ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՈՒՍԵՑ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պրա­զիլ, շա­բա­թա­վեր­ջին Ռիո­յի մէջ այ­ցե­լեց ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւան։ Այս առ­թիւ ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ այն մար­զիկ­նե­րուն հետ, ո­րոնք 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­յաս­տա­նը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ խրա­խու­սեց հայ մար­զիկ­նե­րը՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նը, Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Գաբ­րիէլ Ղա­զա­րեա­նը, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ «Ձեր ա­ռա­ջին երկր­պա­գու­նե­րը, ա­ռա­ջին սա­տա­րող­նե­րը Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներն են», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան՝ խօսք ուղ­ղե­լով մար­զիկ­նե­րուն։ Նա­խա­գա­հը բա­ցատ­րեց, որ մարմ­նա­մար­զի պա­րա­գա­յին միշտ կրնան պա­տա­հիլ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կամ ձա­խո­ղում­ներ։ Կա­րե­ւո­րը՝ ամ­բող­ջո­վին դրսե­ւո­րուիլն է, հե­տե­ւա­բար պէտք չէ լա­րուիլ։

Միւս կող­մէ, աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին Սերժ Սարգ­սեան մայ­րա­քա­ղաք Պրա­զի­լիա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Պրա­զի­լի Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կա­տար Մի­շէլ Տե­մէ­րի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Պրա­զի­լի մի­ջեւ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ու խո­րաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ստո­րագ­րուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղեալ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016