քա­յաէր հրա­ժեշ­տի հանգ­րուա­նին ընդգ­ծած է իր խոր սէ­րը մա­նա­ւանդ դպրո­ցի սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016