ՏԻՐԱՄՕՐ ՊԱՏԿԵՐԱՔԱՆԴԱԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՂԱՐԾԻՆ
Դէպի Հաղարծին տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու այս շաբթուան այցելութիւնը զուգորդուած է «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» եռուզեռով:
Շուրջ հարիւր կամաւորներ՝ կանաչ վերնաշապիկներով, այցելուներուն կը ներկայացնեն Հաղարծինի պատմութիւնը, կ՚ուղղորդէ վանքի շրջակայքը տեղակայուած հայկական օճառներու տաղաւար, Տաւուշի «Վանքի անուշ»ի փոքրիկ արտադրամաս ու վարպետութեան դասերու հաւաքատեղիներ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, մէկ շաբաթ շարունակ Հաղարծին պիտի ապրի արտակարգ դրութեամբ:
Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստեանի համաձայն, «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» նախաձեռնութիւնը տարածքաշրջանի երիտասարդութեանն կը պատկանի, անոնց քրտնաջան աշխատանքին եւ աջակիցներուն շնորհիւ յղացան այս գաղափարը իրականութիւն դարձնելու նախաձեռնութիւնը: «Թեմի երիտասարդներուն մօտ այս մէկ տարուան ընթացքին անընդհատ նման ծրագիր մը կը խմորուի ու ասիկա կարծես իրենց անդրանիկ պտուղը ըլլայ: Ուզեցինք Հաղարծինի վանքին մէջ ըլլալ, որովհետեւ անիկա մեր միջնադարեան նշանաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն է, նաեւ երաժշտական կեդրոն, որ այսօր ալ կրնայ այդ փառքը վերադարձնել: Ամենէն նշանաւոր վարդապետներէն մէկը՝ Խաչատուր Տարօնցին այստեղ թաղուած է: Այստեղ գրուած է «Խորհուրդ խորին» շարականը, զոր մենք կ՚երգենք Սուրբ Պատարագի ընթացքին: Այս բոլոր արժէքները թէ՛ հայերուն, թէ՛ արտասահմանցիներուն փոխանցելու համար շուրջ 100 կամաւոր իրականացուցին այս նախաձեռնութիւնը», ըսաւ Բագրատ Սրբազան:
15 Օգոստոսին «Հաղարծինի մշակութային շաբ-թըւան» բացման պաշտօնական արարողութիւնը ազդարարուեցաւ նաեւ վանքի մասունքներէն մէկուն՝ Սուրբ Աստուածածինի պատկերաքանդակը Երեւանի Պատմութեան թանգարանէն բերելու եւ եկեղեցւոյ խորանին վրայ զետեղելու միջոցով: «Երբ Հաղարծինի վանքը անմխիթար վիճակի մէջ էր, այստեղէն տար-ւած է Սուրբ Աստուածածինի նշանաւոր եւ դարաւոր պատկերաքանդակը, ինչպէս նաեւ մեծ աւազան մը, զոր մենք կը կարծենք Մկրտութեան աւազան եղած է՝ 450 քիլօկրամ կշիռ ունեցող, եւ այլ փոքր մասունքներ: Փորձեցինք այդ յիշողութիւնը վերականգնել՝ Սուրբ Աստուածածինի պատկերաքանդակը վերադարձնելով Հաղարծինի վանք, գոնէ այս ժամանակաշրջանին համար, որ մարդիկ ծանօթանան, թէ ի՛նչ սրբութիւններ պահուած են այստեղ: Մենք կ՚ուզենք մարդոց մօտ հաւատքը ամրապնդել, ասոնք միջոցներ են, որ իւրաքանչիւր անձ իր ձեւով կարենայ ինքնագնահատական տալ, ինքնաճանաչում կատարել եւ իր անձին վերադառնալ», նկատել տուաւ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստեան:
Ընտրուած է այս ժամանակաշրջանը, որովհետեւ Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին յաջորդող ինն օրերը Աստուածամօր նուիրուած են, եւ հաւատացեալներ կ՚ուզեն այդ շաբթուան բոլոր օրերը գոհութեան օր դարձնել:
Ըստ ԲագրատՍրբազանի, պատկերաքանդակը եօթ օր պիտի մնայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ դառնալով բոլորին յարգանքի առարկան: «Կը խնդրենք, որ Աստուածամայրը իր գորովանքով մեր կեանքը առաջնորդէ», աւելցուց Սրբազան Հայրը:
Բագրատ Սրբազան յայտնեց նաեւ, որ փառատօնը հաւանաբար աւանդական դառնայ՝ ներառելով այլ աշխարհագրութիւն եւս՝ Գոշավանք, Մակարավանք եւ Վարագավանք:
«Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» բացման արարողութեան ներկայ էին հիւրեր Երեւանէն, Էջմիածինէն եւ Տաւուշի տարբեր կողմերէն: Անոնց շարքին էին հոգեւորականներ, զինուորականներ, պաշտօնեաներ ու պարզ քաղաքացիներ: Ներկայ էին նաեւ Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան, Տաւուշի փոխ-մարզպետ Լեւոն Սարգսեան եւ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան:
Հաղարծինի մէջ երեկոն հոգեւոր երգերով լեցուցին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները», որոնց միացան նաեւ Տաւուշի մանկապատանեկան երգչախումբը:
ՎԱՆՔԻ ԱՆՈՒՇ
Տաւուշի թեմին մէջ կայ «Վանքի անուշ» անունով փոքրիկ արտադրամաս, ուր տեղացիները անուշ կը պատրաստեն Տաւուշի անարատ մթերքներէն: Մուրաբաները կը վաճառուին Հաղարծինի եւ Գոշավանքի մէջ: Այստեղ առաջին անգամ պատրաստուած է նուռի անուշ, որ մեծ տարածում գտած է, պատմեց կամաւոր Մարիեթա Մանուչարեան:
ԶՈՎԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Նախաձեռնութեան մասնակիցները առիթ կ՚ունենան համտեսելու Տաւուշի երիտասարդներուն կողմէ պատրաստուած կիտրոնի զովացուցիչ ըմպելի: Անի Բրուտեանի համաձայն, բոլորը սիրով լծուած են գործի, մինչեւ անգամ երեւանաբնակները դարձած են ժամանակաւոր տաւուշցիներ: «Մենք կիտրոնի հիւթ կը պատրաստենք տնային եղանակով: Հիւթը կը ներառէ կիտրոն, անանուխ, շաքար եւ ջուր», ըսաւ Անին՝ արհեստավարժ կերպով հիւթը քամելով գաւաթի մէջ ու ներկաներուն հիւրասիրելով:
«ԾԻՐԱՆԷ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՃԱՌՆԵՐ
«Ծիրանէ» վաճառանիշի հիմնադիր Անահիտ Ստեփանեանի համաձայն, վաճառանիշին անունը ի պատիւ հայոց թագուհիներէն Ծիրանէի է: «Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին մէկ տեսականիով, որ նուիրուած է կիներու: Ներկայացուած են օճառներ մեխակի իւղով, սուրճի, քաքաոյի, կոճապղպեղի, կասիայի, կիտրոնի բոյրով, շուշմայի եւ քթանի կաւեր, եւ նարինջի իւղով օճառներ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ հումքը ամբողջովին բնական է: Նարինջի ու կիտրոնի իւղերն անգամ ինք կը ստանայ:
Անահիտ Ստեփանեանի համաձայն, իրենք հետամուտ են օգտուիլ բնութեան բարիքներէն, իսկ Տաւուշի անտառներու բոյսերէն կը հաւնին լորենին, կ՚օգտուին խնկածաղիկէն, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի փորձեն ուսումնասիրել այլ բոյսեր եւս:
«Հաղարծինի մշակութային շաբաթ»ը տեղի ունեցաւ 15-21 Օգոստոս թուականներուն միջեւ, Հաղարծինի վանական համալիրի տարածքին մէջ: Տեղի ունեցան նաեւ տարբեր նիւթերով նախաձեռնութիւններ, ժապաւէնի բացօթեայ ցուցադրութիւն եւ վարպետաց դասեր:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024