ԽՐՈՒԱԹԻԱՆ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ ԻՐ ԿՂԶԻՆԵՐԸ

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը՝ յղում կա­տա­րե­լով սեր­պա­կան «Թան­ժուկ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան, կը հա­ղոր­դէ, որ Խրուա­թիան վեր­ջին տասն­չորս տա­րուան ըն­թաց­քին վա­ճա­ռած է Ադ­րիա­կան ծո­վուն մէջ գտնուող իր կղզի­նե­րէն հին­գը:

«Տա­կա­ւին մէկ տաս­նա­մեակ ա­ռաջ խրուա­թա­կան կղզի­նե­րու եւ կղզեակ­նե­րու վա­ճառ­քի կա­րե­լիու­թիւ­նը կ՚ըն­կա­լուէր իբ­րեւ ա­ղէ­տա­լի եւ խայ­տա­ռակ վա­ճառք», կը նշէ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

Հա­կա­ռակ այն վա­խին, թէ այս ամ­բողջ բնա­կան հարս­տու­թիւ­նը պի­տի գնեն օ­տա­րերկ­րա­ցի մի­լիա­ռա­տէր­նե­րը, «ար­դիւնք­նե­րը ա­ռանձ­նա­պէս չեն տպա­ւո­րեր: Տասն­չորս տա­րուան մէջ ըն­դա­մէ­նը հինգ կղզի», ա­ւել­ցու­ցած է «Թան­ժուկ»:

Ա­ռա­ջին­նե­րու շար­քին 2002 թուա­կա­նին վա­ճա­ռուած է Սմոք­վի­ցա կղզին՝ 1.1 մի­լիոն եւ­րո­յով: «2000 թուա­կա­նին Ֆրաշքէր եւ Ֆրաշ­քե­րիչ կղզի­նե­րը վա­ճա­ռուած են ռուս մե­ծա­հա­րուստ Վլա­տի­միր Եւ­թու­շեն­քո­յի ըն­կե­րու­թեան, իսկ 2005 թուա­կա­նին Եաք­լիան կղզեա­կը 6 մի­լիոն եւ­րո­յով վա­ճա­ռուած է Կո­րան Շթրո­քին: Իսկ պան­դո­կի մը սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ գնոր­դը թղթած­րա­րին մէջ ա­տոր հետ ստա­ցած է Մա­լոս­թո­նի ծո­ցին մէջ գտնուող Կիան­քի կղզին», կը յի­շեց­նէ «Թան­ժուկ» գործակալութիւնը:

Սեր­պա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը նշէ, որ Ադ­րիա­կան ծո­վու խրուա­թա­կան կող­մին վրայ 1244 կղզի եւ կղզեակ կայ, ո­րոնց­մէ միայն 65-ը բնա­կե­ցուած է: Պե­տու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւն են խրուա­թա­կան կղզի­նե­րուն 85 առ հա­րիւ­րը, եւ ա­նոնք նա­խա­տե­սուած չեն վա­ճառ­քի հա­մար:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016