ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

2019 թուա­կա­նին Տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ե­րէկ, հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ստո­րագ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին Տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ա­լիան­սի քար­տու­ղար Ճիմ Պոյ­զանթ եւ Հա­յաս­տա­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու միու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Կա­րէն Վար­դա­նեան։ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ստո­րագր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն, որ ստեղ­ծեց լայն ար­ձա­գանգ։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան, Փոխ-նա­խա­րար Է­միլ Տա­րա­սեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան ը­սաւ. «Այ­սօ­րուը­նէ սկսեալ պէտք է նա­խա­պատ­րաս­տուիլ հա­մա­ժո­ղո­վին եւ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րուն կող­մէ յու­շագ­րի ստո­րագ­րու­մը կ՚ազ­դա­րա­րէ այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն սկիզ­բը։ Կը յու­սամ, որ այս ի­րա­դար­ձու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մով Հա­յաս­տան քա­նի մը աս­տի­ճա­նով պի­տի բարձ­րա­նայ այս բնա­գա­ւա­ռի հա­մաշ­խար­հա­յին քար­տէ­սին վրայ կամ աշ­խար­հի վար­կան­շա­նա­ւոր­ման մէջ»։  Նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ դի­մում պի­տի ներ­կա­յաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ՝ ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ջակ­ցու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար։

2014 թուա­կա­նին Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու միու­թեան կող­մէ դի­մում ներ­կա­յա­ցուած էր՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։ «WCIT» կո­չուած այս հա­մա­ժո­ղո­վը 2019 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուած էր 2014 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին Մեք­սի­կա­յի մէջ՝ Տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ա­լիան­սի տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին։ Տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը այս բնա­գա­ւա­ռի խո­շո­րա­գոյն մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շար­քին կը դա­սուի։ Այդ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն եր­կու-ե­րեք հա­զար ա­ռաջ­նորդ­ներ, աշ­խար­հի շուրջ հա­րիւր եր­կիր­նե­րէն։ WCIT 1978 թուա­կա­նէն ի վեր կը կազ­մա­կեր­պուի եր­կու տա­րին ան­գամ մը։ 2000 թուա­կա­նէն ի վեր այս հա­մա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցած է Թա­յուա­նի, Աւստ­րա­լիոյ, Յու­նաս­տա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Մա­լե­զիոյ, Հո­լան­տա­յի, Գա­նա­տա­յի եւ Մեք­սի­կա­յի մէջ։

Ե­րէ­կուան ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Կա­րէն Վար­դա­նեանն ալ զրոյց մը ու­նե­ցաւ լրագ­րող­նե­րուն հետ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ WCIT-ի Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պու­մը պա­տուա­բեր է, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պա­տաս­խա­նա­տու։ «Մենք կը սկսինք հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը բա­ւա­կան խո­շոր մի­ջո­ցա­ռում մըն է, ո­րու ըն­թաց­քին կը քննար­կուին խնդրա­յա­րոյց նիւ­թեր։ Որ­պէս ունկն­դիր մօ­տա­ւո­րա­պէս 2500 պա­տուի­րակ­ներ կը մաս­նակ­ցին ամ­բողջ աշ­խար­հէն։ Հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս կը կազ­մա­կեր­պուի նաեւ յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր կը ներ­կա­յա­ցուին աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն լու­ծում­նե­րը։ Այս բո­լո­րի կազ­մա­կեր­պու­մը թէ՛ պա­տուա­բեր է եւ թէ պա­տաս­խա­նա­տու», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Ճիմ Պոյ­զանթն ալ ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց՝ հա­մա­ժո­ղո­վի Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կերպ­ման ո­րոշ­ման բե­րու­մով։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին նա­խընտ­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն չա­փո­րո­շի­չը ե­ղած է այն հան­գա­ման­քը, թէ եր­կի­րը շատ լուրջ տրա­մադ­րուած է այս բնա­գա­ւա­ռը զար­գաց­նե­լու եւ այն­տեղ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Դուք ներ­կա­յա­ցու­ցած էիք լաւ ա­ռա­ջարկ ու լաւ թղթած­րար, մենք տե­սանք լուրջ մօ­տե­ցում. ա­հա թէ ին­չո՛ւ ընտ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նը», ը­սաւ Պոյ­զանթ։  

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015