ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Երբ «օտա՛ր» մէկը՝ ընկերը՝ մեր անձին պէս պէտք է սիրել, կ՚ըսուի, ապա ուրեմն, մեր ազգականները, մեր արենակիցները՝ մեր եղբայրները, մեր համազգիները, որոնք բաղդատմամբ «օտար» ընկերներուն՝ մեզի աւելի՛ մերձաւորագոյն ըլլալնուն պատճառով, բնականաբար պէ՛տք է որ աւելի հարազատ, աւելի սերտ սիրով սիրենք։ Այս կը նշանակէ, որ ուրեմն, առաւելաբար անհամեմատ սիրով սիրելու ենք մեր եղբայրները, մեր մերձաւորները՝ որոնք կրկին սիրոյ արժանի են։
Արդարեւ, մեր մերձաւորները, նախ մարդկայնօրէն մեր «ընկեր»ները կը համարուին, ըսենք, մեր բնական ընկերները. յետոյ սերունդով եւ արիւնով մեզի հետ մէկ են՝ համարիւն, եւ այս պատճառներով անոնք բնականօրէն աւելի շատ պէտք է սիրենք։
Արդ, քանի որ մէկը եղբօր կամ արենակից մերձաւորին կամ ազգականին հանդէպ իր սրտին մէջ փափուկ զգացում ունի, եւ իր ներքին համակրութենէն կը թելադրուի կամ կ՚առաջնորդուի զանոնք սիրելու, ապա ուրեմն ինքնին համոզուած է այս ճշմարտութեան։
Իսկ ընդհակառակը՝ թէ որ արենակցութեան այն սուրբ յօդակապը խզելով, եղբայրսիրութեան բնաբոյս համակրութիւնը մեղադրելի անզգայութեամբ եւ անտարբերութեամբ թմրեցնէ սրտին մէջ, այլեւս անկէ ետք, հետզհետէ եղբայրատեցութեան մոլեկան կիրքերուն անձնատուր կ՚ըլլայ եւ կը հեռնայ իր պատկանելիութենէն։
Բայց «եղբայրսիրութեան» համար, բնութեան թելադրանքներէն զատ ուրիշ գերագոյն ազդակ մը, հարկ մը կայ մեր վրայ. այսինքն եթէ Աստուած մեզ սիրեց մահու աստիճան, ամբարշտութիւն է՝ թէ որ մենք չսիրենք մէկզմէկ։ Ուստի Աստուած, Իր իսկ օրինակով կը պատուիրէ, կը հրամայէ մեզի՝ սիրել մեր եղբայրը։
Արդարեւ Քրիստոս տուաւ օրինակը՝ թէ ինչ չափով պէտք է սիրենք մեր եղբայրները։
Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէ՛ք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34-35)։
Եւ Պօղոս Առաքեալ եւս կը խրատէ եփեսացիները երբ կ՚ըսէ. «Եւ սիրով շարժեցէ՛ք, այնպէս՝ ինչպէ՛ս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինք Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ» (ԵՓԵՍ. Ե 2)։
Արդարեւ երեք պայմաններ կան եղբայրասիրութեան համար. եղբայրասիրութիւնը պէտք է ըլլայ՝ անկեղծ, սուրբ սրտով եւ հաստատո՛ւն։
«Արդ, դուք որ ճշմարտութեան հնազանդելով սիրեցիք ձեր անձերը, որպէսզի անկեղծ եղբայրասիրութեամբ ապրիք, սրտանց սիրեցէ՛ք իրար, մաքուր սրտով» (Ա ՊԵՏՐ. Ա 22)։
Ուստի ճշմարիտ եղբայրասէրը՝ «Ծնունդ Աստուծոյ» կը կոչուի, ինչպէս որ կը վկայէ Սիրոյ քարոզիչ սրբազան Առաքեալը՝ Յովհաննէս երբ սիրոյ մէջ ըլլալ կը յորդորէ մեզի։
«Սիրելինե՛ր, սիրեցէ՛ք իրար, որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է եւ զԱստուած կը ճանչնայ այն որ կը սիրէ. ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7)։
Այս իմաստով գործնական եղբայրասիրութիւնը կը տեսնուի հետեւեալ ձեւերով.
-Իրարու վրայ գութ ունենալով։
-Իրարու օգնելով։
-Աղքատացած եղբայրը պաշտպանելով։
-Աղքատ եղբայրներու խստասրտութիւն չընելով, քաղցր վարուելով անոնց հետ։
-Վշտացած եղբայրներուն կարեկից ըլլալով։
-Աղօթելով՝ նեղութեան եւ դժուարութիւններու մէջ գտնուող եղբայրներու համար։
-Իրարու հետ խնդիր ունեցող եղբայրներու հարցերուն լուծում գտնելով եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան համար աշխատելով, կարելին ընելով։
-Եղբօր պակասութիւնները ծածկելով եւ այդ պակասութիւնները լրացնելով։
-Եղբօր տկարութիւնները զօրացնելով։
-Եղբօր մեզի դէմ գործած յանցանքներուն ներելով՝ մի՛շտ ներելով, որուն օրինակը կու տայ Քրիստոս։
-Եղբայրներու միջեւ խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը եւ մանաւանդ անկեղծ սէրը մի՛շտ վառ պահելով։
Արդարեւ եղբայրներու յանցանքին ներողներուն մեղքերը թողութիւն գտած պիտի ըլլան, իսկ չներողներուն մեղքերը թողութիւն պիտի չգտնեն։
«Բարկութիւն»ը սիրոյ դէմ մե՛ղք է. մանաւանդ պարապ տեղը, առանց պատճառի եղբօր բարկանալ՝ զայն նախատել՝ դատապարտելի մեղք է։
«Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի։ Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի, եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի։ Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն՝ յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա՛ նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ապա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ» (ՄԱՏԹ. Ե 22-24)։
Ուստի եղբայրներու միջեւ միշտ պէտք է ըլլայ հաշտութիւն, ըստ եղբայրսիրութեան պատուիրանին։ Եղբայրատեացը միշտ պատճառանք, պատրուակ կը փնտռէ՝ որպէսզի վիճի իր եղբօր հետ եւ միշտ պատրա՛ստ է արդարացում մը գտնելու։ Ան կռուելու պատճառներ կը ստեղծէ, քանի որ ատելութեան հետեւանքը միշտ կռի՛ւ է։
Եղբայրասէրը միշտ «լոյս»ի մէջ է, իսկ եղբայրատեացը՝ «խաւար»ի մէջ։ Եւ իր եղբայրը չսիրողը՝ Աստուած ալ չի սիրեր։
«Ո՛վ որ իր եղբայրը չի սիրեր, մահուան ենթակայ կը մնայ։ Ո՛վ որ իր եղբայրը կ՚ատէ՝ մարդասպա՛ն մըն է» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 14-15)։
Ուրեմն, սիրենք զիրար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 13, 2016, Գնալը կղզի