ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱԾ Է ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
«Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի դատարանը սկսած է հետաքննել բանաստեղծ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի 18 Փետրուար 1936 թուականի սպանական Կրանատա քաղաքին մէջ մահուան հանգամանքները:
Համապատասխան հայցը ներկայացուած է Պատմական յիշողութեան վերականգնման միութեան կողմէ:
«Դատական քննութիւնը պիտի կատարէ դատաւոր Մարիա Սերվինը, որ կը զբաղի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու քննութեամբ», նշած է կազմակերպութիւնը:
Միութեան ղեկավար Էմիլիօ Սիլվա կը նշէ, որ համապատասխան հայցը ուղարկուած է նաեւ Սպանիոյ իշխանութիւններուն:
Հետաքննութիւնը կը համընկնի Լորքայի անհետացման եւ մահուան 80-ամեակին հետ: Իր հանրապետական հայեացքներով ծանօթ բանաստեղծը, ըստ ընդունուած վարկածի, ձերբակալած ու գնդակահարած են զօրավար Ֆրանքոյի հետեւորդները՝ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը: