ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ
Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր: Միջոցառումներ կ՚իրականացուին Օգոստոս 19-Նոյեմբերի 6 թուականներուն միջեւ: Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերուն շուրջ «Արմէնփրէս» գործակալութենէն Անժելա Համբարձումեան զրուցեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Սվետլանա Սահակեանի հետ։
-Օգոստոս 19-Նոյեմբերի 6 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մշակոյթի օրեր տեղի կ՚ունենան Գերմանիոյ մէջ: Կը բացատրէ՞ք նախատեսուած միջցառումներու մասին:
-Փոխադարձ մշակոյթի օրերու ձեւաչափով վաղուց կը համագործակցինք Գերմանիոյ հետ: Առաջին երկրամասը Սաքսոնիա-Անհալթն էր: Վերջին տարիներուն ընդլայնած ենք սահմանները՝ ընդգրկելով Պրանտենպուրկը, Պատեն-Վիւրտեմպերկը եւ այլ երկրամասեր: 2016 թուականի ծրագիրը քննարկուած է Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի մշակոյթի նախարարութեան հետ: Բովանդակային առումով բազմազան է ծրագիրը եւ բազմաթիւ ոլորտներ կ՚ընդգրկէ՝ ցուցահանդէսներ, երաժշտութիւն, քննարկումներ եւ այլն: Միջոցառումներուն յատուկ շունչ կը հաղորդեն Հայաստանի փոքրիկ երգիչներու խումբը: Բացման տեղի ունեցաւ հայկական էթնօ-ճազ երաժշտութիւն: Ամէն շաբաթ կը ներկայացնենք ամբողջ հայ մշակոյթը իր հին եւ նոր դրսեւորումներով, ներկայ զարգացումներով:
-Մեր մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մե՞ծ է:
-Միանշանակ մեծ է: Մեր խումբերը տարբեր քաղաքներու համերգասրահներու մէջ ելոյթ ունենալու հրաւէրներ ստացած են: Կը համագործակցինք նաեւ Վիեննայի քաղաքապետարանին հետ: Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու աւարտին զուգընթաց Հայասատանի մէջ հանդէս կու գան երկու մեծ նուագախումբեր՝ Տրեզտենի ֆիլհարմոնիկ եւ Վիեննայի նուագախումբերը: Այս փաստը կը վկայէ այն մասին, որ Հայաստանի մէջ ալ գերմանական մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: Այդ համերգները կը հարստացնեն մեր մշակութային գունապնակը:
-Հայաստանի մէջ համերգներով հանդէս գալու առաջարկը մեր երկրի՞ կողմէ եղած է։
-Առաջարկը քննարկուած է նախորդ տարիներու ընթացքին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Գերմանիոյ պաշտօնատարներու կողմէ: Մենք կը փորձենք խրախուսել հեղինակաւոր, միջազգային ճանաչում ունեցող նուագախումբերու հայաստանեան հիւրախաղերը: Տրեզտենի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը «Աղէտ» կոչուող ծրագրով հանդէս եկած է ամբողջ Եվրոպայի տարածքին: «Աղէտ»ը եղեռնի մասին է: Մեր երկրին մէջ այդ ծրագրով հանդէս պիտի գան:
-Գերմանիոյ մէջ 2004 եւ 2014 թուականներուն տեղի ունեցած են Հայաստանի մշակոյթի օրեր: Ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցած ենք:
-Մեր երաժշտական խումբերը աշխոյժ ու գործօն գործունէութիւն սկսան ծաւալել Գերմանիոյ մէջ, ճանաչում ունեցան լայն հատուածներու կողմէ: Ճանաչելի դարձաւ նաեւ հայ գրականութիւնը, շօշափելի դարձան գրողներու միութիւններու միջեւ համագործակցութիւնները, իրականացուեցան գրական թարգմանութիւններ: Գերմանացի մշակութասէր հասարակութիւնը ուշադրութիւն սկսաւ դարձնել մեր թանգարանային ժառանգութեան: Գերմանիան սիրով կը ներկայացնէ մեր թանգարանային նմոյշները իրենց հեղինակաւոր ցուցասրահներուն մէջ:
-Կը նախատեսէ՞ք այլ երկիրներու հետ մշակութային համագործակցութիւն իրականացնել:
-Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը կը համագործակցի գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրներու հետ: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած ենք Իտալիոյ մէջ: Կը նախատեսենք տարբեր նախագծեր իրականացնել նաեւ Պուլկարիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Չեխիոյ մէջ: Չենք մոռանար նաեւ Արեւելքը: Հիմնականօրէն կը համագործակինք այն երկիրներու հետ, որոնց հետ ընդհանուր մշակութային խաչմերուկ ունինք: Կը փափաքիմ, որ հայ մշակութասէր հասարակութիւնը հետեւի մշակութային կեանքին, հպարտանայ մեր հարուստ մշակոյթով եւ փորձէ պահպանել զայն: