ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ՝ ՀԱՍԱՔԷ
Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ գտնուող Հասաքէ քաղաքը վերջին հինգ օրերուն պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմը եղաւ: Մինչ տարբեր վերլուծաբաններ կը գրեն այն մասին, թէ տեղի ունեցած բախումները արդիւնքն են երկար տարիներու վրայ կուտակուած քիւրտ-արաբական ատելութեան, անդին յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ զինուորական գործողութիւններուն ժամկէտը անմեղ չէ:
Գետնի վրայ քիւրտ մեծամասնութիւն ունեցող քաղաքին մէջ ծանր մարտեր եղած են, մէկ կողմէ քրդական «Ասայէշ» անունով յայտնի ջոկատներուն եւ միւս կողմէ «Տիֆահ շաապի» անունը կրող արաբական զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ: Գործողութիւնները կը թէժանային յատկապէս անցեալ Ուրբաթ առաւօտուն, երբ Սուրիոյ կառավարական օդուժը ծանր հարուածներ կը հասցնէր քրդական զինեալներու վեց կարեւոր դիրքերուն: Սուրիական բանակի այս «պատգամ»էն ետք վրայ կը հասնէր ամերիկեան կործանիչներու դէպի շրջան գործուղղման մասին լուրերը: Սպիտակ տան բանբեր Մարք Թոնըր իր կարգին լրագրողներուն հետ խօսելու պահուն կը յայտնէր, թէ ամերիկեան կործանիչները նպատակ ունին պահպանել ոչ միայն քրդական ուժերու դիրքերը, այլ նաեւ շրջանին մերձ գտնուող ամերիկեան ուժերու խարիսխ հանդիսացող երկու օդակայաններ. Ռըմէյլանի եւ Այն Արապ՝ Քոպանիի օդակայանները:
Մինչ քրդական մէկէ աւելի ջոկատներ մասնաւորապէս Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի կողքին հանդէս գալով թէժ մարտեր կը մղեն մահմետական արմատական խմբաւորումներուն դէմ, անդին Հասաքէի մէջ քիւրտ-արաբական բախումները կը վերածուին Սուրիոյ կառավարական բանակին դէմ համընդհանուր «ապըս-տամբութեան» գործողութիւններու:
Իրօք, ի՞նչ կը կատարուի Հասաքէի մէջ: Եւ ո՞վ է օգտուողը այս բոլորէն:
Եթէ փորձենք արագ դիտարկում մը կատարել, ի յայտ կու գայ, որ Ուաշինկթընի համար «դուրեկան»՝ հաճելի չէր Անգարա-Մոսկուա, բայց մանաւանդ Անգարա-Թեհրան նոր շփումները: Ու հեռատես ըլլալու կարիք չկայ, հասկնալու համար, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմի այս փուլին Սպիտակ տան համար խնդրի լուծման որեւէ բեմագրութիւն անընդունելի է: Ալ ուր մնաց, երբ ինքը՝ Սուրիոյ պատերազմը «օրհնող» հիմնական կողմը (Միացեալ Նահանգներ) բացակայ է այս լուծումներուն ընդհանուր «առեւտուր»էն:
Ուրեմն Հասաքէի մէջ եղած մարտերը, ու տակաւին տարածուելու հաւանականութիւն ունեցող ռազմական գործողութիւնները թիրախ ունին ամէն գնով խանգարել՝ Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան նոր ձեւաչափերով ընթացող յարաբերութիւնները:
Սուրիոյ քիւրտերը, եթէ տարբեր առիթներով ստացած են Մոսկուայի անմիջական նեցուկը, այսօր յստակօրէն դարձած են Միացեալ Նահանգներու հիմնական խաղաքարտ:
Հասաքէի մարտերուն երկրորդ թիրախը բնականաբար Անգարան է: Թուրքիոյ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի վերջին օրերուն ըրած ուշագրաւ յայտարարութիւնները բացայայտօրէն անհանգիստ կ՚ընեն Ուաշինկթընը: Ի՞նչ կ՚ըսէ Թուրքիոյ վարչապետը։ Ան կը խօսի յստակ լեզուով եւ կը շեշտէ. «Մեզի համար անընդունելի է Սուրիոյ մասնատումը» յիշեցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ էթնիք ու ցեղային հիմունքներով որեւէ բաժանման փորձ անընդունելի է»:
Զինուորական գետնի վրայ մինչ սուրիական բանակը կը հարուածէր Հասաքէի Տուար Սապպըհ, Մարշօ եւ «Հայ Ալ Նաշուա» շրջանները, անդին դէպքերու նոյն գիշերը (Ուրբաթ) բանակը կը հրապարակէր խիստ ոճով խմբագրուած հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ՝ «Սուրիոյ բանակը պատրաստ է ճնշել՝ ինքնիշխանութիւն հաստատելու քրդական որեւէ փորձ»:
Եղած ընդհանուր խաղին մէջ կարեւոր է նկատել Դամասկոսի կողմէ Անգարային ուղղուած «պատգամ»ը, ըստ որու Սուրիոյ մէջ քրդական գործօնի «զսպում»ին, ապա նաեւ «կառավարում»ին հիմնական բանալին կը գտնուի նոյն Դամասկոսի կեդրոնական դրութեամբ գործող իշխանութեան մօտ: Այստեղ կը շեշտադրուի նաեւ, որ Դամասկոս-Անգարա առկայ տարակար ծութեան շիջման հիմնական տուեալը դարձեալ Սուրիոյ քիւրտերու հարցն է: Քիւրտերն են միայն, որ կարող են մեղմել այդ տարակարծութիւնը, վերածուելով երկու հակադրութեան մէջ յայտնուած երկու ուժերուն համար հանդիպման կէտ մը ստեղծող «հասարակ յայտարար»ի: Այսինքն զարմանալի թող չթուի, եթէ վաղը Անգարա որոշէ որոշ համագործակցութեան մը սկսիլ Դամասկոսի հետ: Ու այստեղ կապ չունի, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Դամասկոսի «իրաւական տէր»ը, այլ կարեւորը «քրդական գործօն»ին մեղմ ըսած ՝ չէզոքացումն ու թուլացումն է:
Վերադառնալով զինուորական գործողութիւններուն՝ հարկ է նշել, որ անցնող օրերուն ընթացքին հակամարտող կողմերը տուած են քսան զոհ, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը անչափահաս երախաներու: Ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթին, քրդական ջոկատները շրջանին մէջ իրենց ունեցած ինքնավարութիւնը պահպանելու համար՝ հրոյ ճարակ դարձուցած են 1650 թոն բամպակի պաշար, ինչ որ բողոքի մեծ ալիք յառաջացուցած է շրջանի անզէն բնակչութեան մօտ:
Այս բոլորէն անդին կան կարեւոր տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, որ Հասաքէի տագնապը միայն տեղական նեղ բնոյթ չի կրեր: Այս խօսքին մեծագոյն ապացոյցը քրդական Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Սալէհ Մուսլէմի օրեր առաջ տուած այցելութիւնն է Էրպիլ, ուր վերջինս շրջանի տուեալ զարգացումները քննարկած է իրաքեան քիւրտիստանի ղեկավար Մեսուտ Պարզանիին հետ: Թէ ի՛նչ հետեւանքներ կրնան ունենալ այդ շփումները յստակ չէ, բայց երեւելի է, որ շրջանի քիւրտերուն մեծամասնութիւնը միտում ունի խաղին մէջ մտնելու «ամերիկեան զգեստներով»: Պարզ ալ չէ, թէ այս մօտեցումը որքանով կը բխի քիւրտերուն շահերէն, սակայն յստակ է, որ քրդական միասնութեան որեւէ փորձ կտրականապէս պիտի մերժուի մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ: Այդ մօտեցման դէմ հանդէս պիտի գան Անգարան, Դամասկոսը ու նաեւ անոնց սերտ գործակիցները՝ Մոսկուան ու Թեհրանը:
Կարեւոր է կարդալ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի Հասաքէի մէջ կռուող «Ասայէշ» անունով յայտնի ջոկատներուն մասին ըրած յայտարարութիւնը, որ կը կազմէ այս թեւին հիմնական գաղտնաբառը: Չավուշօղլու առանց վարանելու «Ասայէշ»ը կը համարէր Անգարայի կողմէ որպէս ահաբեկչական տարր համարուող ՓՔՔ-ի մէկ թեւը: Ու այս գաղտնաբառը, բնականաբար կրնայ որդեգրուիլ Թեհրանի մէջ կայանալիք Էրտողան-Ռուհանի հանդիպման շրջանակներուն մէջ:
Քրդական գործօնին կամ արմատական իսլամիստներու (Տահէշ, Ալ Նուսրա, Ճայշ Ֆաթհ եւ այլն) «հարցերը լուծելու» համար հետզհետէ հասունացող նոր համագործակցութեան ձեւաչափը անխափան կերպով կրնայ Սուրիոյ արիւնալի տագնապը տեղափոխել քաղաքական դաշտ: Պայմանաւ, որ ստեղծուած նոր համագործակցութիւնը բխի անկեղծ մօտեցումներէ: Ի վերջոյ շրջանի երկիրներուն եւ կարեւոր դերակատարներուն համար Սուրիոյ մասնատումը վնասակար է ոչ միայն Դամասկոսի, այլ նաեւ՝ Անգարայի ու Թեհրանի համար:
Այս փրակմաթիք մօտեցումները եւ շահերու հանդիպման վայրը ուրեմն սկիզբ կրնան դառնալ նոր փուլի մը, որուն հիմնական խորագիրը Սուրիոյ միասնութեան պահպանումն է:
Այս խորագիրը անշուշտ կրնայ մերժելի ըլլալ Ուաշինկթընի կողմէ ու ահա այդ մերժումի առաջին նախանշանները ջուրի երես կ՚ելլեն Հասաքէի մէջ:
Մտահոգիչը Հասաքէի մարտերը չեն միայն, այլ այդ շրջաններուն մէջ աճող քիւրտ-արաբ ատելութիւնը, որ կրնայ մեծնալ դառնալով իրական պատուհաս մը ամբողջ շրջանին համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան