ԱՄՆ-ԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ կը բաղ­կա­նայ չորս բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­նե­րէ, շփում­նե­րու ձեռ­նար­կած է Թուր­քիոյ մէջ։ Պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն ե­րե­քը ԱՄՆ-ի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են, իսկ մին՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է։

Ծա­նօթ է, որ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն ի վեր Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գի թիւ մէկ հար­ցը դար­ձած է՝ ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը։ Թրքա­կան կող­մը յա­մառ պա­հանջ­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Պե­տու­թեան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շա­րու­նակ կը բարձ­րա­ձայ­նեն այս խնդի­րը եւ թրքա­կան կող­մը ան­զի­ջում ըն­թացք մը որ­դեգ­րած է այս ճա­նա­պար­հին։

Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման խնդրին շուրջ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ա­նընդ­հատ շփում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թեան ներ­կայ այ­ցե­լու­թիւնն ալ մաս կը կազ­մէ նոյն ծի­րին։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ան­գա­րա հա­սաւ ԱՄՆ-ի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րու ան­դամ­նե­րը կը մէկ­տե­ղուին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ի­րա­ւա­սու­նե­րուն հետ՝ միաս­նա­բար ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար առ­կայ ա­պա­ցոյց­նե­րը։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան եւ այլ բա­ժան­մունք­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը կը հիւ­րըն­կա­լեն ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­կալ­նե­րը։ Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թեան մաս­նա­կից թեք­նիկ մաս­նա­գէտ­նե­րը Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման պա­հան­ջին վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուե­լիք տե­ղե­կա­գի­րը պի­տի խմբագ­րեն ան­ձամբ։ Այս հան­գա­ման­քը կը ներ­կա­յաց­նէ մաս­նա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Եր­կօ­րեայ շփում­նե­րէ վերջ ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը հրա­ժեշտ պի­տի առ­նէ Թուր­քիա­յէն։ Պա­տուի­րա­կու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուե­լիք տե­ղե­կա­գի­րը պի­տի բնո­րո­շէ՝ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման պա­հան­ջին ի­րա­ւա­կան շրջա­գի­ծը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու օ­րէնսդ­րու­թեան հի­ման վրայ։

Այս պա­տուի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ նա­խա­տե­սուած է նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի եւ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տա­ղի հա­մա­տեղ այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ո­ւա­շինկ­թըն։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016