ՀՈԳԵՃԱՇ
«Եղաւ ժամանակ երբ մենք խնդացինք երբ լալու էինք Եւ հակառակը ինքնաբերաբար եղաւ կեանքի լար»:
Ս. Արմէն
Սրտառուչ երգեր շատ կան նայած առիթներու. ինծի համար անոնցմէ մէկն է «Վերջին Զանգը»... ոչ անոր համար, որ ապրած եմ այդ պահը, այլ ընդհակառակը: Ուրեմն հասկնալի է. անկատար իղձ մը կը կապէ զիս կարօտով, սակայն ջերմանալով անոնցմով, որոնք ոչ միայն այդ պահը ապրած են, այլ շարունակած են մագլցիլ վեր, մինչեւ դոկտորական...։
Բայց կարօտը կը կոտտայ...։
Առ այդ հետաքրքիր եմ ուսումնական հարցերով (սեփական ճանապարհով), որոնք այնքան անհրաժեշտ են մակարդակ տալու, կոփելու եւ բարձրացնելու ազգի զաւակները. եւ մենք՝ հայերս, հետամուտ եղած ենք ու հիմնած վարժարաններ, ճեմարաններ եւ ինչո՞ւ չէ համալսարան Հայրենիքէ դուրս, որ կը կոչուի Սփիւռք:
Կոտտացող վէրք մը կայ սակայն բացուած՝ երբ կը փակուի երկու բարեսիրտ ազգայիններու՝ Կարապետ եւ Գրիգորի կտակով Կիպրոսի «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը», որ կ՚անուանուի նաեւ «Լուսոյ Տաճար», որու հիմնադրութեան 90-ամեակին առթիւ կը կատարուի հաւաք՝ Յուլիս 14-21, որուն ներկայ կ՚ըլլան 200 մելգոնեանցիներ: Տքթ. Մինաս Գոճայեան կը ներկայացնէ՝ «Ուշագրաւ երեկոներէն մէկն էր ՄԿՀ-ի շրջափակին մէջ կազմակերպուած շքեղ խրախճանքը»... «Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր վաստակաշատ ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Պրն. Վարդան Թաշճեան»: (Մենք ալ ամբողջացնելու համար Վարդան Թաշճեանի մասին տրուածները, ան է՛ նաեւ Նարեկ Ազգային վարժարանի (Նիկոսիա) հոգաբարձութեան ատենապետ): Շարունակելով նկարագրականը՝ «Յաջորդ օրը դարձեալ հաստատութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՄԿՀ ուսուցիչներու նուիրուած խրախճանք», ուր՝ «իրենց յուշերուն ընդմէջէն շեշտեցին Մելգոնեանի դերը եւ անոր վերաբացման անհրաժեշտութիւնը...»:
Ուրեմն՝ Գերեզմանացած ՄՀԿ-ն տակաւին գործածելի է... եթէ ոչ իբրեւ «Լուսոյ Տաճար», այլ խրախճանքի եւ իրարմով զուարճանալու վայր... եւ... «Լիայոյս ենք, որ Լուսոյ Տաճարը իր դռները կը բանայ ապագայ սերունդներուն համար, ի փառս 110-ամեայ համահայկական այս Մեծ Միութեան»:
Ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուած է այս «լիայուսութիւնը», անյայտ է (բան մը, որուն կը սպասուի աւելի քան 10 տարիներէ), ի բաց առեալ հայկական երազկոտութեան, առաւել՝ փաղաքշանք Բարեգործականի «խիզախ» յանձնառուներու, որոնք միաձայնութեամբ (անգնահատելի միաձայնութիւն), որոշեցին փակել զայն, ուր պիտի դրոշմուէր՝
«Գի՛ր սիրէ, ղալա՛մ սիրէ, դա՛վթար սիրէ» (Սայեաթ Նովա) խրատականը։
Գալով հրաւիրատոմսին... եթէ ըսեմ սեւ գոյնի է, ան ալ երանգները ունի - Պետրոս Դուրեանի մէկ խօսքը յիշելով - «դամբանի մրուրի», կամ ածխագոյն ըսենք: Իսկ գրութիւնը՝ լրիւ անգլերէն, ուր Մեսրոպը ծուարած է միայն ՄԿՀ-ի մէջ, մինչ կռնակին՝
«An eye for an eye
Makes the whole world blind»
Mahatma Ghandi
«Աչք աչքի համար
Ամբողջ աշխարհը կ՚ընէ կոյր»։
Մահաթմա Կանտի
Այսինքն ի՞նչ... լռե՞լ, չհակադարձե՞լ, համակերպի՞լ։
Յ.Գ. Սիւնակ մը ունինք «Աշխարհի տարօրինակութիւններէն». թողունք աշխարհը իր վիճակին, անցնինք մեր տարօրինակութիւններէն այս մէկուն- փող կը հնչեցնենք, ղօղանջներ կը բարձրացնենք՝ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ պահպանութեան միջոցներ կը փնտռենք ու «Լուսոյ Տաճար»ի լոյսերը կը մարենք...։
Գալով Կանտիին՝
Մէջբերում մը Ռապինտրանաթ Դակորի «Պարտիզպանը» գիրքին յառաջաբանէն, Ս. Ումառեանի կողմէ գրուած.-
«1914 թուականին Բրիտանական կառավարութիւնը նրան շնորհում է Պարոնեթի տիտղոսը, սակայն 1919 թուականին, երբ բրիտանական զօրքերը Արմիթսարում գըն-դակահարեցին հնդիկ ապստամբ, անզէն ժողովուրդին, Դակորը հրաժարուեց այդ տիտղոսից եւ միեւնոյն ժամանակ նամակ գրեց անգլիական խմբերի կողմի գործակալ, քաղաքական րէակսիոն գործիչ Մահաթմա Կարամչանդ Կանտիին, մեղադրելով նրան արիւնահեղութեան համար»:
Շատ տարածուած է Կանտիի այսպէս կոչ-ւած «կրաւորական դիմադրութեան» մասին, մինչ բոլորովին այլ է իրականութիւնը՝ յաղթանակի հասնելու:
Պէտք է առարկայական ըլլալ: Այս պատմութիւն է, ո՛չ սիրավէպ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան