ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թըն յայ­տա­րա­րած է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­ջորդ նա­խա­գա­հին գլխա­ւոր խնդիր­նե­րը պի­տի դառ­նան ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան բա­րե­լա­ւու­մը, անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը եւ երկ­րին միա­ւո­րու­մը:

Քլին­թըն Օ­հա­յօ նա­հան­գին մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով հար­կա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան իր ծրա­գի­րը՝ ը­սած է. «Յա­ջորդ նա­խա­գա­հը պի­տի ու­նե­նայ ե­րեք գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր: Ա­նոր անհ­րա­ժեշտ պի­տի ըլ­լայ այն­պէս ը­նել, որ տնտե­սու­թիւ­նը աշ­խա­տի բո­լո­րին, այլ ոչ միայն հա­րուստ վեր­նա­խա­ւին հա­մար: Ան պէտք է ա­պա­հո­վէ մեր անվ­տան­գու­թիւնն ու աշ­խար­հի վրայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­յուն յա­ռա­ջա­տար դե­րը: Եւ ան պէտք է միա­ւո­րէ Ա­մե­րի­կան»:

«Սի.Էն.Էն.»էն պատ­կե­րասփ­ռուած իր ար­տա­սա­նած խօս­քին ըն­թաց­քին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րա­րը լսա­րա­նին վստա­հե­ցու­ցած է, թէ պի­տի ձգտի «ե­րաշ­խա­ւո­րել, որ մեր դաշ­նա­կից­նե­րը ու­ժեղ են, եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կրնան ա­պա­հո­վել ա­հա­բե­կիչ­նե­րու վտան­գէն, ուր­կէ ալ որ ա­նոնք ըլ­լան»:

Միւս կող­մէ, ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ա­մե­րի­կեան «Սի.Պի.Էս.» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հրա­պա­րա­կած տուեալ­նե­րը կը վկա­յեն, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հու­թեան Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թըն շարք մը բա­նա­լի նա­հանգ­նե­րու մէջ, նե­րա­ռեալ Նե­ւա­տան, կը գե­րա­զան­ցէ իր հան­րա­պե­տա­կան մրցա­կից Տա­նըլտ Թրամ­փը: Վեր­ջի­նիս դիր­քե­րը նաեւ այն­քան ալ ա­մուր չեն ա­ւան­դա­բար հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն ա­ջակ­ցող Ա­րի­զո­նա­յի մէջ:

Վըր­ճի­նիան կը նկա­տուի այն նա­հանգ­նե­րէն, ո­րոնց հա­մար կը ծա­ւա­լուի հիմ­նա­կան դի­մա­կա­յու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ թեկ­նա­ծու­նե­րէն մէ­կուն յաղ­թա­նա­կը դժուար է նա­խա­տե­սել: Իսկ ա­ռայժմ Քլին­թըն այն­տեղ ա­պա­հո­ված է քուէ­նե­րուն 49 առ հա­րիւ­րը, իսկ Թրամփ՝ 37 առ հա­րիւ­րը:

Նե­ւա­տա­յի մէջ այդ տար­բե­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի փոքր է, թէեւ Քլին­թըն, բայց եւ այն­պէս, կը գտնուի ա­ռա­ջին դիր­քի վրայ քուէ­նե­րուն 43 առ հա­րիւ­րով, իսկ Թրամփ ա­պա­հո­ված է քուէ­նե­րուն 41 առ հա­րիւ­րը: «Սի.Պի.Էս.» կը նշէ, որ Քլին­թըն այն­տեղ կը վա­յե­լէ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը լա­տին-ա­մե­րի­կեան բնակ­չու­թեան, որ խիստ բա­ցա­սա­բար տրա­մադ­րուած է Թրամ­փի նկատ­մամբ՝ գաղ­թա­կան­նե­րը ար­տաք­սե­լու ա­նոր դիր­քո­րոշ­ման, ինչ­պէս նաեւ Մեք­սի­կա­յի հետ սահ­մա­նին վրայ պատ­նէշ կա­ռու­ցե­լու ա­նոր ծրա­գի­րին պատ­ճա­ռով:

Ա­նակն­կալ ե­ղած են Ա­րի­զո­նա­յէն ստա­ցուած տուեալ­նե­րը. նա­հան­գը, որ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րը միշտ ալ նուա­ճած են ա­ռանց դժուա­րու­թեան: Այժմ այն­տեղ Թրամ­փի կ՚ա­ջակ­ցի քուէար­կող­նե­րուն 44 առ հա­րիւ­րը, իսկ Քլին­թը­նին՝ 42 առ հա­րիւ­րը, այ­սինքն՝ ա­նոնց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւ­նը վի­ճա­կագ­րա­կան անճշ­դու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ է:

«Ո­ւա­շինկ­թըն Փոսթ» օ­րա­թեր­թի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին կող­մէ 7 Օ­գոս­տո­սին ներ­կա­յա­ցուած հա­մազ­գա­յին հար­ցա­խոյ­զի տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ե­թէ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­նան այ­սօր, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն 50 առ հա­րիւ­րը պի­տի քուէար­կէր Քլին­թը­նի, իսկ 42 առ հա­րիւ­րը՝ Թրամ­փի օգ­տին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016