ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Կրուսմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յայտնի ռուս ազգագրագէտ Ալեքսանտր Միլլէրի հաւաքածոն այս տարուան ընթացքին պիտի ներկայացուի Մոսկուայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ, նաեւ ցուցահանդէս մըն ալ պիտի բացուի Երեւանի մէջ։ Յասմիկ Պօղոսեան եւ Վլատիմիր Կրուսման երէկ քննարկեցին կազմակերպուելիք ցուցահանդէսներուն մանրամասնութիւնները։ Հաւանական է, որ Միլլէրի հաւաքածոյէն բացի ծրագրուած այս ցուցահանդէսներուն մէջ ներկայացուին Հայաստանէն նմոյշներ եւս։
Երէկուան քննարկումներուն ընթացքին կողմերը նշեցին, թէ պիտի ստեղծուի ցուցահանդէսներու ալպոմ մը, որ պիտի ներկայացուի նաեւ գրքի միջազգային տաղաւարներուն մէջ։ Պօղոսեան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ այդ ալպոմը պէտք է ընդգրկէ նաեւ հայերէն։
Ռուսաստանի մէջ նախատեսուած ցուցահանդէսները պիտի կազմակերպուին մինչեւ այս տարուան Մայիսը կամ Յունիսը, իսկ Երեւանի մէջ նախատեսուածը՝ Հոկտեմբերին։