ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ (ՄԻՍԱՔ ԳԱՅԱՅԵԱՆԻՆ)
Ըստ երեւոյթին տակաւին որոշակի շրջան մըն ալ հայ տպագիր մամուլը պիտի պահէ իր կենսունակութիւնը շնորհիւ հայ հաւատաւոր ընթերցողներու, որոնց յամառ եւ յարատեւողի պահուածքին ի պատասխան, հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացող հովանաւոր միութիւններ եւ կուսակցութիւններ, անհատներ թէ բարերարներ պիտի շարունակեն սատար կանգնիլ անոր տարածումին:
Միւս կողմէ նաեւ, կարելի չէ մտահան ընել եզակի նուիրումն ու անգնահատելի ներդրումը հայ գիրի ու մտքի սպասարկու եւ յանձնառու մտաւորականութեան, գրողներու եւ հրապարակագիրներու, որոնց շնորհիւ մամուլի էջեր կը հարստանան եւ լոյսին կու գան առանց ընդմիջումի:
Այդուհանդերձ սա չի նշանակեր, որ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններու, բացթողումներու եւ բազում դժուարութիւններու մասին պէտք չէ հանրային քննարկումներ եւ մատնանշումներ կատարել, ի հարկին ահազանգ հնչեցնել, վերյիշեցնել, եւ առանձնապէս յստակացնել մօտիկ ապագայի մեր ընելիքներու հարթակը:
Ինչեւէ. անցնինք մեր հաւատաւոր ընթերցողներու ածուին եւ երախտագէտի մեր խօսքը արտայայտենք, որպէսզի գէթ նուազագոյն չափով մեր ճիտին պարտքը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ապրինք հաւաքաբար:
Արդ, ատենէ մը ի վեր կը մտածէի գրել վերոյիշեալ նիւթին մասին, որ վերջին տարիներուն կը չարչրկէր զիս, այն առումով, որ երբ կը խօսինք հայ տպագիր թէ ընդհանրապէս մամուլ կոչուած հասկացողութեան պարզած վիճակին մասին, մեր դիմաց ընդմիշտ կ՛ուրուագծուին երկու գործօններ՝ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումն ու ընթերցող տարրին տակաւ նօսրացումը:
Ի դէպ, առանց խորանալու ստեղծուած կացութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մէջ, ընդգծենք, որ կեանքի թաւալքին զուգընթաց անխուսափելի են տարբեր մարզերու յառաջդիմութիւնն ու բարգաւաճումը, այլապէս նորարար գաղափարներու, ստեղծագործ միտքերու եւ աշխատելաոճերու յայտնութիւնն ու մեր անմիջական կեանքին վրայ անոնց ուղղակի ազդեցութիւնը:
Այլ խօսքով, զարգացման փուլեր ապրող որեւէ միջավայր, մթնոլորտ թէ հասարակութիւն պարտաւոր է ինքնիրեն բարեկարգել՝ յառաջդիմութեան հետամուտ ծրագրային աշխատանքներ որդեգրելով:
Առանձնացնելով հայ տպագիր մամուլը, որ չի սահմանափակուիր միայն լրագրական-տեղեկատուական, ծանուցողական եւ հրապարագրական բազում աշխատանքային ուղղութիւններով, անոր գոյութիւնը խիստ հարցականի տակ է, այն առումով, որ զայն փոխարինողը՝ ելեկտրոնային տարբերակը, արդէն յաղթարշաւ կը շարունակէ իր ճանապարհը: Հոս չեն նշեր լեզուի, գեղարուեստական շունչի եւ որակի հարցերը (այլանդակութիւնները), որոնք ողողած են հայ տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլը:
Փաստօրէն, վերջին քսանամեակը կը յատկանշուի այն իրողութեամբ, որ մերթ ընդ մերթ կ՛ահազանգէ անոր՝ հայ տպագիր մամուլի մօտալուտ վերացման ու լաւագոյն պարագային՝ գոյութենական քաշքշուող շարունակութեան:
Ճիշդ է, որ ստեղծուած նման իրավիճակներ չեն վերաբերիր միայն հայ տպագիր մամուլին, այլ ունին համաշխարհային տարողութիւն, այդուամենայնիւ մեզ հետաքրքրողը հայ զանգուածային լրատուամիջոցներու տպագիր տարբերակն է, որ ունի դարաւոր պատմութիւն եւ անփոխարինելի պահուածք:
Այս մօտեցումէն մեկնած, երբ կը մատնանշուի հայ մամուլի ընթերցող տարրին կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը, ըսել կ՚ուզուի եւ միանշանակօրէն, որ եթէ երբեք գաղութներ կամայ-ակամայ կորսնցուցած են իրենց ազգային-քաղաքական կշիռը, հայեցի դիմագիծն ու հայապահպանման թափն ու կորովը, անպայման որ տուեալ կացութեան պատճառներէն մէկը եղած է տպագիր մամուլի շիջումն ու վերացումը հայ կեանքէն, այլապէս զրկելով հաւաքականութիւն մը իր հասարակական մտածողութիւնն ու սեփական կարծիքի տեսադաշտը ձեւաւորելէ:
Արդարեւ, լիբանանահայ գաղութի զաւակ, 78-ամեայ Միսաք Գայայեան կը հանդիսանայ հայ մամուլի ընթերցողներու փաղանգին այն համեստ ներկայացուցիչը, որ տակաւին մօտէն կը հետեւի եւ կ՛ապրի հայ կեանքին առնչուող իրադարձութիւններու կշռոյթը, կը փորձէ հասկնալ զանոնք եւ հիմնաւորել իր տեսակէտները:
Միսաք Գայայեան հայ գրաւոր մամուլին մէկ հարազատ զաւակին հաւատարիմ ընթերցողն ու պաշտպան է երկար տարիներէ ի վեր, ինչպէս շատեր: Մեր բարեկամը գրեթէ ամէնօրեայ հետեւողութեամբ եւ հաւատարմօրէն կը կարդայ բազում գրիչներու յօդուածներ, կը հետեւի անոնց արձանագրած մտածումներուն, եզրակացութիւններու կը յանգի եւ իր կարգին իր մտորումները կը բաժնեկցի շրջապատին հետ:
Ի դէպ, Միսաք, որ արհեստով վարպետ փականագործ է աւելի քան վաթսուն տարիէ եւ ունի իր սեփական աշխատատեղին այսպէս ըսած արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հանրածանօթ է հայ թէ օտար շրջանակներու իր արհեստին հանդէպ ցուցաբերած լրջութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:
Մեր ծանօթութիւնը անոր հետ կ՛ընդգրկէ սա հետաքրքրական դրուագը:
Երկու տարի առաջ (2014թ.), Համահայկական թելեթոնի նախաձեռնութեան օրն էր, եւ, ինչպէս միշտ, Հայկազեան համալսարանին մէջ հաստատուած էր յատուկ կեդրոն, որպէսզի այս շրջանի բնակիչներն ու ուսանողները իրենց մասնակցութիւնը բերէին նուիրահաւաքին:
Օրը իր լրումին հասած էր արդէն եւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին յանձնախումբի անդամները ամբողջ օրը իրենց պարտականութիւնը կատարելով՝ գոհունակութեամբ մեկնած էին կեդրոնէն:
Աճապարանօք մուտք կը գործէ այս մեր ալեհեր բարեկամը եւ ուշացածի հոգեվիճակի մատնուած կ՛ըսէ, որ եկած է իր լուման տալու յանձնախումբին: Արձագանգելով մեր այն նշումին, թէ անոնք արդէն մեկնած են, ան քիչ մը կ՛այլայլի եւ անմիջապէս իր լուման կու տայ ինծի՝ խնդրելով, որ յաջորդ օր զայն փոխանցեմ յանձնախումբին:
Ապա Միսաք կ՛աւելցնէ, որ ուշացած է, որովհետեւ արկած մը անցուցած է ճամբուն վրայ իր մոթորսիքլէթը վարելու ատեն: Անոր մարմնին վրայ առկայ էին արկածին պատճառած ֆիզիքական խոցերը:
Փաստօրէն այդ օրէն սկսեալ մեր բարեկամութիւնը կը զարգանայ, եւ տակաւ ի յայտ կու գան հաճելի զրուցակիցի անոր բազում արժանիքները: Իսկ երբ կ՛իմանայ համեստիս անունն ու մականունը եւ հրապարագրական աշխատանքը, աւելիով կը փարի ստեղծուած բարեկամութեան եւ յաճախակի այցելութիւններով կ՛ուզէ զրուցել հայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու եւ մտահոգութիւններու մասին:
Այո՛, Միսաք մամուլի անյագ ընթերցասէր մըն է: Անոր աչքէն չեն վրիպիր այն յօդուածները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանին, Արցախին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին: Աւելի՛ն. ան կը ճանչնայ յօդուածագիրները եւ անոնց մասին ունի իր սեփական տեսակէտն ու գնահատականը: Նոյնիսկ ուշ երեկոներու, երբ ան ընթերցած ըլլայ յօդուած մը եւ սիրած անոր բովանդակութիւնը, առանց վարանումի կը հեռաձայնէ եւ իր սրտին խօսքը կը փոխանցէ:
Ընդունինք, որ ազգային մեր կեանքին մէջ եղած են ու տակաւին կան շատ-շատեր, որոնք Միսաքի նման հանդիսացած են հայ մամուլի հաւատաւոր ընթերցող եւ ջատագով՝ անոր տարածումին, սակայն անոնցմէ քիչերն են, որ արտայայտած են իրենց հիացմունքն ու խանդաղատանքը ոեւէ գրիչի նկատմամբ, երբ ընդելուզուած են տուեալ յօդուածագիրի հոգեկան աշխարհին եւ իմացական կարողութիւններուն հետ:
Յայտնապէս, հայ մամուլի ծառայող գրիչներուն համար օդի եւ ջուրի նման էական են ընթերցող հասարակութեան քաջալերանքն ու գուրգուրանքը, երկխօսութեան ճամբով փոխադարձ միտքերու ընկալումն ու յստակացումը, եւ առհասարակ այս ժամանակներուն համահունչ վերաբերումը: Ա՛լ չենք խօսիր առկայ ահաւոր վիճակներու մասին, երբ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւններ արդէն յանձնուած են մոռացութեան գիրկ եւ անոնց փոխարէն կը շռայլուի փափկասուն բառերու տարափ մը:
Գիտենք, որ հայ մամուլը ունի իր օրը, արդեօք նպատակայարմար պիտի չըլլա՞յ Աստուծոյ օրերէն մէկն ալ նուիրել հայ մամուլի ընթերցողներուն, եւ գէթ տարին անգամ մը տուեալ օրաթերթին, ամսաթերթին կամ պարբերաթերթին յարկին տակ տօնել հայ մամուլի ընթերցողներու օրը, գոնէ այս ձեւով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք, եւ իրենք ալ պատւըուած զգալով՝ շռայլ ժպիտներու ներքոյ կը վերադառնան իրեն բնակարաններն ու գործատեղիները՝ յաջորդ օրուան թերթին լոյս ընծայման սպասելով:
Կ՚արժէ մտածել:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան