Ինչպէ՞ս…

Իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թին մէջ զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կը՝ եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած հրա­պա­րա­կա­գիր մը այս շաբ­թուան հեր­թա­կան յօ­դուա­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձեր է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած գրու­թեան մը։ Հե­ղի­նա­կը քննա­դա­տե­լի նկա­տեր է մեր թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րէն մէ­կուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ իր հա­կա­փաս­տարկ­նե­րը թուար­կեր՝ այդ յօ­դուա­ծը ստո­րագ­րած մեր աշ­խա­տակ­ցին դէմ։ Մին­չեւ այս­տեղ ան­հասկ­նա­լի կամ ա­նըմբռ­նե­լի ո­չինչ կայ. բնա­կան ե­րե­ւոյթ։ Եր­կու հրա­պա­րա­կա­գիր­ներ կը դի­տար­կեն ե­րե­ւոյթ մը, ո­րու վե­րա­բե­րեալ ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը չեն հա­մընկ­նիր եւ կ՚ար­տա­յայ­տեն հա­կա­դիր կար­ծիք­ներ։ Սա նոյ­նիսկ օգ­տա­կար է։

Իր սիւ­նա­կը եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած յօ­դուա­ծա­գի­րը կա­մայ թէ ա­կա­մայ շե­ղեր է սա­կայն կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու քա­ղա­քա­կիրթ, ա­ռողջ հար­թակ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ճա­նա­պար­հը եւ իր խե­լա­պա­տի­կէն դուրս բե­րեր է կարգ մը վար­կած­ներ կամ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած յօ­դուա­ծի ե­տին կանգ­նած հան­գա­մանք­նե­րուն շուրջ։ Ան պնդած է, որ թերթս՝ իր կող­մէ քննա­դա­տուած յօ­դուա­ծը պա­տուէ­րով գրել տուած է այդ աշ­խա­տակ­ցին։ Կան­խաւ յայտ­նենք, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը գրու­թիւն­ներ չի պա­տուի­րեր, ապսպ­րանք­ներ չի տար իր աշ­խա­տա­կից­նե­րուն։ Կ՚ե­րե­ւի այդ հե­ղի­նա­կը իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թի նա­խըն­թաց­նե­րէն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն դա­տե­լով այդ­պի­սի կաս­կած մը ու­նե­ցած է։ Մենք եր­բեք սո­վո­րու­թիւն չենք ու­նե­ցած «ծա­խուած գրիչ»նե­րու հետ աշ­խա­տե­լու ու նոյ­նիսկ այդ­պի­սի ռիս­քե­րու պա­րա­գա­յին չենք վա­րա­նած նման անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հետ մեր կա­պե­րը խզե­լէ՝ չվտան­գե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քի հա­սա­րա­կաց մտքի ա­ռողջ ձե­ւա­ւո­րու­մը։

Իր զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կը եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած հրա­պա­րա­կա­գի­րը ու­րիշ մէ­կը չէ, ե­թէ ոչ մեր սի­րե­լի ու նոյ­նիսկ վա­ղե­մի բա­րե­կամ Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը խմբագ­րէ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րը։ Իր սիւ­նա­կի ստո­րո­գե­լի­նե­րուն այս­տեղ կ՚ակ­նար­կենք ո՛չ թէ ֆի­զի­քա­կան ի­մաս­տով, այլ խորհր­դան­շա­կան ա­ռու­մով։ Մեր նպա­տա­կը չէ ըլ­լալ վի­րա­ւո­րա­կան, այլ կ՚ու­զենք ըլ­լալ ա­ռա­ւել հասկ­նա­լի։

Մենք ան­հա­տա­կան հար­թու­թեան վրայ բա­րե­կա­մու­թիւն, նոյ­նիսկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած ենք ի­րեն հետ։ Խօս­քը ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մա­սին չէ ան­պայ­ման, այլ ա­ռա­ջին հեր­թին կը վե­րա­բե­րի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան։ Գտնուած ենք նոյ­նան­ման մթնո­լորտ­նե­րու մէջ՝ որ­պէս գա­ղա­փա­րի մար­դիկ։ Ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած են ա­ռիթ­ներ, թէեւ սա­կա­ւա­թիւ, երբ Բագ­րատ Էս­դու­գեան քա­նի մը յօ­դուած գրի ա­ռած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ։ Մի­թէ պա­տուէ­րո՞վ գրած էր այդ բո­լո­րը։

Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի այս շաբ­թուան «Ա­կօս»ին մէջ գրա­ծը իս­կա­պէս զար­մանք պատ­ճա­ռած է մե­զի։ Մենք զին­քը ճանչ­ցած ենք որ­պէս անձ­նա­ւո­րու­թիւն՝ հե­տա­մուտ կար­ծիք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թեան։ Ի՞նչ պա­տա­հած է, որ ան չէ կրցած զսպել ինք­զին­քը եւ իր­մէ տար­բեր տե­սա­կէտ ար­տա­յայ­տած հե­ղի­նա­կի մը պա­րա­գա­յին քննա­դա­տու­թեան սահ­մա­նը հա­տե­լով՝ կը հաս­նի բա­րո­յա­գի­տա­կան ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րու, նոյ­նիսկ զրպար­տու­թիւն­նե­րու եզ­րին։

Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի սիւ­նա­կին զարդ հան­դի­սա­ցած սեւ պե­խե­րը վա­ղուց դար­ձած են սպի­տակ։ Նոյ­նիսկ ծխա­խո­տին ծու­խը դեղ­նե­ցու­ցած է զա­նոնք։ Սպի­տա­կած պե­խե­րը կամ մօ­րու­քը սո­վո­րա­բար փոր­ձա­ռու­թեան, շրջա­հա­յեա­ցու­թեան ազ­դան­շան­ներ կ՚ըն­կա­լուին։ Ան այս­քան տա­րի­նե­րու իր փոր­ձա­ռու­թեամբ չէ՞ կրցած սոր­վիլ, թէ նման պնդում­ներ, զրպար­տու­թիւն­ներ, ա­նար­գա­լից վե­րագ­րում­ներ կամ ակ­նար­կու­թիւն­ներ ը­նե­լու ժա­մա­նակ մարդ պէտք է հա­զար ան­գամ մտա­ծէ ու հա­զիւ ան­գամ  մը խօ­սի։ Ե­թէ այդ­քան ա­ժա՛ն են այդ­պի­սի պնդում­նե­րու, ո­րա­կում­նե­րու յա­ռաջ քշուի­լը, ա­պա այդ ե­րե­ւոյ­թը խոր­քին մէջ խոս­տո­վա­նու­թեան մը կը վե­րա­ծուի են­թա­կա­յի ար­ժե­հա­մա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ։ Այդ ա­ժա­նու­թիւ­նը մի­թէ չ՚ըն­կա­լուի՞ր որ­պէս գա­ղա­փա­րա­կան սնան­կու­թիւն։ Պէտք չէ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ վա­րուիլ այս ձե­ւով, այս ո­ճով, ինչ որ ան­յա­րիր է նոյն աս­պա­րէ­զին պատ­կա­նող մար­դոց։

Բագ­րատ Էս­դու­գեան պէտք է հա­մո­զուի կամ փոր­ձէ հա­մա­կեր­պիլ այն գա­ղա­փա­րին, թէ իր կող­մէ աս­տուա­ծա­ցուած կեղծ կուռ­քե­րը օր մը ան­պայ­ման պի­տի քան­դուին՝ որ­քան որ ալ տուեալ պա­հուն թուին ըլ­լալ ա­մուր, ան­պար­տե­լի։ Միակ մնա­յու­նը պի­տի ըլ­լայ հան­րու­թեան, ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ա­պա­հո­վուած վար­կը, հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, ո­րոնց հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան­ներն են՝ զսպուա­ծու­թիւ­նը, լրջու­թիւ­նը, շրջա­հա­յեա­ցու­թիւ­նը եւ բո­լո­րին նկատ­մամբ յար­գան­քը։ Այս յօ­դուա­ծի պա­րա­գա­յին մե­զի ցաւ պատ­ճա­ռած է, որ Բագ­րատ Էս­դու­գեան հան­դէս կու գայ ոչ թէ հրա­պա­րա­կագ­րի մը ձեռն­հա­սու­թեամբ, այլ կեղծ կուռ­քի մը ա­ժան փաս­տա­բա­նու­թեամբ։

Այս նշում­նե­րը ի­րեն կը հաս­ցէագ­րենք բա­րե­կա­մա­բար։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս նշում­նե­րը կ՚ը­նենք այն վստա­հու­թիւ­նով, որ մեր սի­րե­լի բա­րե­կա­մը այդ յօ­դուա­ծը գրի առ­նե­լու ժա­մա­նակ կ՚ե­րե­ւի չէր կաս­կա­ծեր, թէ ար­ձա­գանգ մը պի­տի ու­նե­նայ մեր կող­մէ։ Մենք որ­քան որ ալ խու­սա­փինք ան­տե­ղի բա­նա­վէ­ճե­րու կամ գրչա­պայ­քար­նե­րու մէջ մտնե­լէ, բնա­կա­նա­բար, «խա­թեր» հա­մար չենք կրնար լռու­թիւն պա­հել կէ­տէ մը ան­դին։

Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նին ան­կեղ­ծօ­րէն խոր­հուրդ կու տանք՝ ան­գամ մըն ալ իր զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կին զար­դե­րէն մէ­կը դար­ձու­ցած այդ քի­թը չխո­թել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գոր­ծե­րուն մէջ։ Իր սպի­տա­կած, ծու­խէն դեղ­նած պե­խե­րուն ե­տին ան կրնայ հան­գիստ շնչել ու կրնայ վստահ ըլ­լալ, որ պա­տուէր­նե­րով յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ յա­ռաջ չեն տա­րուիր մեր օ­րա­թեր­թին մօտ։ Մենք ու­նինք նուա­զա­գոյն խի­զա­խու­թիւն. երբ որ քննա­դա­տե­լի ե­րե­ւոյթ մը նկա­տենք, ար­դէն ա­ռանց ոե­ւէ մէ­կուն պա­տուէր տա­լու՝ մեր իսկ գրի­չով կրնանք հան­դէս գալ ան­վա­րան։ Հե­տե­ւա­բար, իր գտնուած մի­ջա­վայ­րե­րու գոր­ծե­լաո­ճէն դա­տե­լով՝ ան թող թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ չկազ­մէ մեր թեր­թին մա­սին։

Կը մաղ­թենք, որ ան­գամ մը եւս չենք պար­տա­ւո­րուիր նման գրու­թիւն մը գրի առ­նել մեր սի­րե­լի Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նին հա­մար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016