ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՔ…
Կը տեղեկանանք, որ անցեալ շաբաթավերջին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերուն վրայ անծանօթ անձեր գրի առած են ցեղապաշտ լոզունգներ։ Դէպքը պատահած է 12 Օգոստոս Ուրբաթ երեկոյեան։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան տեղեկացուց, որ այս խնդրին կապակցութեամբ անմիջապէս շարժման անցած են Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըշքան եւ Սկիւտարի Անվտանգութեան տնօրէն Կիւրհան Քայա։
Միեւնոյն ժամանակ Թորոս Ալճան այս նիւթին շուրջ հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը՝ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի հանգամանքով։ Իր ստորագրութեամբ երէկ հրապարակուած յայտարարութիւնը ուղղուած է ամբողջ հանրային կարծիքին։ Ան պախարակած է դէպքը ու շեշտած է, որ նման արարքները ակըն-յայտօրէն կը համարուին ատելութեան յանցագործութիւններ։ Ալճան ցաւ յայտնած է, որ դժբախտաբար երկրի փոքրամասնական հաւաքականութիւնները ատեն-ատեն կ՚ենթար-կըւին նման յարձակումներու։ Ան շեշտած է, թէ Թուրքիոյ միութեան ու միասնականութեան համար ներկայիս համախմբուած են երկրին բոլոր տարրերը։ Այս մթնոլորտին մէջ Ալճան յոյս յայտնած է, որ փութով ձերբակալուին ու արդարադատութեան համակարգին յանձնուին այն խափանարարները, որոնք իրականացուցած են այս յանցագործութիւնը։ Ալճան յանցագործները խստիւ պախարակած է՝ յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն։
Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը Թորոս Ալճանի կողմէ հրապարակուած է Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի հանգամանքով եւ նոյն գրասենեակի միջոցներով գտած է տարածում։ Այսպէսով այդ յայտարարութիւնը հասած է Թուրքիոյ բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն եւ այլ պատկան շրջանակներուն։