Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ի­թի­մատ պիւ­րօ»ի բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­շուա­պահ­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճիեան եւ Պետ­րոս Մար­զուան։

Հարկ է նշել, որ Սար­գիս Գրի­գո­րեան բազ­մա­մեայ ու նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նէ մը վերջ ներ­կա­յիս կը փո­խան­ցէ իր հեր­թը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ նոր կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին՝ մեր բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ի նպաստ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման հա­մար։

Գնա­հա­տե­լու հա­մար Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նի կող­մէ ներդ­րուած ե­ռան­դը՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց զին­քը եւ ի­րեն շնոր­հեց մաս­նա­ւոր օրհ­նու­թեան գիր մը։ Ընդգ­ծե­լով այդ գրա­սե­նեա­կին գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յի­շե­ցուց, թէ հիմ­նուած շրջա­նէն ի վեր այդ հաս­տա­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նա­խան­ձախն­դիր եւ վստա­հե­լի սպա­սա­ւոր­ներ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան օրհ­նու­թեան գի­րի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ վեր­յի­շած է նաեւ Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նի հօր՝ Վա­րու­ժան Գրի­գո­րեա­նի ա­նու­նը։ Վա­րու­ժան Գրի­գո­րեա­նի մա­հէն վերջ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նի աշ­խա­տանքն ալ բարձր գնա­հա­տուած է օրհ­նու­թեան գի­րին մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծած է, որ մեր հա­մայն­քա­յին ու թա­ղա­յին մար­մին­նե­րը շնոր­հա­կալ զգա­ցում­ներ կը տա­ծեն ի­րեն նկատ­մամբ։ Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նի նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լու ա­ռըն­թեր ան յղած է իր ա­ղօթքն ու բա­րե­մաղ­թան­քը՝ ի­րեն եւ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016