Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը։ Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան կող­քին էր Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։ Այ­ցե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նէն Նաժ­տա Շա­տեան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ կա­յա­նի մա­նուկ­նե­րուն կող­մէ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հայ­րա­կան վե­րա­բե­մուն­քին ա­ռար­կայ դար­ձուց փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնց փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց կա­յա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ս. Աս­տուա­ծած­նի տօ­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէսին վրայ, որ դար­ձած է ա­ւան­դա­կան։ Ե­րէկ այս տա­րուան քէր­մէսը ի­րա­կա­նաց-ւե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։ Քա­նի, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան այ­ցը զու­գա­դի­պած էր տա­ղա­ւա­րի այս ծրագ­րի ճիշդ նա­խօ­րեա­կին՝ ան ա­կա­նա­տես ե­ղաւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ օրհ­նեց զա­նոնք։

Մա­նուկ­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը բազ­մա­պատկուե­ցաւ, երբ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­նոնց ա­ռա­ջար­կեց մաս­նակ­ցիլ բա­ռա­խա­ղի։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նէն տասն սա­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այդ բա­ռա­խա­ղին, որ տե­ւեց շուրջ ժամ մը։ Ար­դիւն­քին յա­ջո­ղա­գոյ­նը հան­դի­սա­ցած ա­շա­կեր­տը յու­շա­նուէր մը ստա­ցաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ։ Բաց աս­տի, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը փոք­րիկ նուէր­ներ պատ­րաս­տած էր նաեւ բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն եւ հսկիչ­նե­րուն հա­մար։ Ի յի­շա­տակ այս այ­ցե­լու­թեան՝ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ ալ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին յանձ-նըւե­ցաւ յու­շա­նուէր մը։ Ե­զա­կի ա­ռա­քե­լու­թեամբ այս հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը վառ տպա­ւո­րու­թեամբ հրա­ժեշտ ա­ռաւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նէն՝ ա­շա­կեր­տու­թեան եւ բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն փո­խան­ցե­լով իր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խա­ղա­վայ­րը վեր­ջերս օժ­տուե­ցաւ ժա­ման­ցի նոր սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ Տղա­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցան ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած այդ նոր խա­ղա­լիկ­նե­րուն հա­մար։ Հարկ է նշել, որ ժա­ման­ցի այդ սար­քա­ւո­րում­նե­րը Կազ­դուր­ման կա­յա­նին նուի­րուած են Մարգ­րիտ Աթմա­ճա եւ Քնար Սեզկին քոյ­րե­րուն կող­մէ, ի յի­շա­տակ ի­րենց նո­րոգ հան­գու­ցեալ մօր՝ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէ­լի։ Ժա­ման­ցի սար­քա­ւո­րում­նե­րը Կազ­դուր­ման կա­յա­նին յանձ­նուե­ցան «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը։ Ներ­կայ էին Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Քի­լե­ճի եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ եւ ան­շուշտ՝ բո­լոր մա­նուկ­նե­րը։ Այս առ­թիւ ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Թա­մար Ներ­կիզ, որ ան­մի­ջա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով վեր­յի­շեց նո­րոգ հան­գու­ցեալ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէ­լը եւ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­նոր դստ­րե­րուն, ո­րոնք յղա­ցած էին կա­յա­նի մա­նուկ­նե­րը ու­րա­խաց­նե­լու գնա­հա­տե­լի գա­ղա­փա­րը։ Մարգ­րիտ Աթ­մա­ճա եւ Քնար Սեզկին քոյ­րե­րը ծաղ­կե­փուն­ջեր ալ ստա­ցան կա­յա­նի մա­նուկ­նե­րուն ձե­ռամբ, մինչ մնա­ցեալ տղա­քը ար­դէն սկսած էին վա­յե­լել ժա­ման­ցի նոր սար­քա­ւո­րում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016