ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԵՐԿՈՒՆՔԷՆ ԵՏՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԻՒՑԱԶՈՒՆՆԵՐ ԿԸ ԾՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ…

Երկ­նէր եր­կին,
Երկ­նէր եր­կիր,
Երկ­նէր եւ ծովն ծի­րա­նի...
Եւ ի բո­ցոյն վա­զէր խար­տեաշ պա­տա­նե­կիկ
Նա հուր հեր ու­նէր, ա­պա թէ բոց ու­նէր մօ­րուսն
Եւ աչ­կունքն էին ա­րե­գա­կունք…:

Հա­յոց պատ­մա­հայր Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի փրկած մեր հա­զա­րա­մեայ հե­թա­նո­սա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան գլուխ գոր­ծոց «Վա­հագ­նի Ծնունդ»ը, 2500 տա­րի­ներ ետք ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ՝ Ո­ղիմ­պիա­կան մայ­րա­քա­ղաք Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի ըմբ­շա­մար­տի մրցա­հար­թա­կին վրայ: Հա­յաս­տա­նի նոյն­քան հնա­գոյն քա­ղաք, երկ­րա­շարժ­նե­րէ վեր յառ­նած Կիւմ­րի քա­ղա­քի «Կիւմ­րի»ի դիւ­ցա­զուն Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան, 9-0 հա­շուով գե­տին զգետ­նե­լով իր թուրք մրցա­կի­ցը, ար­ժա­նա­ցաւ հա­յոց Ար­քայ Ար­տա­ւազդ թա­գա­ւո­րի դափ­նեպ­սա­կին եւ հին աշ­խար­հի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան Վա­րազ­դատ թա­գա­ւո­րի փառ­քին: Մինչ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շը վեր կը բարձ­րա­նայ մեր ազ­գա­յին հիմ­նի հնչիւն­նե­րուն ներ­քոյ, մե­րօ­րեայ Վա­հագ­նին կա­պոյտ աչ­քե­րը ար­ցունք­նե­րով հե­ղե­ղուե­ցան, որ ան­գամ մը եւս աշ­խար­հին ցոյց տուաւ, թէ ար­ցա­խեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն եւ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած քա­ղա­քա­կան եր­կուն­քէն ետք, Հա­յաս­տան դար­ձեալ կո­րիւն­ներ կը ծնա­նի:

Մինչ նոյն օ­րե­րուն Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քը ու­նե­ցող, Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի տի­տան Պրա­զի­լի մայ­րա­քա­ղաքը՝ Պրա­զի­լիա­յի մէջ՝ բա­ցու­մը կը կա­տա­ր-ւէր Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան շէն­քին, Ռու­սաստան նոր ու ծանր զէն­քեր կը մա­տա­կա­րա­րէր Հա­յաս­տա­նի, 200 մի­լիոն տո­լար վար­կի դի­մաց («Սմերչ» եւ «Թօս»), Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան դար­ձեալ կը զգետ­նէր իր ատր­պէյ­ճան­ցի մրցա­կի­ցը, շատ «կաս­կա­ծե­լի» պայ­ման­նե­րու տակ «պար­տուե­լով» իր սերպ մրցա­կի­ցէն՝ ար­ժա­նան­լով ար­ծա­թէ մե­տայ­լի:

Ա­հա թէ ինչ­պի­սի՜ ող­ջոյ­նի խօսք փո­խան­ցեց մեր մար­զա­կան հե­րոս­նե­րուն՝ կռփա­մար­տի աշ­խար­հի բազ­միցս ա­խո­յեան, մեծ հայ­րե­նա­սէր Ար­թուր Աբ­րա­հա­մեան. «Կը շնոր­հա­ւո­րեմ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ու ըմբ­շա­մար­տի ար­քայ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նը փա­ռա­հեղ յաղ­թա­նա­կի առ­թիւ: Քսան տա­րի յե­տոյ Հա­յաս­տա­նը ու­նե­ցաւ Ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան:

«Այդ մեծ պա­տիւ է ոչ միայն մար­զի­կին, այ­լեւ՝ ամ­բողջ հայ ազ­գին հա­մար:

«Կը շնոր­հա­ւո­րեմ նաեւ «Ռիօ-2016»ի մեր միւս յաղ­թա­նա­կած մար­զիկ­նե­րը՝ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նը, Սի­մոն Մար­տի­րո­սեանն ու Գոռ Մի­նա­սեա­նը:

«Յար­գանք­ներս ձեզ տղաք, կը հպար­տա­նամ ձեզ­մով, դուք ու­ժեղ էք, մենք բո­լորս միա­սին ան­պարտ ենք», նշեց Ար­թուր Աբ­րա­հա­մեան:

Մաղ­թենք, որ այս ո­ղիմ­պիա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը ի­րենց բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­նան Մայր Հայ­րե­նի­քի կա­ցու­թեան վրայ: Մա­նա­ւանդ, որ դիւ­ցազն Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան իր շա­պի­կին վրայ կը կրէր՝ Ար­ցա­խեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­րոս նա­հա­տակ պա­տա­նի Ռո­պերթ Ա­պա­ճեա­նի պատ­կե­րը եւ իր յաղ­թա­նա­կը նուի­րեց ա­նոր ու բո­լոր Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան­նե­րուն:

ՀԱ­ՄՕ ՄՈՍ­ԿՈ­ՖԵԱՆ

«Զար­թօնք», Պէյ­րութ

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016