ՄԱՅ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԳԱ­ՂԱ­ՓԱ­ՐԸ

Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի ստա­ցած ա­ւե­տա­բեր պա­տուէ­րով կի­ներ վերս­տա­ցան մարդ­կա­յին ցե­ղի նա­խա­մօր՝ Ե­ւա­յի մեղ­քի պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած յարգն ու պա­տի­ւը, եւ ան­շուշտ ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Կոյս Մա­րիամ, պահ­պա­նե­լով հան­դերձ կու­սու­թեան իր պա­տի­ւը, մայ­րա­ցաւ, դար­ձաւ Աս­տու­ծոյ մայ­րը, կրեց զԱյն իր սուրբ ար­գան­դին մէջ 9 ա­միս եւ 5 օր՝ մին­չեւ իր միա­ծին Որդ­ւոյն՝ Փրկչի ծնուն­դը՝ որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ՝ Ապ­րիլ 7-էն մին­չեւ Յու­նուար 6-ի՝ որ­պէս թուա­կան։

Սա­կայն սուրբ Ա­ւե­տու­մով պա­տիւ ստա­ցաւ ո՛չ միայն կոյս Մա­րիա­մը՝ ար­ժա­նա­նա­լով «Աս­տու­ծոյ Մայր», այ­սինքն՝ Աս­տուա­ծա­ծին կո­չուե­լու ե­զա­կի եւ բարձ­րա­գոյն պա­տի­ւին, այ­լեւ պա­տիւ ստա­ցաւ «մայ­րու­թիւն»ը ընդ­հան­րա­պէս։ Ար­դա­րեւ «մայ­րու­թիւն»ը ա­մե­նա­բարձր պա­տիւն է մարդ­կու­թեան, եւ յատ­կա­պէս՝ ի­գա­կան սե­ռին, այ­սինքն «կին-մա՛րդ»ուն։

Այս­պէս, կի­նը վերս­տա­ցաւ իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը՝ Աս­տու­ծոյ Մայ­րը ըլ­լա­լով, կեր­պով մը՝ մայ­րու­թեան շնոր­հիւ։ Եւ նաեւ՝ մայ­րու­թեան գա­ղա­փա­րը ստա­ցաւ նոր ի­մաստ, նոր էու­թիւ­ն։

­Մայ­րու­թիւ­նը, ու­րեմն բարձ­րա­ցաւ պատ­ուոյ նոր աս­տի­ճա­նի, ե­ղաւ ա՛լ ա­ւե­լի եւ ա­ռա­ւել ակ­նա­ծե­լի ի­րո­ղու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ մայ­րու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին՝ զե­նի­թին, երբ ար­դէն կին-մար­դը ու­նէր բարձր պա­տիւ, ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան պա­հէն իսկ։

Ուս­տի «մայ­րու­թեան գա­ղա­փար»ը բարձր եւ վսեմ խոր­հուրդ մըն է, եւ մար­դուս հա­մար ա­մե­նէն հա­րա­զատ ու սրտա­մօտ ար­ժէք­նե­րը կա­պուած են ա­նոր հետ։ Մայ­րը հիմքն է մարդ­կու­թեան՝ մեր­ձի­մաստ աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։

Զոր օ­րի­նակ, այս ի­մաս­տով, ի զուր չէ, որ հիմ­նա­կան ար­ժէք­ներ ու գա­ղա­փար­ներ կը յի­շուին «մայր» տիտ­ղո­սով, ինչ­պէս՝ «մայր ե­կե­ղե­ցի», «մայր հայ­րե­նիք», «մայր հող», «մայր վար­ժա­րան», «մայ­րե­նի լե­զու», «մայր պո­ղո­տայ», «մայր դուռ», եւ այլն։ «Մայր ե­կե­ղե­ցի» կը կո­չենք, քա­նի որ ա­նոր սուրբ ա­ւա­զա­նէն կը ստա­նանք մեր հո­գե­ւոր սնուն­դը, «մայր հող», քա­նի որ ան է մար­դուս գո­յու­թեան, գո­յա­տեւ­ման գրա­ւա­կա­նը, «մայր հայ­րե­նիք», քա­նի որ հոն կը ծնինք, հոն կ՚ապ­րինք, հոն կը զար­գա­նանք թէ՛ մարմ­նա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս եւ թէ՛ մտա­պէս, եւ դար­ձեալ հոն կը գոր­ծենք ու հոն կ՚աշ­խա­տինք, հոն կը շա­րու­նա­կէ կեան­քը եւ սե­րունդ­ներ կը գո­յա­տե­ւեն։ Եւ «մայ­րե­նի լե­զու». քա­նի որ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քի ա­ռա­ջին պա­հե­րէն իսկ մար­դուս մայ­րե­նի քաղց­րա­բա­րոյ ու քաղց­րա­բար­բառ, քաղց­րա­ձայն շրթունք­նե­րէն կը լսուի ան, եւ սոր­վե­լու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յուի իբ­րեւ մար­դուս ան­հա­տա­կան ու ազ­գա­յին ընդ­հա­նուր ինք­նու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հիմ­քը։

Ար­դա­րեւ «մայ­րու­թեան գա­ղա­փար»ն է, որ մայ­րա­կան քաղցր կա­թին հետ կը ներ­թա­փան­ցէ մար­դուս էու­թեան մէջ եւ սկիզբ կը դնէ ա­նոր կազ­մու­թեանն ու ձե­ւա­ւոր­մա­նը իբ­րեւ ար­ժա­նա­ւոր մար­դիկ՝ շա­ղա­խուած ու լիա­ցած մայ­րա­կան սի­րով եւ գո­րո­վով։ Ուս­տի սի­րոյ զգա­ցու­մին ա­մե­նա­հա­րա­զա­տը, ա­մե­նէն ան­կեղ­ծը, իս­կա­պէս սրտա­բուխն է մայ­րա­կան սէ­րը՝ որ գրե­թէ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ եւ հա­մա­զօրն է աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ։ Քա­նի որ Աս­տուած սէ՛ր է, եւ դար­ձեալ Աս­տուած Ի՛նք կին-մար­դուն տուաւ մայ­րու­թեան բարձ­րա­գոյն պա­տի­ւը եւ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ծնե­լու մե­նաշ­նոր­հը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, ա­պա ու­րեմն մայ­րա­կան սէրն ալ հա­ւա­սար է աս­տուա­ծա­յին սի­րոյն։

Բնա­կան է ե՛ւ բա­նա­կան, որ Աս­տուած Իր սէ­րը փո­խան­ցէ ա­նոր՝ որ իր գոր­ծը պի­տի կա­տա­րէ, այ­սինքն՝ մարդ մը աշ­խարհ պի­տի բե­րէ, պի­տի ծնի։ Ու­րեմն աս­տուա­ծա­յին ա­րար­չու­թեան գոր­ծը, կեր­պով մը փո­խան­ցուե­ցաւ կին-մար­դուն «մա՛յր» ըլ­լա­լու բարձ­րա­գոյն եւ ե­զա­կի պար­տա­կա­նու­թեամբ։

Ուս­տի մայ­րու­թեան վսե­մու­թիւ­նը, վե­հու­թիւնն է, որ մարդս կը մղէ որ­դիա­կան սի­րով եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ խո­նար­հե­լու բո­լոր մայ­րե­րու առ­ջեւ, ո­րոնց նա­խա­տի­պա­րը պէտք է հա­մա­րուի Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծի­նը։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Կոյս Մա­րիամ ցոյց տուաւ հնա­զան­դու­թեան եւ հա­ւա­տար­մու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը, երբ ի­րեն ա­ւե­տուե­ցաւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Մայ­րը ըլ­լա­լու բա­րի լու­րը։ Ուս­տի այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դը հա­մա­կուած էր Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի աշ­խարհ գա­լու ակն­կա­լու­թեամբ, զոր խոս­տա­ցած էր Աս­տուած։ Մար­դիկ, ան­համ­բեր կը սպա­սէին Քրիս­տո­սին՝ Տի­րոջ Օ­ծեա­լին, որ աշ­խարհ պի­տի գար իբ­րեւ Փրկի՛չ։ Եւ Սուրբ Կոյս Մա­րիամ նոյն­պէս Ե­րու­սա­ղէ­մի Տա­ճա­րին մէջ ապ­րած տա­րի­նե­րուն տե­ղե­կա­ցած էր աս­տուա­ծա­յին այս խոս­տու­մին մա­սին եւ կ՚ակն­կա­լէր Փրկչին գա­լուս­տը։

Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պե­տը, սրբու­հի Մա­րիա­մի մօտ գա­լով, ը­սաւ. «Ու­րա­խա­ցի՛ր, շնոր­հա­լի՜ կոյս, ո­րով­հե­տեւ Աս­տուած քե­զի հետ է» (ՂՈՒԿ. Ա 28)։

Հ­րեշ­տա­կա­պե­տին տես­քէն եւ ող­ջոյ­նէն սրբու­հին կը խռո­վի, սա­կայն ան­մի­ջա­պէս չի պա­տաս­խա­ներ, այլ մտքէն կը սկսի խոր­հիլ, քննել՝ թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ող­ջոյ­նի այդ խօս­քե­րը, այ­սինքն՝ ընտ­րո­ղու­թիւն կը կա­տա­րէ, փո­խա­նակ ան­մի­ջա­պէս հա­կազ­դե­լու։

Ա­պա, երբ հրեշ­տա­կա­պե­տէն կը ստա­նայ Յի­սու­սով յղաց­ման ա­ւե­տի­սը, կը հա­ւա­տայ, եւ Աս­տու­ծոյ մա­սին խոր­հե­լով, կը հարց­նէ. «Ա­տի­կա ի՞նչ­պէս կրնայ պա­տա­հիլ, երբ ա­մուս­նա­ցած չեմ» (ՂՈՒԿ. Ա 34)։ Եւ երբ հրեշ­տա­կա­պե­տը կը պա­տաս­խա­նէ, կոյս Մա­րիամ կը հասկ­նայ նաեւ յղաց­ման կեր­պը, որ այդ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ ո՛չ թէ այր-մայ­դու, այլ Սուրբ Հո­գիի իջ­մամբ, այն ժա­մա­նակ միայն կը յայտ­նէ իր յօ­ժա­րու­թիւ­նը, հնա­զան­դու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ կամ­քին եւ կ՚ը­սէ. «Աս­տու­ծոյ ա­ղա­խինն եմ, թող քու ը­սածդ ըլ­լայ» (ՂՈՒԿ. Ա 38)։­

Ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս­պէս, Աս­տու­ծոյ Որ­դին մարմ­նա­ցաւ, մար­դա­ցաւ, Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի ա­րիւ­նով լե­ցուե­ցաւ եւ միա­ւո­րուե­ցաւ Իր Աս­տուա­ծու­թիւ­նը, եւ «Կա­տա­րեալ Աս­տուա­ծը ե­ղաւ կա­տա­րեալ մա՛րդ», միա­ւո­րուած մէկ աս­տուա­ծա­մարդ­կա­յին բնու­թեամբ։

Սուրբ Ա­ւե­տու­մով, Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի ար­գան­դէն ծա­գե­ցաւ լու­սա­փայլ Ճա­ռա­գայ­թը՝ «Բանն Աս­տուած»՝ Որ­դին Աս­տուած, որ սուրբ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լուն պէս ի­ջաւ ա­նոր ար­գան­դը եւ այն­տեղ նկա­րեց Իր ար­քա­յա­կան կա­տա­րեալ պատ­կե­րը։ Կոյս Մա­րիա­մի խո­հեմ եւ ող­ջա­միտ հնա­զան­դու­թիւ­նը եւ հա­ւատ­քին զօ­րու­թիւ­նը ի­րեն շնոր­հեց ա­մե­նավ­սեմ պա­տի­ւը մարդ­կու­թեան՝ մայ­րու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ Աս­տուա­ծա­մայր ըլ­լա­լու մե­նաշ­նոր­հը։ Հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած հնա­զան­դու­թիւ­նը, ու­րեմն կը բարձ­րաց­նէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կը կար­ծեն, թէ հնա­զան­դու­թիւ­նը կը նուաս­տաց­նէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, եւ այս պատ­ճա­ռով կը նա­խընտ­րեն անհ­նա­զանդ գտնուիլ, եւ ըմ­բոստ դիրք կը գրա­ւեն. բայց կորսնց­նո­ղը եւ վնա­սուո­ղը ի­րենք կ՚ըլ­լան եւ չեն գի­տեր, թէ անհ­նա­զան­դու­թեամբ ի՜նչ ա­ռիթ­ներ, ի՜նչ բա­րիք­ներ կը կորսնց­նեն։

Վեր­ջա­պէս, պէտք է ը­սել, թէ հնա­զան­դու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ խո­հե­մու­թեամբ եւ բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ ո՛չ թէ կոյրզ­կու­րայն։ Ար­դա­րեւ կոյս Մա­րիամ ալ խոր­հե­ցաւ, հար­ցուց, քննեց եւ ա­պա հնա­զան­դե­ցաւ։ Եւ ու­րեմն այս ի­մաս­տով՝ Աս­տուա­ծա­մայ­րը ա­ռաջ­նա­կարգ տի­պա՛րն է ող­ջա­խոհ, բա­նա­ւոր եւ հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած հնա­զան­դու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 12, 2016, Գնա­լը կղզի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016