ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ՍԱՌԵՑՈ՞ՒՄ
Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ վերջին զարգացումներուն առընթեր նշանակալից առիթ մը պէտք է համարել Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա կատարած այցը: Այս այցելութեան արդիւնքներուն մասին մամուլին մէջ թէեւ տակաւին մանրամասն տեղեկութիւններ չկան, սակայն յստակ է, որ խնդրին կարգաւորման վերաբերեալ երեւելի տեղաշարժ մը չկայ:
Հարաւային Կովկասի մէջ հիմնահարց է արցախեան հակամարտութիւնը, մասնաւորապէս անցեալ Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմի աւարտէն ի վեր, կը տարուէին դիւանագիտական աշխոյժ քննարկումներ: Այդ բանակցութիւններու եւ ուղղակի կամ անուղղակի շփումներու գլխաւոր նախաձեռնողն էր Մոսկուան, որ արագ եւ աշխոյժ քայլերով հարցը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի սեղանէն վերցնելով կը տեղափոխէր իր դաշտը: Այսպէս, 5 Ապրիլին Քրեմլինի հովանաւորութեամբ հաստատուած հրադադարէն վերջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով շփումներ ունեցաւ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի մէջ: Այդ փուլէն ետք շրջանառութեան մէջ կը դրուէին բազմապիսի ձեւաչափերով խօսակցութիւններ, որոնց հիմքը կը կազմէին Արցախի յարակից անվը-տանգութեան գօտիէն հինգ շրջաններ Ատրպէյճանին յանձնելու մասին հադումները: Բնականաբար, ինչպէս այդ օրերուն, այսօր եւս դժուար է յստակ տեղեկութիւններ ստանալ այն մասին, թէ ի՛նչ ձեւաչափի տակ կը տարուին բանակցութիւնները: Սակայն յստակ էր մէկ բան, որ Մոսկուա շատ վճռական մօտեցումով մը կ՚ուզէր ապահովել ղարաբաղեան հիմախնդրին հանգուցալուծումը:
Արցախի հարցի պատմութիւնը կը յուշէ, որ զանազան առիթներով կատար-ւած շփումներն ու բանակցութիւնները, կամ նոյնիսկ այդ բանակցութիւններուն արդիւնքները յանկարծ կրնան «սառեց-ւիլ» ու վերադառնալ «զերօ կէտ»ի: Ու մեր մտքերուն մէջ տակաւին թարմ են՝ Քի Ուեստի, Քազանի, Սոչիի եւ այլ վայրերու մէջ եղած բանակցութիւններու ճակատագրերը։ Ձախողումէ անդին՝ անոնք խնդիրը դարձեալ կը տանէին դէպի հին սկիզբ, որմէ ետք կողմերը բանակցութիւնները կը վերսկսէին իրենց սեղանին վրայ ունենալով միայն 1994 թուականին կնքուած հրադադարի փաստաթուղթը:
Այս ընդհանուր պատկերին վրայ միամտութիւն կ՚ըլլար հաշուի չառնել այն զարգացումները, որոնք կը կատար-ւին տարածքաշրջանին մէջ: Այս նոյն կէտին վրայ պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ որեւէ զարգացում, կամ նոյնիսկ ռազմական շեշտակի սրացում կապուած է Կովկասի նկատմամբ շահագրգիռ երկու հիմնական ուժերու՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ընդհանուր յարաբերութեանց ընթացքին:
Խնդիրը միայն չի պատկանիր Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ 1988 թուականէն ի վեր ամէն միջոց ի գործ դնելով կը պահանջէ ինքնորոշման բնական իրաւունք, կամ Պաքուի համար, ուր ժառանգական ձեւաչափով հօրմէն որդիին փոխանցուած իշխանութեան համար արցախեան հարցը կը մնայ ներքին քաղաքական դաշտին մէջ ծագած բողոքի փորձերը զսպելու եւ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը չէզոքացնելու հիմնական բանալի մը:
Հարցի մէջ կան նաեւ Հայաստանի ներքին դաշտի զանազան նրբութիւնները եւ երկրէն ներս անցեալի կամ ներկայ ընդդիմադիրներուն համար Ղարաբաղի հարցը կը մնայ հարթակ ստեղծելու եւ քաղաքական շնչառութիւն մը ապահովելու ոչ միակ, սակայն հիմնական արիւնատար երակներէն մին:
Այս բոլորէն անդին Ղարաբաղի հարցը «մեծերու խաղ»ին հիմնական եւ մշտական նամակատուփն է: Մտահոգիչ է այս երեւոյթը, բայց եւ այնպէս իրատես ըլլալէ շատ հեռու պէտք է երթալ միայն ըսելով՝ որ Լեռնային Ղարաբաղ սոսկ ինքնորոշման (Արցախի եւ Հայաստանի ու հայութեան համար) կամ տարածքային ամբողջականութեան (Ատըր-պէյճանի համար) հարց մըն է:
Բացի Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ըլլալէ, Ղարաբաղը՝ հետեւաբար Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանը Մոսկուայի համար անզիջելի, անոտնձգելի եւ փակ «արգիլեալ գօտի» մըն է: Ու այսօր աւելի քան երբեք, Փութինի Ռուսաստանը զանազան ազդակներու բերումով դարձած է կովկասեան այս հատուածի անպարտելի, անընկճելի եւ անվիճելի միակ ուժը:
Ուժերու եւ միջոցներու հաւասարակշռութեան այս պատկերին դիմաց, ռուսական կեցուածքը, ոչ միայն կը համապատասխանէ հայկական կողմի շահերուն, այլ նաեւ տարածքաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման հիմնական գործօնն է:
Արեւմտամէտ եւ ամերիկեան կողմի շահերուն հետ համահունչ գործող ուժերուն համար այս բոլոր իրականութիւնները կը ներկայանան ուղղակիօրէն շրջուած կերպով: Ու անոնց կողմէ մշակ-ւած փաստարկներու հիմնական մասը կը յենու Մոսկուայի՝ Պաքուի զէնք վաճառելու փաստին վրայ:
Այս առումով, սակայն, պէտք է յստակօրէն տեսնել, որ ապրիլեան պատերազմին հայկական կողմին համար ծանր անակնկալներ ստեղծողը ոչ թէ ռուսական զէնքերն էին, այլ Իսրայէլի մէջ արտադրուած գերարդիականները։
Բացի այս բոլորէն, յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու համար Հարաւային Կովկասի տարածքը այդքան ալ «հետաքրքրական» ըլլալու հիմքեր չունի: Այս առումով է նաեւ, որ թելադրական կարելի է համարել ԵԱՀԿ-ի Մինսք-եան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի խօսքը, ըստ որու ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման համար տարուած ճիգերուն առընթեր դատապարտելի է մասնաւորապէս ամերիկեան կողմին երեւելի բացակայութիւնը եւ անտարբերութիւնը:
Վերադառնալով բուն նիւթին՝ պէտք է կարեւորել Նախագահ Սերժ Սար-գըսեանի դէպի Մոսկուա կատարած այցելութեան ժամկէտը: Այդ այցը տեղի ունեցաւ ոչ միայն Պաքուի մէջ եռակողմանի ձեւաչափով կազմակերպուած Ռուհանի-Ալիեւ-Փութին հանդիպումէն վերջ, այլ կը զուգադիպէր մանաւանդ Թուրքիոյ Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Փութինի հետ ունեցած եւ կողմերուն համար բաւական սպասուած հանդիպումէն ետք:
Թէ ի՞նչ կարեւոր պայմանաւորուածութիւններու հասան երկու ղեկավարները՝ ցարդ յստակ չէ։ Սակայն երեւելի է, որ թէ՛ Անգարա եւ թէ Մոսկուա մտած են նոր փուլ մը, որ պիտի բնորոշ-ւի «տաք գօտիներ»ուն մէջ նոր դերաբաշխումներ կատարելու օրինաչափութեամբ: Այդ «տաք գօտիներ»ուն գլխաւորը բնականաբար Սուրիան է, ուր գետնի վրայ յառաջիկայ շաբաթներուն ըլլալիք բաւական աշխոյժ զարգացումները պիտի պարզեն Անգարա-Մոսկուա մերձեցման ընդհանուր բարակ թելերը:
Ինչպէս ապրիլեան պատերազմի օրերուն կը խօսուէր՝ Սուրիոյ պատերազմը դէպի Կովկաս փոխադրելու հաւանականութիւն մը կար։ Այսօր յստակ է, որ այդ ձեւաչափը առաջուան նման չ՚աշխատիր: Սա չի նշանակեր, որ բացառ-ւած է պատերզամական գործողութիւններուն վերսկսումը։ Միւս կողմէ սակայն, Մոսկուայի համար անընդունելի պիտի ըլլայ Հարաւային Կովակասը մատնել նոր անկայունութեան կամ համատարած պատերազմի մը. բան մը, որուն արդիւնքները կրնան աւերիչ ըլլալ բոլոր կողմերուն համար:
Այս բոլորին հիման վրայ յստակ կը դառնայ, որ այսօր հայկական կողմին համար խուճապ մը ապրիլ, հող յանձնելու, ծախելու կամ տալու մասին բոլոր մօտեցումները կը դառնան երկրորդական: Քաղաքական գետնի վրայ ալ հայկական զանազան ճակատներու ներկայացուցիչները պէտք է հասկնան, որ այսօր սկիզբ կ՚առնէ նոր փուլ մը, ուր գլխաւոր առանցքը պէտք է ըլլայ Արցախը վերածել բարգաւաճ, մարդաշատ եւ առանց դատարկ տարածքներու վայրի մը: Անշուշտ այս բոլորը պէտք է կատարուին լուռ եւ համակարգուած ճիգերու միջոցաւ:
Հայաստանի իշխանութիւնները ունին շատ թեարցումներ, բայց եւ այնպէս այս հանգրուանին կարեւոր է հասկնալ, որ անոնք կարիքն ունին ոչ թէ ամբոխավարական ելոյթներու կամ աղմկող ու հեռանկար չունեցող զանգուածներու, այլ լուրջ եւ լուռ աշխատանք ծաւալող շինչ ընդդիմութեան:
Ոչ ոք դէմ կրնայ դնել այն ուժին, որ Արցախի մէջ աշխատանք տանելով կը փորձէ քաղաքական հաստատուն միաւորներ կուտակել եւ հաւասար դիրքերէ խօսիլ «Հանրապետական» կուսակցութեան հետ, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխ: Մէկ պայմանով սակայն, որ այդ աշխատանքը ըլլայ անկեղծ եւ ճշմարիտ:
Իսկ թէ ի՛նչ հանգամանքներու տակ ջուրի երես կ՚ելլեն Մոսկուա-Երեւան-Պաքու խօսակցութիւններուն իրական դրուածքն ու ընդհանուր շերտերը՝ պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ փուլերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան